Ս.Դ.Հ.Կ. «Մարօ Նազարբեկեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ իր անդամուհիներէն, Ազգային Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի, ընկերուհի
ՄԱՐԱԼ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ ԻՊՐԱՀԻՄի
մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2025-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Այս տխուր առիթով, վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն, ի մասնաւորի եղբայրներուն՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնի անդամ՝ ընկեր Սարգիս Մուղալեանին եւ ընկեր Վաչէ Մուղալեանին:

