Գրախօսականէն առաջ, հոս կը ներառեմ գրող Ռուբէն Յովակիմեանի շնորհակալական նամակը՝ իր նոր գիրքի շնորհահանդէսին առիթով։
22 Սեպտեմբեր 2025-ին, ժամը 6-ին, Լուսինէ Զաքարեան թանգարանի սրահում տեղի ունեցաւ ճարտարագէտ–գրող Ռուբէն Յովակիմեանի «Մեր օրերի կանչը» նոր գրքի շնորհահանդէսը: Թանգարանի տնօրինուհի Սուսաննա Դաւթեանի բարեհամբոյր բացման խօսքով՝ պարուրուած Նարեկացու աղօթքով եւ Շաքէ Մանկասարեանի վերլուծութեամբ-մեկնաբանութեամբ:
Տեղին է նշել, որ սրահը լեցուն էր հայրենաբնակ ու սփիւռքահայ մտաւորականներով, որոնք իրենց պարտքն էին համարել ուղղակի հաղորդակցուել այդ գրական միջոցառումին:
Երիցս գնահատելի է Շաքէ Մանկասարեանի բարձր մասնագիտական մօտեցումը հեղինակի ներկայացրած մտքերի ու կարծիքների վերլուծման ու մեկնաբանութեան առիթով: Նա կարողացաւ մինչեւ իսկ ոչ միայն ասած, այլ նաեւ հեղինակի չասածը կռահել, էջ առ էջ ծանուցելով անհրաժեշտ հատուածներ, որ ընդունելի էր ներկաների կողմից:
Տեղին է յիշել, որ Շաքէ Մանկասարեանի ելոյթը երբեմն ընդհատւում էր դասական հայ երգերի միջամտութեամբ՝ երաժշտական դպրոցի սաների կատարմամբ, որ հաճելի աղ ու համ էին տալիս մթնոլորտին:
Իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ բանաստեղծ Թադէոս Եսայեանը:
Վերջում հեռարձակուեց հեղինակի հարցազրոյցի տեսերիզը Կիւմրիի թղթակից Արշակ Ադամեանի հետ եւ համեստ գինեձօնով աւարտուեց երեկոն:
Այսու մեր շնորհակալութիւնն ու երախտապարտութիւնն ենք յայտնում կազմակերպիչներին ու մասնակիցներին:
Հեղինակ՝ Ռուբէն Յովակիմեան
Սկսելով գիրքի վերնագրէն, ընթերցելէ ետք զայն, կը հաստատենք, որ հեղինակը ճիշդ ընտրութիւն կատարած է զայն անուանելու «Մեր օրերի կանչը»: Իսկ կողքը, որ ստեղծագործութիւններէն մին է գեղանկարիչ Վիգէն Շառոյեանի, իսկապէս արժանի է գնահատանքի, նաեւ՝ հեղինակին արժեւորումով:
Ինչի՞ մասին է այս գիրքը: Ընթերցողները հապճեպ պիտի ուզեն իմանալ բովանդակութեան մասին եւ այդ առումով ալ պիտի զննեն ցանկը, որ կ’ընդգրկէ հեղինակին սրտի խօսքը եւ 41 յօդուածներ:
Տասնամեակներէ ի վեր Ռուբէն Յովակիմեանի համար վարժութիւն դարձած է որպէս պարտականութիւն օրը սկսիլ հայրենի ու սփիւռքի մամուլը կարդալով: Ապա իր քաղաքական համոզումներու պրիսմակէն անցընելով՝ գրի կ’առնէ մեր աւետեաց երկրին առնչուող իրադարձութիւնները, նաեւ՝ աշխարհի տարածքին պատահող ամէնօրեայ դէպքերը:
Բոլոր անոնք որոնք լաւ կը ճանչնան Ռուբէն Յովակիմեան հեղինակը եւ կարդացած են անոր յօդուածները կամ գիրքերը, ապա պիտի հաստատեն, որ ան իրազեկ է տեղի ունեցած բոլոր դէպքերուն, որոնք քննադատական եւ վերլուծական նժարի վրայ դնելով՝ ան չի զլանար գրի առնելու զանոնք արթուն ու հեռատես միտքերով:
Հայաստան ծնած Ռուբէն Յովակիմեան, թէեւ արդէն հինգ տասնեակ տարիներէ ի վեր հաստատուած է Ֆրանսա, ան չի կրնար անտարբեր մնալ հայրենիքը յուզող իրականութիւններուն նկատմամբ:

Իր «Երկու Խօսք»-ին մէջ (էջ 6) կը գրէ.
«…նման դէպքերը, որոնք ամէնօրեայ իրականութիւն են, չեն կարող ոմանց համար անտարբեր մնալ եւ գրի առնուելով՝ դառնալ յօդուած, որոնց հաւաքը դառնում է գիրք, որ սոյն գրքոյկի երկունք է»:
Ռուբէն Յովակիմեան հեղինակը այս եւ իր նախորդ գիրքերուն ընդմէջէն միշտ ալ ընթերցողին առջեւ տեսադաշտ մը բանալով՝ կը ջանայ զայն մղել խորհրդածութեան եւ վերլուծումի, մասնաւորաբար՝ առողջ դատողութեան:
Հեղինակը ընթերցողին կը յուշէ վաղ անցեալի դէպքերը եւ զանոնք համեմատելով ներկայ իրավիճակին, իր «Կառավարումն» վերնագրին տակ (էջ 29) կը գրէ.
«…ընդհանուր կարծիք կայ, թէ Ասորեստանի անկումի պատճառը կապուած է նրա ղեկավարների սխալ քայլերի եւ գործունէութեան հետ: Թերեւս կան նաեւ այլ յաւելեալ պատճառներ, որոնք անհասանելի են:
«Աներկբայ է, թէ որեւէ երկրի գլխին կանգնած անձի գաղափարախօսութեան եւ անհատական յատկութիւնների հետ է կապուած երկրի ներկան թէ
ապագան, նրա առաջընթացը, բարեկարգումն ու կործանումը»:
«Ինքնախժռում» վերնագրին տակ (էջ 56) հարցական շեշտով կը գրէ.
«Հնարաւոր երբեւէ եղե՞լ է, թշնամի երկրների միջեւ խնդիր լուծել աղօթքով կամ դրօշակ ծածանելով: Անհեթեթութի՞ւն, թէ՞ տխմարութիւն…»:
Ռուբէն Յովակիմեանի խօսքի ու գիրի դիպուկ արտայայտութիւններէն է «տխմարութիւն» բառի յաճախակի օգտագործումը:
Հեղինակը խորին ափսոսանք կ’ապրի եւ իր «Թերուսումն» վերնագրին ներքոյ (Էջ 81) կը գրէ.
«Վերը նշուած տողերը քննադատութիւն չեն, այլ սրտի խորքից բխած ափսոսանք, որ դարերի խորքից վերածնուած մեր հայրենիքը վերակառուցողների մի մասը թերուս է, տարրական բարոյականութեան ու յարաբերութիւնների կարգ ու կանոնին անտեղեակ: Ժամանակն է, որ բոլոր մակարդակի ղեկավարները վարչապետի հետ միաձայն պաշտօնի նշանակեն կարող եւ ունակ անձանց եւ ոչ միայն կուսակցականների: Այդ է իմ յորդորը հայրենի պատասխանատուներին»:
«Իսկապատում» վերնագրին տակ (էջ 93) կը գրէ.
«Երբեմն անկարելի է հարց չտալ, թէ ո´րն է մեր հայրենի թէ սփիւռքի ազգակիցներից ոմանց մտածող գործարանը՝ ուղե՞ղը, թէ՞ ոտքերը:
«Մօտ հազար տարիէ ի վեր է որ մոնղոլ-թաթարական հրոսակները փառաւոր նստել ու վայելում են ողջ Անատոլիան՝ նեղուցներն ու ծովերը, այսօր ութսուն միլիոն բնակչութեամբ աշխարհի հզօրների հետ են մրցում՝ անելով ինչ ցանկանում եւ ոնց ցանկանում են, (բանը չընկալել գովք, այլ ողբ թուրքերի նկատմամբ): Հայ փրկիչ գործիչներից ոմանք դեռ յոյս են կապում պատմական տարածքների հետ եւ անխոնջ քարոզում միասնականութիւն: Յուսանք որ շտկուեն՝ յանուն իսկութեան»:
«Քաոսապատում» վերնագրին տակ (էջ 96) հեղինակը կ’անդրադառնայ բարոյական արժէքներու.
— «Չեմ համարձակւում մտածել, թէ՛ ի սփիւռս աշխարհի, կայ մի անկիւն ուր վիճակը համեմատաբար քաոսային չէ, երբ ԱՄՆ եւ Եւրոպան՝ Իսրայէլի աչառու երեսպաշտ, մարդահաճոյ կամ ծածուկ մասնակցութեամբ, ձեռք-ձեռքի՝ Թրամփի յաղթանակից յետոյ, խոշոր շերեփով խառնում են «աշխարհ» կոչուած կաթսայի պարունակութիւնը, ուր բարոյական արժէքների մակարդակը շատ ցածր է»:
Ռուբէն Յովակիմեան կը խոստովանի որ շատերու նման տարիներու ընթացքին յաճախ մտմտուքի մէջ է եւ իր «Մտմտուք» վերնագրին տակ (էջ 100) հարց կու տայ.
— «ո՞վ ենք մենք հայերս, մեզ նման փոքր երկիրներու ընդդիմադիր ուժերը եւ նոյն ընկալումը ունին իրենց երկրի պետականութեան նկատմամբ, ի վերջոյ ո՞ր բարոյական հիմունքներով հայրենիքէն դուրս հաստատուած բազմաթիւ լրագրողներ որոնք հարկ չեն վճառեր ունեն ամէն տեսակ լուտանքներ շպրտել պետականութեան վրայ, որ խնդրի առարկան անձը չէ, այլ երկիրը»:
Պէտք է ընդգծել որ հեղինակը ոչ մէկ պարագային նպատակ չէ ունեցած մեղաւոր գտնել կամ թէ ոեւէ մէկը քննադատել, եւ ոչ ալ կոչել որ մեղաւորը մենք ենք, սակայն իր ներքին պոռթկումը գրիչին է տուած:
Իր «Պոռթկում» վերնագրի ներքոյ (էջ 106) կը գրէ.
«Մեղաւոր կամ անմեղ փնտռելու նպատակ չունի այս գրութիւնը, այլ հասկանալ մեր հանրութեան որոշ մասի տխմար եւ թերուս մտայնութիւնը երեւոյթների, մանաւանդ ազգի վիճակի որեւէ կացութեանը:
«Ի՞նչ արժէք ունի ՀՕՄ-ի տիկնանց նուիրուածութիւնը պիղծ ու զազրելի կղերի նկատմամբ, երբ փաստերը անհերքելի են, եւ հիմնական հարց այն է, թէ ո՛ր արժէքների դիմաց է այդ նուիրումը, եթէ ոչ քաղաքական
նպատակներով աճպարարութիւն, մէկ անգամ եւս աւելորդ գոչելով գոռալով, թէ ՀՀ իշխանութիւնները թիրախաւորել են Սուրբ աթոռը»:
Ռուբէն Յովակիմեան իր «Աղբապատում» վերնագրի տակ (էջ 112) ընթերցողին կը յուշէ անցեալի իշխանութիւններու դէպքերը, եւ կը գրէ.
«…ատելութեամբ ու նողկանքով լեցուած էին տիրող իշխանութեան նկատմամբ… ու մեծ ու փոքր բախումները իշխանութիւններու ու ֆիտայիներու միջեւ յաճախ աւարտած են ջարդերով»:
Իր պոռթկումին եւ ափսոսանքին հետ հեղինակ Ռուբէն Յովակիմեան կը փորձէ հասկնալ ու հասկցնել թէ ի՞նչ նախընտրելի քայլերն են որ զերծ կը պահեն ձախող գործարքները: Զոր օրինակ՝ հեղինակը իր «Պատգամանի» վերնագրի տակ (էջ 104) կ’ընդգծէ.
«Հրեաները գովաբանելու համար չէ որ կը յիշենք, այլ որպէս նմուշ հայ միասնականութիւն քարոզողներուն, որ նոյնիսկ թշնամիէն ընդօրինակելի քայլեր կան, որու հետ պէտք չէ մոռնալ որ դէպք չէ եղած երբ Հրէաստանի դրօշը ոտնատակ ըլլայ կամ հրկիզուի ծագումով հրեայ որեւէ խմբակցութեան կողմէ որեւէ առիթով»:

Սա ցոյց կու տայ թէ ճարտարագէտ գրող Ռուբէն Յովակիմեան հեղինակը նաեւ քաղաքագիտական վերլուծութիւններ կատարելով ճարտարագիտութեամբ կը նախագծէ խնդիրները լուծելու եւ ապագայ երկիրը վարելու ռազմավարութեան հիմքերը: Եւ հեղինակի յորդորը յստակ է այս տողերուն մէջ.
«Կրկնեմ, որ միակ ազգային գաղափարախօսութեան անհրաժեշտութիւնը պէտք գերակայ լինի, որ կարող է միաւորել եւ որի կարիքն ունենք՝ այլ կերպ մեռնելու է ազգը առանց հետք թողնելու»:
Եւ իր գրքի ցանկի 41-րդ «Եզրայանգում» յօդուածին մէջ (էջ 114) հեղինակը կ’ընդգծէ.
«Գրելու բուն նպատակը թուղթ մրոտել չէ եղած եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ, այլ դրական թէ բացասական երեւոյթներուն մասին պարզ միջոցով արտայայտել եւ առանց խեղաթիւրելու ինչ որ գաղափարախօսութեան ի նպաստ»:
Ճարտարագէտ եւ գրող Ռուբէն Յովակիմեան, իր կեանքին ընթացքին իրականացուցած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, անշուշտ արժէքաւոր տեղ մը կը գրաւէ մեր իրականութեան մէջ։ Ինչ բախտաւորութիւն, որ նախապէս ապրելով Խորհրդային Հայաստանի մէջ, հեղինակը առիթը ունեցած է տեսակցելու մեծ վարպետ Մարտիրոս Սարեանի, Գոհար Գասպարեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի հետ, այլ մեծերու շարքին:
Ռուբէն Յովակիմեանի գործերը կը նկատեմ գիտական եւ վերլուծական ուսումնասիրութիւններ, որովհետեւ անոնք հիմնուած են փաստաթղթային ապացոյցներու վրայ եւ կը լուսաբանեն հայրենիքին պատմական ընթացքը՝ անաչառ դիտողի քննադատական մտածողութեամբ։
Շնորհահանդէսին ներկայ էին պատմաբան Աւետիս Ռազմիկ (Կիպրոս), բանաստեղծ Թադէոս Եսայեան եւ տիկինը Լենա, պատմաբան, հրապարակագիր Գէորգ Եազճեան, իրաւաբան Կարէն Վասիլեան (Հոլանտա), բժշկուհի Ռոմելա Ալեքսանեան, բանաստեղծուհի Գայիանէ Խաչ, ակադեմիկոս Աշոտ Օհանեան եւ Ժիրայր Մշեցի: Գեղանկարիչ Վիգէն Շառոյեան, Վազգէն եւ Մարիա Քէլ Խաչերեան, լրագրող բանաստեղծուհի Կարինէ Աւագեան, Շաքէ Պասմաճեան, Երան Այվազեան, Համեստ Նէրսէսեան-Թանկուգեան, Թագուհի Կիւլաղայեան, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի հարազատները եւ շատ մը յարգելի ներկաներ:

