Ներկայիս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու սփոփիչը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանն է։ Ան, ի լուր համայն մարդկութեան, բարձրացուց հայուն ազգային արժանապատուութիւնը, եւ անթաքոյց վկան հանդիսացաւ, որ 1915֊ին, թրքական իշխանութեան հայուն դէմ կատարածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ցեղասպանութիւն։
Մալոյեանի սրբադասմամբ հանգուցեալ հոգիները, որոնք թրքական եաթաղանին զոհ գացեր էին, հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն գտան։
Մալոյեանի սրբադասմամբ Հայ եկեղեցին անգամ մը եւս ապացուցեց իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ իր Տիրոջ եւ փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսին։
Իսկ Տէրն, իր հերթին, ի տես հայուն հաւատքին ու հաւատարմութեան, վարձահատոյց եղաւ հայուն, ըսելով` արդարութիւնը վաղ թէ ուշ ջուրի երես կ’ելլէ, յիշեցնելով մեզի Յիսուս-Քրիստոսի լեռան քարոզին մէջ նշած Երանիներէն մէկը, որ կ’ըսէ «Երանի՜ անոնց, որ քաղցն ու ծարաւը ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»։
Մալոյեանի սրբադասումը հայոց նորագոյն պատմութեան ամենապանծալի իրադարձութիւններէն մէկն է, որ յուսադրիչ էջ մը բացաւ հայ իրականութեան մէջ։
Սոյն իրողութիւնը մեզ կը մղէ մտաբերելու Տիրոջ խոստումը հայոց Ս. Լուսաւորիչին, ըստ որուն` Աստուած երաշխաւորեց հայուն մշտնջենականութիւնը։
Այսպիսի լաւատեսութեամբ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի շրջափակէն, ձեռամբ Լեւոն ԺԴ. պապին, արձանագրուեցաւ 19 Հոկտեմբեր 2025-ը որպէս պատմական աննախադէպ օր։
Արդ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին ձեռամբ է, որ սբադասուեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան` Մարտին քաղաքի նահատակ առաջնորդ Արհ. Իգնատիոս արք.Մալոյեանը եւ դարձաւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ Սուրբ, որուն բարեխօսութիւնը պիտի հայցեն համայն քրիստոնեայ աշխարհի հաւատացեալները։
ՀԱՅԱԶԳԻ Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԸ ԵՕԹԸ ՍՐԲԱԴԱՍՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԳՐԱՒԵՑ
Հայազգի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը Եօթը սրբադասուածներուն մէջէն կեդրոնական տեղը զբաղեցուց։
Այս մէկը ունի իր տրամաբանական մեկնութիւնը. արդարեւ ինք միակն է, որ յանուն Քրիստոսի իր անմեղ արիւնը թափեց, պարզ այն պատճառով, որ առաջին քրիստոնեայ ազգի ծոցէն ծնած էր եւ այնքան մեծ կապուածութիւն ունէր իր հաւատքին եւ ազգութեան։
Սրբութեան ամենաառաջնահերթ պայմանը մարտիրոսութիւնն է։
Մալոյեան դոյզն անգամ չվարանեցաւ Քրիստոսը գերադասելու իր անձին։ Ան խիզախ եւ յանդուգն ասպետի կեցուածք ցուցաբերելով մերժեց կրօնափոխութիւնը եւ դարձաւ հաւատքի ախոյեան։
Ահա թէ ինչու ներկայացուած սուրբերու ցուցակին մէջէն զինք ընտրեցին գրաւելու կեդրոնը։

Ան 19 Հոկտեմբեր 2025-ին պաշտօնապէս կը խոյանայ դէպի երկինք եւ իր սլացքով կը փառաւորուի Տիրոջ Աջակողմը, իր հետ վերընձիւղելով իր այնքան սիրած եւ փայփայած ազգը։ Քանզի համայն ազգս հայոց ի սկզբանէ` այն օրէն, երբ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն դաւանեցաւ, ամբողջովին պատրաստակամ էր ազգովին Քրիստոսի սիրոյն նահատակուելու: Այդպէս ալ եղաւ Աւարայրի ճակատամարտին, ուր համազգային պայքար էր, որ մղեց ազգը։
Նոյնը պատահեցաւ 1918 Մայիս 28-ին, յորժամ համայն ազգը արժանապատուութեան գոյապայքար մղեց։ Միեւնոյն ողբերգական պատմութիւնը կատարուեցաւ մալոյեանական կարաւանի զոհերուն հետ, ուր Մալոյեանն ու իր 14 անզուգական Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանները եւ 417 աննման հօտը` համընդհանուր մահուան ընդառաջ երթալով նահատակութեան դափնեպսակին արժանացան, պահելով իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը։
Օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք յանուն հաւատի եւ հայրենեաց կը զոհուին։
Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ` ԶՄՄԱՌՈՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Համայն հայութեան համար պատմական աննախադէպ օր էր Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ը, ուր աշխարհն ամբողջ ականատես դարձաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի շրջափակին մէջ, ծովածաւալ բազմութեան ներկայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն նահատակուած` Մարտին քաղաքի առաջնորդ Արհ. Իգնատիոս արք. Մալոյեանի Սրբադասման արարողութեան։
Տաճարին որմերը զարդարուած էին եօթը այլազան ազգեր ներկայացնող Սուրբերու պատկերները, որոնց կեդրոնը զբաղեցուցած էր` հայազգի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անմահական պատկերը։
Սոյն մեծ իրադարձութիւնը անշուշտ աննկատ չէր կրնար անցնիլ Զմմառու Մայրավանքէն ներս. արդ, նահատակ Սուրբը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի մեծվայելչութեան արժանացած միաբան էր։
Առ այդ, Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10֊ին, նախքան Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Սրբադասման արարողութիւնը, Զմմառու Մայրավանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Զմմառու Մայրավանքի փոխմեծաւոր` գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեաըն։
Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Զմմառու Մայրավանքի հիմնադիրին եւ հիմնադրութեան, նաեւ այնտեղ ծաւալած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային գործունէութեան։ Այնուհեւտեւ մասնաւորեց կարգ մը ականաւոր միաբաններու կատարած աստուածահաճոյ գործերը` վեր առնելով Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքն ու նահատակութիւնը։
Հ. Նարեկ իր քարոզը եզրափակեց գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցելով Աստուծոյ, որ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան շնորհեց միաբան սուրբ մը` Մայրավանքը վերածելով սրբավայրի։

Ժամը 11-ին, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ տեղադրուած պաստառներու վրայ, Հռոմէն ուղիղ կապով հեռարձակուեցաւ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած՝ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման արարողութիւնը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որ կը բովանդակէր Սուրբին վարքը։
Ապա «Կռունկ» երգչախումբի կատարողութեամբ հնչեց «Բազմաչարչար» շարականը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտի Թորիկեանի։
Աւարտին, Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ձեռաց խաչով, հաւատացեալները օրհնութիւն ստացան եւ համբուրեցին Սուրբին մասունքը։
Հոգեպարար արարողութենէ ետք, Մայրավանքի դահլիճին մէջ, գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանն ու վարչական հայրերը ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքները եւ հաւատացեալներուն շնորհուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը իր աղօթքով։

