Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Թադէոս Եսայեանի Սրտի Խօսքը Ռուբէն Յովակիմեանի Հրատարակած «Մեր Օրերի Կանչը» Գիրքին Առթիւ

October 21, 2025
in Մշակութային
0
Թադէոս Եսայեանի Սրտի Խօսքը Ռուբէն Յովակիմեանի Հրատարակած «Մեր Օրերի Կանչը» Գիրքին Առթիւ

Սիրելի ընթերցողներ, ստորեւ կը ներկայացնեմ ճարտարագէտ, բանաստեղծ Թադէոս Եսայեանի խօսքը, որ ընթերցեց Ռուբէն Յովակիմեանի գիրքի շնորհահանդէսին, որ կայացաւ «Լուսինէ Զաքարեան տուն-թանգարան»ին մէջ, Երեւան, 22 Սեպտեմբեր 2025թ.:

Շաքէ Մանկասարեան

 

Կը շնորհաւորեմ հեղինակին այս նոր գիրքը՝ «Մեր օրերի կանչը»: Այս գիրքը հեղինակին 11-րդ գիրքն է: Անշուշտ, իւրաքանչիւր հրատարակուած գիրք ունէր իր խորագիրը, բայց իրականութեան մէջ բոլոր 11 գիրքերը բացայայտօրէն մէկ խորագիր ունէին, եւ այդ խորագիրը «հայրենասիրութիւն» բառն էր, գլխատառ:

Հեղինակ Ռուբէն Յովակիմեան հայրենասէր է, սուրբ է իրեն համար հայրենի հողը, եւ այդքա՜ն հայրենասէր է, որ իր հայեացքը կը սաւառնի դէպի անցեալի ամբողջական Հայաստանի հողերուն, որոնց մեծ մասը կորսնցուցած ենք ու հիմա ան կը ցանկայ միայն ու միմիայն մէկ բան՝ չկորսնցնել մեր այս փոքր Հայաստանն ալ:

Հեղինակ Ռուբէն Յովակիմեան կը հաւատայ, որ այնքան ատեն որ մենք հայերս իրար սիրենք ու եղբայր ըլլանք իրարու՝ այն ատեն անկարելի պիտի ըլլայ թշնամիին մեր երկիրը իւրացնել: Եւ այս առումով կը մէջբերէ վրացի մեծ բանաստեղծի մը այս խօսքը. – «պէտք է եղբայր եղբօր համար չխնայէ ո՛չ կեանքը, ո՛չ շունչ…սիրտը սիրտին ընծայելով՝ սէրը ընէ որպէս կամուրջ»:

Այստեղ յիշեցնեմ որ հեղինակ Ռուբէն Յովակիմեանը վերջին 54 տարիները Եւրոպա ապրած մարդ է, եւ եւրոպական երկիրներու յառաջդիմութիւնը տեսնելով՝ կը հաւատայ որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները խթան են երկիրի մը յառաջդիմութեան: Դժբախտաբար, հեղինակը Հայաստան այցելելով կը զարմանայ որ պարագան նոյնը չէ Հայաստանի մէջ: Այստեղ ընդդիմադիրները փրկարարի անուան տակ մի՛այն մէկ բան կը հետապնդեն՝ աթոռ, մի՛այն աթոռ: Ի տես անոնց անփառունակ առաքելութեան, հեղինակը կը փորձէ ի՛նք ըլլայ փրկարար՝ միշտ բարին յորդորելով ու զգաստութեան հրաւիրելով այդ փրկարար կոչուածները: Հեղինակը զանոնք ալ կը սիրէ որպէս հայեր ու չ’ուզեր անոնք վիրաւորուին՝ կայարան սպասող անհամբեր ճամբորդի պէս, որուն ոտքը կը կոտրի, երբ կը փորձէ վազող գնացքի-շոգեկառքի մը դռնէն ներս մտնել:

Սիրելի ընթերցողներ, ես կ’ուզեմ որ բոլորդ կարդաք այս գիրքին 41 յօդուածները եւ ըստայնմ ձեր անձնական կարծիքը կազմէք, ի մտի ունենալով որ հայրենիքին աղն ու հացը ուտողը պէտք չէ նոյն հացին թոյն խառնելով՝ իր եղբօր հայուն հրամցնէ:

Կը մնայ հիմա ինծի կրկին շնորհակալութիւն յայտնել մեր հայրենասէր հեղինակ գրչեղբայր Ռուբէնին ու միաժամանակ բարի երթ մաղթել ձեզի դէպի մեր ապագայի աւելի փայլուն օրերուն»:

Share69Tweet43
Previous Post

Գրախօսական. Ռուբէն Յովակիմեանի «Մեր Օրերի Կանչը» Գիրքը

Next Post

Ծանօթացման Հանդիպում Սին Էլ Ֆիլի Քաղաքապետարանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Ներկայացուցիչ Գարօլին Խաչիկեանի Հետ

Next Post
Ծանօթացման Հանդիպում Սին Էլ Ֆիլի Քաղաքապետարանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Ներկայացուցիչ Գարօլին Խաչիկեանի Հետ

Ծանօթացման Հանդիպում Սին Էլ Ֆիլի Քաղաքապետարանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Ներկայացուցիչ Գարօլին Խաչիկեանի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.