Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (5)‎

 Լ. Շ.

October 18, 2025
in Յօդուածներ
0
Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (2)‎

Եթէ մեզմէ մէկը մեղմօրէն հրէ սփիւռքի հայագիտական հիմնարկներէն մէկուն դուռը ու գլուխը ներս երկարելով հայեացք մը նետէ չորս դին, ի՞նչ պիտի տեսնէ։ — Պիտի տեսնէ ուսանողուհիներ, բայց գրեթէ երբեք՝ ուսանողներ…։

Այո՛, աղջիկները հոս են, սակայն ո՞ւր են մանչերը…։

Մենք մեր ուսանողուհիները կը սիրենք անշուշտ, խտրականութիւն չենք դներ իգական եւ արական սեռերուն միջեւ։ Բայց, խոստովանինք, որ միշտ ալ կարօտով կը սպասենք մանչերու յայտնութիւնը հայագիտութեան բնագաւառին մէջ. մանչեր, որոնք նոր գոյն մը, նոր մթնոլորտ մը կրնային շահեցնել այս մարզին։ Ինչ մեղք սակայն, որ հայագիտական հիմնարկներու այժմու հետեւորդները, գրեթէ առանց բացառութեան, աղջիկներ են։ Արդէն, նկատելի է որ մեր վարժարաններու հայերէնաւանդ այժմու դասատուներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եւս կը պատկանի իգական սեռին։

Մինչդեռ, դեռ մօտիկ անցեալին, մեր վարժարանները զերծ չէին հայերէնաւանդ այր ուսուցիչներէ։ Հալէպի մէջ ունէինք պարոնայք Արմէն Տէր Պետրոսեանը, Հայկ Պարիկեանը, Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Կարապետ Ճուհարեանը, Բիւզանդ Մինասեանը, Ալեքսան Աթթարեանը, Յակոբ Չոլաքեանը (ի կեանս է) եւ ուրիշներ։ Պէյրութը ունէր Սիմոն Սիմոնեանը, Օննիկ Սարգիսեանը, Մուշեղ Իշխանը, Հրաչ Քաջարենցը, Բիւզանդ Եղիայեանը, Եդուարդ Տասնապետեանը, Վահէ-Վահեանը, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, Պէպօ Սիմոնեանը, Պօղոս Սնապեանը, Գէորգ Գանտահարեանը, Յակոբ Մանուկեանը, Սարգիս Կիրակոսեանը, Երուանդ Քասունին (ի կեանս է) եւ դեռ ուրիշներ։

Ի՞նչ պատահեցաւ։ Ինչո՞ւ այս սքանչելի սերունդը հետեւորդներ չունեցաւ։

Պատճառները այլազան են։ Բայց չոր իրականութիւնը այն է, որ վերոնշեալ դէմքերը կատարեցին իրենց առաքելութիւնը ու մեկնեցան։ Նորեր չեկան անոնց փոխարէն։ Մեր կրթական պատասխանատուները արդէն միշտ կը նկատէին որ մանչերը «տաք» չէին հայերէնի նկատմամբ, բացարձակապէս հակում չունէին դէպի ուսուցչական ասպարէզը։

Հիմա պիտի ընդունինք այլեւս, որ հայերէնի դասաւանդութիւնը այսուհետեւ վստահուած է (հաւանաբար՝ անվերադարձօրէն) ուսուցչուհիներու։ Եւ այս երեւոյթը լայն չափով իր ծածկոցին տակ սկսեր է առնել գիր-գրականութեան միւս բնագաւառներն ալ։ Օրինակ, սփիւռքահայ մամուլի խմբագիրի աթոռներն ալ, ամէնուրեք, սկսեր են գրաւուիլ իգական սեռի ներկայացուցիչներէ, պարզապէս որովհետեւ այր խմբագիրներ ճարել դժուարացած է…։

Մինչդեռ, բոլորս ալ գիտենք, որ հայ գիրի աշխարհին մէջ դարեր շարունակ ջախջախիչ գերակշռութիւն ունեցած էին այրերը։ Կիները միշտ մնացեր էին լուսանցքի վրայ։ Բայց գետը հուն փոխած է այլեւս։

Հայերէնագէտ տղաք կամ ուսուցչական-խմբագրական ասպարէզին նուիրուելու պատրաստակամ մանչեր կրնա՞ն յայտնուիլ մօտիկ ապագային։ Լաւատես ըլլալու տուեալներ չունինք դժբախտաբար։

Բայց հոգ չէ։ Կարեւորն այն է, որ այդ նուիրական ասպարէզները բոլորովին անտէր չմնան։ Կարեւորն այն է, որ մենք՝ սփիւռքահայերս, հայերէնաւանդ որակաւոր ուսուցչուհիներ հայթայթենք մեր վարժարաններուն։

Մենք դպրոցավարական լայն փորձառութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք։ Աւելի քան հարիւր տարիէ իվեր կ’ապրինք սփիւռքի մէջ ու շատ բան սորված ենք մեզ շրջապատող քաղաքակրթութիւններէն։ Եթէ կը հաւատանք Հայ Դպրոցի առաքելութեան, ուրեմն ստանձնե՛նք մեզի վիճակուած աշխատանքները, առանց ընկրկելու ծանր պարտաւորութիւններու խութերուն դիմաց…։

Մեր քաղաքական, հոգեւոր եւ ազգային վերին մարմիններու օրակարգին մաս պէտք է կազմէ հայերէնաւանդ հմուտ ուսուցիչի պատրաստութեան հարցը։

Ի՞նչ կը նշանակէ հմուտ ուսուցիչ։«Հմուտ ուսուցիչ/ուսուցչուհի» ըսելով կը հասկնանք այն դասատուն, որ լաւապէս սերտած կամ ուսումնասիրած է մեր բովանդակ գրականութիւնը, կը տիրապետէ մեր լեզուին կատարելապէս։ Ան կը սիրէ դասաւանդել, կ’ախորժի իր գիտելիքներու լայն պաշարը դիմացիններուն փոխանցելէ։ Կը խօսի ու կը բացատրէ կիրքո՛վ, խանդավառութեա՛մբ։ Հայերէնաւանդ ուսուցիչը կատարեալ է՝ եթէ իւրացուցած ու որդեգրած է Մեսրոպ Մաշտոցի ազգային քաղաքականութիւնը, այսինքն՝ իր հոգիին մէջ կը կրէ հայ ժողովուրդի մե՜ծ ձգտումները։

Հայագիտական հիմնարկներու մեր սիրելի շրջանաւարտները, սկզբնական շրջանին, բնականաբար պիտի չունենան այդ հմտութիւնը։ Ատիկա պիտի գոյանայ տակաւ առ տակաւ, տարիներու անհամար կուտակումներով։ Պայմանաւ որ երբեք չձանձրանան պրպտելէ, կամ չյոգնին, կամ ծուլօրէն չբաւարարուին իրենց ունեցածով։ Երկարաշունչ ընթացք մըն է հմտութիւնը, որ երբեմն կ՛երկարի մինչեւ մեր վերջին շունչը…։

Պէտք է այժմէ՛ն ապահովենք 2035, 2045 թուականներու մեր հայերէնաւանդ ուսուցիչները։

Չեմ գիտեր, թէ սփիւռքահայ դպրոցը, այդ ոչ-հեռաւոր թուականներուն ինչպիսի՞ վիճակ մը պիտի պարզէ։

Արդեօք պիտի ունենա՞նք աշակերտներ, որոնք անհամբեր կը սպասեն հայերէնի դասապահերը, ուսուցիչին «բերնէն կը կախուին», շարունակ խելացի հարցումներ կ’ուղղեն անոր, նախանձախնդիր են որ գեղեցիկ ձեռագիր ունենան, հեզասահ կը կարդան ու կը գրեն։ Աշակերտներ, որոնք հաճոյքով կ’ըմբոշխնեն Մեծարենցի մը կամ Թէքէեանի մը մասին ուսուցիչին գրական վերլուծումները։ Աշակերտներ, որոնք դպրոցին գրադարանէն գիրք փոխ կ’առնեն…։

Երա՞զ է մեր այս պատկերացումը, թէ՞ պարզապէս հաւատք մը, որ հայ դպրոցը հայապահպանումի միջնաբերդն է։

 

(վերջ այս շարքին)

 

Share63Tweet40
Previous Post

Հայ Մամուլի Օրը. Մտորում Եւ Շնորհաւորանք

Next Post

Հաւատքի Վկայ Եւ Սրբավայրեր Վերանորոգող` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Next Post
Հաւատքի Վկայ Եւ Սրբավայրեր Վերանորոգող` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հաւատքի Վկայ Եւ Սրբավայրեր Վերանորոգող` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.