Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 18 Հոկտեմբեր 2025

October 18, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 18 Հոկտեմբեր 2025

ԱՈՒՆ. «ՇՈՒՏՈՎ ՏԱՍԸ ՀԱԶԱՐ ԶԻՆՈՒՈՐ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ ծառայող ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատար զօրավար Տիոտաթօ Ապանիարան, որուն հետ քննարկեց հարաւի վիճակը, պահանջելով իսրայէլեան ուժերուն անյապաղ նահանջը լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն, որպէսզի լիբանանեան բանակը շարունակէ տեղակայուիլ հարաւի մէջ ու ամրապնդէ կայունութիւնը, առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին:

Աուն նշեց, որ բանակը պիտի դիրքաւորուի խաղաղապահներուն տեղակայումի վայրերուն մէջ, երբ 2027-ի աւարտին եզրափակուի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ: Ըստ նախագահին, մինչեւ այդ թուականը հարաւի մէջ տեղակայուած լիբանանցի զինուորներուն թիւը պիտի հասնի 10 հազարի: Ան խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, այդ համարելով Լիբանանի արդիւնաբերական համակարգը կործանելու եւ Լիբանանի վերականգնումը կանխելու դաւադրութիւն մը: Աուն ապահովական եւ քաղաքական հարցերը արծարծեց նաեւ վարչապետ Նաուատ Սալամին հետ: Անոնք խօսեցան նաեւ օրեր առաջ Շարմ Շէյխի մէջ գումարուած համաժողովին արդիւնքներուն մասին: Սալամ ապա ուղղուեցաւ Այն էլ Թինէ եւ տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հետ:

Վերջինս ընդունեց նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հրամանատարը եւ վստահեցուց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, սակայն միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ ճնշել, որ Իսրայէլ եւս յարգէ զայն:

Իսրայէլեան օդուժը աշխոյժ էր անցնող երկու օրերուն եւ բազմաթիւ թիրախներ հարուածեց ոչ միայն հարաւասյին շրջաններուն եւ Պեքայի հարաւային հարուածին մէջ, այլեւ հասաւ նոյնիսկ Պաալպաքի մերձակայ Շմըսթար շրջանը, ուր երկու բնակարաններու ռմբակոծումէն վիրաւորուեցաւ մարդ մը:

 

ԹԱՆՆՈՒՐԻՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ շուկայէն առնուած Թաննուրին ընկերութեան ջուրի նոր նմուշներուն արդիւնքը մաքուր է եւ այնտեղ չկան առողջապահական չափանիշերու խախտումներ: Ըստ նախարարութեան, ընկերութեան գործարանէն առնուած նմուշները այժմ կ’ենթարկուին քննութեան եւ արդիւնքներու յստակեցումէն ետք պիտի գումարուի մամլոյ ասուլիս՝ յայտարարելու յաջորդ քայլերը՝ առողջապահական եւ վարչական պայմանները, որոնք պէտք է յարգել, վերսկսելու համար Թաննուրինի ջուրի շիշերուն արտադրութիւնը:

 

ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԵԿԵՂԵՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեանը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին անունով վարչապետին նուիրեց Վեհափառ հօր գահակալութեան 30-ամեակին առթիւ հրատարակուած հատորը: Վարչապետութեան կայքը հաղորդեց, որ «արքեպիսկոպոսը վարչապետ Փաշինեանին փոխանցած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ջերմ ողջոյններն ու օրհնութիւնը»: Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է եւ իր ողջոյնը փոխանցած է կաթողիկոսին: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են կաթողիկոսութեան գործունէութեան, Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն հետ կապուած իրավիճակին շուրջ: Իսկ Կաթողիկոսութենէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ Շահան սրբազան իր «մտահոգութիւնը յայտնած է ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ, շեշտելով պետութիւն-եկեղեցի համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Միաժամանակ արծարծուած է հոգեւորականներու ձերբակալութեան հարցը եւ այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ լուծումներ որոնելու հրամայականը»: Նշենք, որ հատորէն օրինակներ կը յանձնուին նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահներուն, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑ

Ամերիկեան ծերակոյտը 10-րդ անգամ ըլլալով չկրցաւ վաւերացնել կառավարութիւնը ֆինանսաւորելու նախագիծը, որ կը վայելէ իշխող հանրապետականներուն աջակցութիւնը:  Ծերակուտականններուն դատին ներկայացուած բանաձեւը ստացած է միայն 51 ծերակուտականի զօրակցութիւնը, մինչեւ վաւերացումի համար անհրաժեշտ է առնուազն 60 քուէ: Ուստի, կառավարութիւնը առնուազն մինչեւ Երկուշաբթի երկարաձգեց իր աշխատանքներուն կանխումը՝ ֆինանսաւորումի բացակայութեան պատճառով:

 

ԹՐԱՄՓ-ՓՈՒԹԻՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ՝ ՇՈՒՏՈՎ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ շուտով պիտի տեսակցի Պուտափեշտի մէջ, սակայն առանց բացայայտելու գագաթաժողովին յստակ թուականը: Թրամփ նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ, զրոյցը եղած է դրական եւ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է խօսակցութեան ընթացքին:

 

ՀՈՒՍԻՆԵՐՈՒ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻՆ ՊԵՏԸ ԱՀԱԲԵԿՈՒԱԾ

Եմէնի մէջ իշխող հուսիներուն Անսարալլա կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ իր սպայակոյտի պետ զօրավար Մոհամմատ Ապտ էլ-Քարիմ Ղիմարի ահաբեկուած է իսրայէլեան-ամերիկեան հրթիռային հարուածներով, որոնք թիրախաւորած են բնակելի թաղամասեր եւ տնտեսական ենթակառոյցներ: Ըստ յայտարարութեան, իսրայէլեան հրթիռակոծումէն մահացած են շարք մը այլ զինուորական պատասխանատուներ եւ սպայակոյտի պետին 13-ամեայ որդին:

Share66Tweet41
Previous Post

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

Next Post

Հայ Մամուլի Օրը. Մտորում Եւ Շնորհաւորանք

Next Post
Հայ Մամուլի Օրը. Մտորում Եւ Շնորհաւորանք

Հայ Մամուլի Օրը. Մտորում Եւ Շնորհաւորանք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.