Վերջերս լոյս տեսած այս գիրքը երկու վա՛ռ անհատականութիւններու մասին է, որոնք իրենց անմոռանալի եւ անուրանալի դրոշմը դաջեցին Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան պատմութեան առաջին տասնամեակին վրայ. այսինքն՝ ՎԱՆՕ ՍԻՐԱԴԵՂԵԱՆ եւ ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ: Հեղինակները հայրենական կեանքի հանրաճանաչ լրագրողներ են՝ Արա Թադէոսեան եւ Լուսինէ Ղարիպեան:
Իրօք, մէկ շունչով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացուող գիրք մը. ինչո՞ւ. նախաբանին մէջ Արա Թադէոսեան կը մտորէ՝ «Հայաստանի նորագոյն պատմութեան վերաբերեալ չափազանց քիչ գրքեր կան, ու հենց այդ պահին մի միտք կայծակեց իմ գլխում. պէտք է գիրք գրել Վանօ Սիրադեղեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի մասին» եւ կը շարունակէ՝ «այսօր մեր 20-25 տարեկան հայրենակիցները (առաւել եւս՝ աւելի երիտասարդները), գրեթէ ոչինչ չգիտեն Երրորդ հանրապետութեան հիմնադիր հայրերի մասին՝ ո՛չ նրանց արժանիքների, ո՛չ թերութիւնների: Վանօ Սիրադեղեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի մասին նրանց պատկերացումները լաւագոյն դէպքում հիմնուած են առասպելական կամ կիսաառասպելական պատումների վրայ, որոնք պատմութիւնը խեղաթիւրելու լաւագոյն միջոցներն են»: Բայց ընթերցողին հետաքրքրութիւնը կը սրի մանաւանդ այս տողերէն ետք՝ «որ եթէ չլինէր Վազգէն Սարգսեանի եւ Վանօ Սիրադեղեանի միջեւ տրոհումը, գուցէ չլինէր նաեւ 2020 թուականի պատերազմը: Եւ գուցէ Հայաստանը բոլորովին այլ երկիր լինէր, եթէ 1995 թուականի Ազգային Ժողովի եւ յատկապէս 1996 թուականի նախագահական ընտրութիւնները չսասանէին մարդկանց վստահութիւնը Երրորդ հանրապետութեան հիմնադիր հայրերի նկատմամբ»:
12 մասերէ բաղկացած գիրքին բովանդակութիւնը լայնօրէն ընդգրկած է վկայութիւններն ու յուշերը գրողներու, լրագրողներու եւ մտաւորականներու, որոնք սերտօրէն առնչուած եղած են նշեալ երկու անձնաւորութեանց հետ: Երկու տիրական կերպարներու ընդմէջէն, բնականաբար, կը հետեւինք նաեւ տուեալ ժամանակաշրջանի Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութեանց, անոնց խճճուած ծալքերուն եւ ապա՝ հետեւանքներուն, որոնք բախտորոշ եղան Հայաստանի ժամանակակից պատմութեան համար: Ի հարկէ, մեր օրերու հայրենական իրադարձութեանց իրազեկ դառնալու համար, պարտինք լաւապէս իմանալ Վ. Սիրադեղեանի ու Վազգէն Սարգսեանի մասին, որովհետեւ առաջինը 1988-ին բռնկած արցախեան շարժման եւ Ղարաբաղ կոմիտէի առաջնորդներէն էր, Հայաստանի ներքին գործոց նախարար, Երեւանի քաղաքապետ. մինչ՝ Վ. Սարգսեան արցախեան թէժ մարտերուն բովէն անցած ղեկավար, պաշտպանութեան նախարար եւ աւելի ուշ՝ Հայաստանի վարչապետ: Ուշագրաւ է, որ գիրքին հեղինակները երկու անձերուն միջեւ փորձած են գտնել նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ: Նշենք, որ երկուքը, հակառակ տարիքի զգալի տարբերութեան, ընկերներ էին, քաղաքական կեանքի ուղեկիցներ, յաճախ իրարու համախոհ եւ երբեմն՝ տարախոհ:
Երկու դէմքերուն հանրային-հասարակական կեանքը կը սկսի գրականութեամբ: Ըստ գրաքննադատներու, երկուքը շնորհալի գրողներ էին. յատկապէս աչքի կը զարնէ Վ. Սիրադեղեանը, որ յատուկ ուշադրութեան կ’արժանանայ քննադատ Գրիգոր Յակոբեանին, որ խոստումնալից գրողը կը նշմարէ Սիրադեղեանի պատմուածքներուն մէջ, որ հետզհետէ կրնայ հասնիլ Հրանդ Մաթեւոսեանի վայելած ժողովրդականութեան: Իսկ Վ. Սարգսեանի առաջին գիրքը՝ «Հացի փորձութիւն» լոյս կը տեսնէ 1986-ին, երբ ան 26 տարեկան էր: 1980-ականներուն, «Գարուն» գրական ամսագիրը մեծ վարկ կը վայելէր մտաւորական, գրասէր եւ ժողովրդական շրջանակներու մօտ, որովհետեւ նոր շունչ ու խօսք ունէր հաղորդելիք, դարձած էր նորածաղկ երիտասարդութեան խօսափողը եւ ամպիոն մըն էր ազատ խօսքի, ազատ միտքի եւ նորոյթի, այսինքն՝«լիպերալ հարթակ» մը: Այդ անուանի ամսագիրին պատասխանատու խմբագիրն էր հանրայայտ գրող Մերուժան Տէր Գուլանեան: Երկու գրողներուն կանոնաւոր շփման վայրը կը դառնայ «Գարուն»-ը:
Գիրքին բացառիկ առաւելութիւններէն մէկն այն է, որ համահեղինակները փորձած են ի մի հաւաքել երկու գործիչներուն անմիջական սրտակիցներուն, մերձաւորներուն ու ընկերներուն վկայութիւնները: Երկար է ցուցակը անոնց եւ ծանօթ անուններ են հայրենի կեանքին:
1988-ին սկսաւ արցախեան շարժումը, որ գլխովին պիտի փոխէր հայոց պատմութեան անիւը: Ազգովին փոթորկած էինք: Վ. Սարգսեան գրեթէ կը դադրի «Գարուն»-ի խմբագրութիւն այցելելէ: Եւ օր մըն ալ Արմէն Դաւթեան կը փորձէ գտնել ձեռագիր մը եւ… «Վազգէնի դարակը բացեցի՝ թղթերի փոխարէն նռնակներ են»: 1989-ի վերջին, ան կը խնդրէ ազատել իր աշխատանքէն: 1990-ի Յունուարին, Վազգէնի գրասենեակի գործընկերուհի, թատերագիր Կարինէ Խոդիկեան մամուլի աշխատանքով կ’ուղեւորուի հայ-ատրպէյճանական Երասխի թէժ սահմանագիծ: Հոն կը տեսակցի Վազգէնի հետ՝ «իսկ հիմա՝ զինուորական հագուստով, արդէն լրիւ մօրուքով, աչքերը կարմիր՝ յոգնածութիւնից ու անքնութիւնից, մի 15-20 տարով մեծացած» եւ կը սեղմուի Խոդիկեանի կոկորդը: «Յաջորդ օրը եկայ «Գարուն», աղջիկները հարցնում են՝ ո՞նց է Վազգէնը: Ասացի՝ գրող Վազգէն չունենք, հիմա էնտեղ զինուոր Վազգէնն է»: Պատերազմը մեզմէ կը խլէր երկու գրողներ, բայց պիտի շահէինք երկաթէ բազուկով ներքին գործոց նախարար եւ յաղթական կերպարով՝ Սպարապետ:
Գիրքին երկրորդ մասէն դէպքերը կը զարգանան խիստ լարուած եւ հետաքրքրական շարայարութեամբ՝ ուր առաւել կ’ընդգծուին երկու անձնաւորութիւններուն նկարագրային, քաղաքական-գաղափարական բնորոշ գիծերը: Նախ շարժման եւ պատերազմին առանձին դրուագներ են, ուր իհարկէ կը տիրէ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան՝ իր անմիջական գործակիցներով: Ապա՝ Ղարաբաղ կոմիտէ, անոր ղեկավարներուն ձերբակալումը, Հայոց Համազգային Շարժում (ՀՀՇ), Վանօ-Վազգէն օրինակելի յարաբերութիւնները, պետական աչքառու գործիչ Աշոտ Մանուչարեանի վկայութիւնները Վանոյի մասին, ՀՀՇ-ՀԱԲ (Հայոց Ազգային Բանակ) բախումը՝ իր զոհերով, արցախեան մարտեր, Վազգէնի կոչը խորհրդահայ բարձրաստիճան զինուորականներուն, մահապարտներու կազմութիւնը, Շուշիի, Լաչինի, Քելպաջարի ազատագրումները, Հայաստան-Վրաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները եւ այլ բազում իրադարձութիւններ:
Երրորդ մասէն կը հետեւինք պատերազմէն ետք ստեղծուած ներհայրենական խլրտումներուն, պառակտման առաջին նախանշաններուն եւ միջանհատական գզվռտոցներուն. Ժ. Լիպարիտեան կը վկայէ՝ «ամէն մէկը սկսեց իր բնագաւառը զարգացնել՝ Արարքցեանը՝ Ազգային Ժողովը, Վանօն՝ Ներքին գործերի նախարարութիւնը, Վազգէնը՝ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Դա ճիշդ էր, բայց պատերազմը յաղթելուց յետոյ անհատականութիւնները սկսեցին միմեանցից հեռանալ»: Առեղծուածային ոճիր մը եկաւ խճճելու ներքին կեանքը՝ երբ 17 Դեկտեմբեր 1994-ին կը սպաննուէր Ղարաբաղ կոմիտէի անդամ, Երեւանի քաղաքապետ Համբարձում Գալստեանը: Անկէ ետք՝ չորրորդ մասով՝ կը կարդանք Հ.Յ.Դ.-ի հետ լարուած յարաբերութիւններուն, Վանոյի ստեղծած ՀՀՇ-ի լծակից Շամիրամ կուսակցութեան, խորհրդարանական կասկածելի ընտրութիւններուն (1995), ազդեցութեան գօտիներու գոյառման, Սերժ Սարգսեանի երեւելուն որպէս պաշտպանութեան նախարար, Դաւիթ Շահնազարեանի, Նիկոլ Փաշինեանի՝ որպէս լրագրող, «Հանրապետութիւն» խմբակցութեան, Երկրապահներու մասին եւ այլն: Յաջորդ մասը՝ էջ 93-էն ««Չարաբաստիկ» Ընտրութիւնները» կը վերաբերին 22 Սեպտեմբեր 1996-ի նախագահական ընտրութիւններուն, Լ. Տէր Պետրոսեան-Վազգէն Մանուկեան (ԱԺՄ-ի թեկնածու) խիստ լարուած յարաբերութեանց, Վ. Սարգսեանի վճռորոշ դերին՝ ի նպաստ Հայաստանի առաջին նախագահին: Ապա մանրամասնօրէն կրնանք հետեւիլ թէ ինչեր պատահեցան մինչեւ Լ. Տէր Պետրոսեանի հրաժարականը, Ղարաբաղեան հարցի լուծման տարբերակները, անարիւն յեղաշրջումը, Քոչարեանի վարչապետութիւնը եւ ապա նախագահութիւնը, իսկ Վանօն կ’ըսէ՝ «Վազգէն Մանուկեանը եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ունէին մի թերութիւն (վերջինիս մօտ դա մի քանի տարի յետոյ արտայայտուեց)՝ կառավարողի ասիական տիպը: Այսինքն՝ ղեկավարել ոչ թէ քաղաքական համակարգով, այլ պալատական ինտրիկների՝ հանել-դնելու միջոցով»: Այնուհետեւ՝ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի հաղորդածը Երկու Պետութիւն տարբերակին շուրջ, իրերայաջորդ շատ մը ոճիրներ պատասխանատու անձանց, Վանոյի հեռացումը հրապարակէն եւ ապա իրաւադատական հետապնդումները, դատախազ Աղուան Յովսէփեանի դերը, «Միասնութիւն» դաշինքին յաղթանակը Կարէն Դեմիրճեանի հետ, Վազգէն Սարգսեանի մինչայդ անծանօթ, բայց յոյժ կարեւոր նամակը, իսկ իններորդ մասը՝ Վազգէնի վարչապետութիւնը, անոր այցը ԱՄՆ, մտահոգ վիճակը, Մեղրիի հարցը եւ վերջապէս՝ Հոկտեմբեր 27-ի ոճիրը, որ վերջ պիտի տար մերօրեայ երկու հզօրագոյն ղեկավարներու կեանքին՝ Կարէն Դեմիրճեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի: Որմէ ետք կը կարդանք Վանոյի հետագայ կեանքին մասին, երբ խոյս տալով հետապնդումներէ՝ ինքզինք գտաւ տարագրութեան մէջ:
Շատ հետաքրքրական է ընթերցել մօտիկ մարդկանց յուշերը երկուքին մասին՝ ուր կան զգացական, զգացմունքային եւ յուզական պահեր: Մտերմիկ շփումներու ընթացքին պատահած դէպքեր, խօսքեր եւ զրոյցներ: Կարծէք գիրքին էջերը կը խօսին հարազատօրէն: Երկուքը կը սիրէին երգել, զրուցել, պատմել ու ոգեւորել: Արամ Սարգսեան կը յիշէ՝ «Վանոյին եւ Վազգէնին միաւորում էր սէրը՝ սէրը հայրենիքի նկատմամբ: Այն անսահման էր»:
Ուրեմն մեր ձեռքերուն ունինք եզակի գիրք մը, եզակի անհատականութեանց մասին:

