ԱՐՔ. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄԸ՝ ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՅՍԻ ՆՇԱՆ
Մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, բազմաթիւ երկիրներէ ժամանած պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հազարաւոր հաւատացեալներու, Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի եւ վեց այլ երանելիներու սրբադասումի արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապին:
Այս առթիւ Վատիկան ճամբորդած էին Լիբանանէն, Հայաստանէն ու տարածաշրջանի երկիրներէն բազմաթիւ հայեր ու ոչ-հայեր՝ ներառեալ կղերականներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, ականատես դառնալու այս պատմական արարողութեան: Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը հայերուն եւ հայ կաթողիկէներուն համար իւրայատուկ համարեց այս սրբադասումը, որ կ’ընդգծէ նահատակութեան իմաստը աշխարհի մը մէջ, ուր տակաւին կայ շատ ցաւ եւ բռնաճնշում:

«Արք. Մալոյեանի սրբադասումը յոյսի նշան է Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին համար», ըսաւ ան: Նախագահ Աուն եւ առաջին տիկինը տեսակցեցան Հռոմի պապին հետ: Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն Նոյեմբերի աւարտին պապին Լիբանան այցելութեան, Լիբանանի կրօնական ղեկավարներուն կոչ ուղղելով նոր սերունդները չձգելու առանց ուսումի: Պապը իր կարգին յոյս յայտնեց, որ իր Լիբանան գալուստը ըլլայ խաղաղութեան եւ յոյսի այցելութիւն:

ՓԽՐՈՒՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՆՑ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մղուած 2024-ի պատերազմը դադրեցուցած համաձայնութիւնը ձախողած է եւ այսօր կը տիրէ փխրուն հանդարտութիւն, սակայն առանց խաղաղութեան: Այս մասին յայտնեց ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք, վերստին շեշտելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ շարժի Հըզպալլայի հարցով, այլապէս կուսակցութեան կը սպասէ Իսրայէլին հետ մեծ բախում մը: Պարրաքի համաձայն, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններուն բնականոնացումէն ետք, կեդրոնացումը այժմ Հըզպալլայի ապազինումին վրայ է: «Իսրայէլ տակաւին լիբանանեան մարտավարական հինգ կէտեր կը գրաւէ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ, մինչ մէկ պետութիւն ու մէկ բանակ ունենալով Լիբանանի կառավարութեան լոզունգը աւելի մօտ է ձգտումի, քան իրականութեան», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցելու մասին հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութիւնը կը միտի Ուաշինկթընը մղելու փխրուն բանակցութիւններու փրկութեան: Իսկ Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Հըսէյն Ժաշշի յայտնեց, որ «ծանր զոհողութիւններով հանդերձ, Դիմադրութիւնը յաղթեց որովհետեւ կրցաւ ձախողեցնել թշնամիին բոլոր նպատակները»:
Ապահովական առումով, իսրայէլեան օդուժը երէկ քանի մը անգամ հարուածեց Ժըզզինի հարաւային շրջանները, պնդելով որ թիրախը եղած է Հըզպալլայի ենթակառոյցները: Իսրայէլ նաեւ Լիբանանի սահմանին կից յայտարարեց լայնածաւալ զինավարժութիւններու կազմակերպում:
ԼԻԲԱՆԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ՆՈՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ասաատ Շէյպանի յատկանշական որակեց Սուրիոյ դիւանագիտական փոփոխութիւնները, շեշտելով որ Դամասկոս այսօր սկսած է պատշաճ ներկայացուցչութիւն ունենալ արտերկրի մէջ: «Սուրիական կառավարութիւնը ծնաւ յեղափոխութենէն եւ քաղաքացիներու տառապանքէն, ոչ թէ պալատներէն», ըսաւ Շէյպանի եւ անդրադարձաւ Լիբանանի հետ կապերուն: «Նախկին վարչակարգը Լիբանանի մէջ ժխտական տպաւորութիւն ստեղծած էր, իսկ այժմ կը ձգտինք կարգաւորելու մեր կապերը», ըսաւ նախարարը՝ աւելցնելով, որ Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն նիւթը ճնշող ազդեցութիւն ունի երկու կառավարութիւններուն վրայ: Շէյպանի նաեւ յայտնեց, որ արդէն սկսած է բանտարկեալներուն հարցով փոխադարձ լուծումներու որոնումը:
ԹԱՆՆՈՒՐԻՆԻ ՇՈՒԿԱՅ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Առողջապահութեան նախարար Ռաքան Նասէր էլ-Տին յայտնեց, որ նախարարութեան մասնագէտները քննած են Թաննուրինի գործարանէն, աղբիւրէն ու շուկայէն առնուած շարք մը նմոյշներ, եւ ի յայտ եկած է, որ բոլորը կը համապատասխանեն առողջապահական չափանիշերուն, յիշեցնելով որ նախապէս առնուած նմոյշներուն մէջ առկայ էին մանրէներ: «Ընկերութիւնը աշխատեցաւ գործադրելու մեր նկատողութիւնները եւ այժմ վերստին արտօնութիւն ունի շարունակելու բնականոն աշխատանքը», ըսաւ նախարարը: Այսուհանդերձ, արդիւնաբերութեան նախարարը կարծիք յայտնեց, թէ հարցը ծագած էր տարրալուծարաններէն մէկուն թերի քննութեան պատճառով:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ
Լիբանանի հանրային պաշտօնեաներու համադաշնակցութիւնը յայտարարեց, որ տնտեսական փլուզումին եւ կառավարութեան անտարբերութեան լոյսին տակ, որոշուած է Հինգշաբթի օր գործադուլ յայտարարել հանրային բոլոր հաստատութիւններուն մէջ եւ մամլոյ ասուլիս տալ Տըքուէնէի մէջ՝ անդրադառնալու անտանելի վիճակին եւ ձեռնարկուելիք մագլցողական քայլերուն: «Մեր տուած պայմանաժամը սպառեցաւ առանց շօշափելի որեւէ քայլի: Աւելի չենք կրնար սպասել, որովհետեւ կը հարուածեն հանրային հաստատութիւնները եւ սովի կը մատնեն պաշտօնեաները», յայտարարեց համադաշնակցութիւնը:
ՀԱՅԱԶԳԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ կեդրոնական հատուածի Չիֆթլիք համայնքի ղեկավար ընտրուեցաւ հայազգի Բերք Աճարեանը (թրքերէնով՝ Աճար): Ան ծնած է 1995-ին, Իսթանպուլի մէջ: Դպրոցական ուսումը ստացած է հայկական Սահակեան-Նունեան միջնակարգ դպրոցին, ապա Իմըք վարժարանին մէջ: Աւարտած է Պիլկի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը եւ աշխատած է Շիշլիի իրաւաբանական գրասենեակին մէջ:
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ԿԱԶԱՅԻ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ

Միջինարեւելեան բանակցութիւնները շարունակելու միտումով, ամերիկացի պատուիրակներ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշնէր ժամանեցին Իսրայէլ, ուր բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ քննարկեցին Կազայի վիճակը եւ զինադադարի համաձայնութիւնը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք պնդեցին, որ պատերազմը դադրեցուցած գործարքը տակաւին ի զօրու է ու պարտադիր: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը բացատրեց, որ Կազայի մէջ իրենց նպատակն է վերադարձնել գերիները, ապազինել Համասը եւ տիրապետել Կազայի 50 առ հարիւրին: Կազայի զինադադարը անցնող օրերուն ականատես դարձաւ շարք մը ցնցումներու: Իսրայէլի կառավարութիւնը ձգձգեց Եգիպտոսի հետ Կազայի անցակէտերուն վերաբացումը, պահանջելով որ Համաս նախ յանձնէ մահացած բոլոր գերիներուն աճիւնները: Համաս միւս կողմէ յայտնեց, որ ոչ-բոլոր աճիւնները հասանելի են, որովհետեւ արգելափակուած են փլուզուած շէնքերու բեկորներուն տակ:

