Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայ Մամուլի Օրը. Մտորում Եւ Շնորհաւորանք

«Ա.»

October 18, 2025
in Խմբագրական
0
Հայ Մամուլի Օրը. Մտորում Եւ Շնորհաւորանք

14 Հոկտեմբեր 1794-ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքը տեսաւ հայ առաջին պարբերաթերթին՝ «Ազդարար»-ի լոյսը, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ։ Այդ օրուան ծնունդով սկիզբ առաւ հայ տպագիր մամուլի պատմութիւնը, որ դարերու ընթացքին դարձաւ մեր ազգային մտքի, լեզուի ու մշակոյթի բեմահարթակը։
Հայրենի կառավարութիւնը 2004-ին, 16 Հոկտեմբերը հաստատեց որպէս Հայ Մամուլի Օր, ի նշան հայ մամուլի մեծ առաքելութեան գնահատման։

19-րդ դարուն հայ մամուլը ապրեցաւ աննախադէպ ծաղկում՝ տասնեակներու փոխարէն հասնելով հարիւրաւոր թերթերու եւ պարբերաթերթերու։ Թիֆլիսը, Պոլիսը, Պէյրութը, Փարիզը եղան հայ մամուլի կեդրոններ, ուր լոյս տեսան «Մասիս», «Մշակ», «Հնչակ», «Արեւելք», «Դրօշակ» եւ տասնեակ այլ պարբերաթերթեր։ Նաեւ Մխիթարեան հայրերը իրենց «Բազմավէպ»-ով ու «Հանդէս ամսօրեայ»-ով կերտեցին հայ մշակութային ոսկեդարը։

Բազմաթիւ գաղափարական հոսանքներու կողքին, կուսակցական մամուլը դարձաւ ազգային ինքնագիտակցութեան ձայնասփիւռ՝ «Հնչակ»-էն մինչեւ «Դրօշակ», «Կայծ» եւ «Նոր Խօսք»։

Սակայն 21-րդ դարու պատերազմները, տնտեսական տագնապները, արդիական միջոցներու զարգացումը եւ ընթերցող հասարակութեան նուազումը ծանր փորձութիւններ պատճառեցին հայ մամուլին։ Այսօր ալ, համացանցային տարերքին դիմաց, հայ մամուլը կը մղէ գոյամարտ՝ պահելու իր արժանապատիւ տեղը։ Այնուամենայնիւ, հայ մամուլի կրակը չի մարիր։ Պէտք չէ մարի: Մեր հիներէն ժառանգած սկզբունքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը, բարեբախտաբար, կը մնայ անխախտ եւ ոգեւորիչ:

Գաղափարական մամուլի սպասարկուները, անկախ իւրաքանչիւրի գրաւած պաշտօնէն, կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն՝ խմբագիր, գրաշար, էջադրող, տպագրիչ, ցրուիչ… այս բոլորի ներդաշնակ գործակցութիւնն է, որ կը պահպանէ մամուլին կենսունակութիւնը։ Անոնց կը միացնէ այն անշահախնդիր նուիրումը, որ շահադէտ աչքերէ կը թուի «սեւ աշխատանք», բայց իրականութեան մէջ դաստիարակիչ ու լուսաբեր առաքելութիւն մըն է։ Նիւթական վարձատրութիւնը չէ անոնց ներշնչողը, այլ այն ուխտեալ պարտաւորութիւնը՝ մամուլի խօսքը հասցնել աւելի արագ, աւելի հեռու, ժողովուրդին սրտին։ Թերթի իւրաքանչիւր համարի շտապ ու կանոնաւոր բաշխումը անոնց համար կը նշանակէ նուաճում մը ի սպաս ճշմարտութեան։

Այս խորհրդանշական օրը, կը խոնարհինք հայ մամուլի բոլոր նուիրեալներուն դիմաց՝ գրիչի, խօսքի ու հաւատքի զինուորներուն։
Շնորհաւոր ըլլայ Հայ Մամուլի Օրը։
Թող հայ մամուլի կրակը մնայ անշէջ՝ ի փառս հայ մտքին, հայ խօսքին եւ հայ հոգիին։

Share89Tweet56
Previous Post

Լուրեր. 18 Հոկտեմբեր 2025

Next Post

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (5)‎

Next Post
Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (2)‎

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները - (5)‎

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.