Ուրախութեամբ վերահասու դարձանք, որ Գահիրէի «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթը վերջերս զգեցած է բոլորովին նոր ու արդիաշունչ տարազ, միաժամանակ բարեփոխելով նաեւ իր ընթացիկ բովանդակութիւնը։
«Ջահակիր»–ի այս հիմնական վերաթարմացումը կրկնակիօրէն կ՛ուրախացնէ մեզ, քանի որ դեռ բոլորովին վերջերս, «Արարատ»–ի նոյն այս սիւնակներուն մէջ (տե՛ս թերթիս 23 եւ 27 Սեպտեմբերի զոյգ թիւերը), մենք անդրադարձած էին եգիպտահայ մամուլի այսօրուան վիճակին ու մատնանշած՝ հոն նկատելի որոշ կաղացումներ, բացթողումներ։ Մեր զարմանքը մեծ եղաւ, երբ նշմարեցինք որ մինչ գրի կ՛առնէինք մեր մտածումները եգիպտահայ թերթերուն մասին, անոնցմէ մին՝ «Ջահակիր»-ը, մեր մտորումներուն գրեթէ զուգահեռաբար, արդէն գնահատելի քայլեր առեր էր դէպի բարելաւում, դէպի կատարելագործում։
Արդարեւ, Յուլիս 24-ի իր թիւէն սկսեալ, «Ջահակիր» մեզի կը ներկայանայ նոր ձեւաչափով։ Նախ փոխուած է թերթին ծաւալը։ Նախկին 4 լրագրային մեծադիր էջերուն փոխարէն՝ այժմ «Ջահակիր» իր ընթերցողներուն կու գայ որպէս 20 էջանի փոքրաչափ պարբերական մը (21ճ30 սմ.), պահելով երկշաբաթաթերթի իր վաղեմի բնոյթը։ Պաշտօնապէս ան «մշակութային եւ քաղաքական» թերթ է։ Յետոյ, փոխուած է պարունակութիւնն ալ։ Կարճ լուրերու սիւնակները այլեւս ջնջուած են, այն համոզումով, թէ «երկշաբաթաթերթի մը կարողութիւններէն անդին է թարմ լուրի փոխանցումը, երբ այսօրուան թեքնոլոժիք յառաջացումներուն շնորհիւ լուրը կը տարածուի կայծակի արագութեամբ եւ վայրկեանապէս կը հասնի ամէնուր», ինչպէս կը բացատրէ խմբագրական նշմար մը։ Հետեւաբար, թերթը այսուհետեւ իր էջերը պիտի լեցնէ ոչ-լրատուական նիւթերով, որ է ըսել՝ այլաբնոյթ յօդուածներով։
Ուրիշ նորութիւն մըն է թերթին թուայնացուած տպագրութիւնը (համացանցային տարբերակ), որպէսզի անիկա հասանելի դառնայ արտասահմանի հետեւորդներուն ալ։ Կ՛ըսուի որ թերթը բոլորովին պիտի չխափանէ իր դասական տպագիր դրութիւնը, այլ պիտի սահմանափակէ զայն, փոքրաթիւ օրինակներ տպելով թուղթի վրայ՝ գրադարաններու եւ արխիւի պահեստանոցներու համար։
«Ջահակիր» պիտի շարունակէ մնալ Գահիրէի Հայկական Ընթերցասրահի (Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շրջանակ) պատասխանատուութեան տակ։
Ողջունելի է թերթին այս բարեփոխումը, որ պէտք է անարգել շարունակուի՝ հետզհետէ պէսպիսուն դարձնելով բովանդակութիւնը, գերակշիռ պահելով եգիպտահայ գաղութին վերաբերեալ նիւթերը, բայց անշուշտ, ի պահանջել հարկին, ճաշակաւոր արտատպումներ ալ կատարելով Սփիւռքը եւ մեր ազգային ու հայրենական տագնապները պարզաբանող շահեկան էջերէ։
Մեր հասցէին առաքուած «Ջահակիր»–ի վերջին երկու ամսուան իրերայաջորդ թիւերը թերթատեցինք ուշադրութեամբ։ Դրակա՛ն է մեր տպաւորութիւնը։ Հոն շահեկան զրոյց մը կայ գանատաբնակ դասական մեներգչուհի Ալին Գութանի հետ (որ վերջերս համերգով մը հանդէս եկած է Գահիրէի մէջ), կան սփիւռքեան մեր տագնապներուն առնչուող խոհեր (ուշագրաւ է Հայկ Աւագեանի «Ճշմարտութեան դիմակներ» յօդուածը, 11 Սեպտեմբերի թիւով), առատ են Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութեանց ու խաղաղութեան դաշինքի նուիրուած գրութիւնները։ Միայն թէ կը խորհինք որ թերթը պէտք է զգուշանայ քաղաքական երկարապատում վերլուծականներ հիւրընկալելէ։ Մի՛շտ պէտք է նկատի առնել ընթերցողին ակնկալութիւնները, սպասումները։ Նախընտրութիւն տալ գրական-մշակութային նիւթերու եւ կարճաշունչ գրութեանց։ Ընել այնպէս՝ որ թերթին իւրաքանչիւր թիւը դառնայ հաճելի ընթերցանութեան միջոց մը։ «Ջահակիր»-ի հաւատարիմ հետեւորդ մը, որ իր սիրելի թերթը կը ստանայ ամիսը լոկ երկու անգամ, 15 օրերու երկա՜ր սպասումէ ետք՝ երբ ձեռք կ՛առնէ նորագոյն թիւ մը, հոն պէտք է գտնէ իմացական ու հոգեկան բաւարարութիւն պարգեւող լիառատ «սեղան» մը։ Ու այդ «սեղան»-ը հարկ է յարդարել գեղագէտի ճաշակով ու վարպետ «խոհարար»-ի հմտութեամբ…։ «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթ մը ըլլալով (հեռու՝ օրաթերթի մը հեւքէն ու աճապարանքէն), կը հաւատանք որ ունի՛ այդ կարողականութիւնը ու պիտի ընթանայ այդ ուղղութեամբ։
Դատելով վերջին եօթը նորատարազ թիւերու բովանդակութենէն, կը թուի թէ թերթին վարիչ-խմբագիրը պրն. Հայկ Աւագեանն է (մասնագիտութեամբ՝ երաժշտագէտ ու խմբավար), որ ունի բեղուն գրիչ ու խմբագրական ակնբախ հմտութիւն։ Ան ջահակիրն է սրբազան աւանդի մը,– թե՛րթը,– որ ահա արդէն 77 տարեկան է, հիմնուած ըլլալով 1948-ին։ Իրմէ առաջ, այս թերթը խմբագրած են հերթաբար Հայկ Ժամկոչեան եւ Արշամ Տատրեան (Ա. շրջան, մինչեւ 1963), յետոյ՝ Սարգիս Պալայեան (Նոր շրջան՝ հնչակեան թեքումով, 1963-1979), վերջնոյս եղբայրը՝ Զաւէն Պալայեան (1979-1989), Աւետիս Մովսէսեան (1989-2012), այնուհետեւ ու առ այսօր՝ Մարտիրոս Ն. Պալայեան (տնօրէն-խմբագիրի հանգամանքով)։ Կը տեսնուի, որ Պալայեան ընտանիքը տեւաբար դիեցուցած է այս թերթը, սերունդէ-սերունդ։
Հայկ Աւագեան կը տիրապետէ թերթին էջերուն՝ այլաբնոյթ գրութիւններով։ Բանասիրական ընդարձակ աշխատասիրութիւն մըն է, զորօրինակ, իր «Արման Թոքաթեանի եւրոպական շրջագայութիւնը 1931-1934» խորագրեալ յօդուածաշարքը, որ կ՛երկարի քանի մը թիւերու վրայ։ Եգիպտահայ Թոքաթեան եղած է հռչակաւոր թենոր մը Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն օփերայի բեմին վրայ ու իր սարքած երգահանդէսներով հիացում առթած է եւրոպական երկիրներու, մա՛նաւանդ Աւստրիոյ մէջ։
«Ջահակիր»–ի իւրաքանչիւր թիւի եզրափակիչ էջին կայ «Եգիպտահայ լուրեր»-ու մնայուն սիւնակ մը, որ շա՛տ կարեւոր է։ Հարկ է զայն պահել, նոյնիսկ՝ ընդլայնել։ Այդ սիւնակը թերթին հայելին է, եգիպտական բուրմունքը…։
«Ջահակիր», ի տարբերութիւն սփիւռքեան այլ թերթերու, մեզ կը զարմացնէ իր «Յաւելուած»-ներով ալ։
Շուրջ տասը տարիէ իվեր այդ «Յաւելուած»-ները լոյս կ՛ընծայուին շատ կանոնաւոր հետեւողականութեամբ, մերթ իբրեւ պրակ կամ գրքոյկ, մերթ իբրեւ բազմաէջ հատոր, մի՛շտ ալ հետաքրքրական ու անիմանալի նիւթերով։ Հոս եւս առիւծի դեր ստանձներ է Հայկ Աւագեան՝ խմբագրելով ու հրատարակութեան պատրաստելով այդ բազմաբնոյթ ժողովածուները, որոնց ամէնէն վերջինը, բոլորովին նորերս լոյս ընծայուած, շարքին 77-րդն է եւ կը կրէ «Հայկ Սարգիսեան եւ Փարիզի Գողթան ու Սիփան–Կոմիտաս երգչախումբերը» խորագիրը։ Այս մէկը արդէն 278 էջ է։ Դիւրին գործ չէ այսքան մեծաթիւ նիւթեր խմբագրել ու տպել…։
Ի սրտէ կ՛ողջունենք «Ջահակիր»-ն ու անոր ջահակիրները եւ աննահանջ երթ կը մաղթենք իրենց։

