Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակութային բաժնին, կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան, Շաբաթ եւ Կիրակի, 11-12 Հոկտեմբեր 2025-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ THE YOUTH BAND նուագախումբին տասնամեակի յոբելենական համերգը՝ ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Վիգէն Չալեանի։
Երաժշտահանդէսը բացուեցաւ մտաւորական տիար Աւետիս Տիպանի բացման խօսքով, որուն մէջ ան շեշտեց Թ.Մ.Մ.-ի առաքելութիւնը՝ հայապահպանման ու ազգային մշակոյթի տարածման համար։ Տիպան ընդգծեց Միութեան դերը բազմաթիւ մարզերէ ներս մշակութային ու հասարակական կեանքը աշխուժացնելու գործին մէջ։

Նուագախումբը կը բաղկանար 23 արուեստագէտներէ՝ ջութակ, թաւ ջութակ, տուտուկ, սրինգ, քլարինէթ, սաքսոֆոն, թրամբէթ, դաշնամուր, կիթառ, պէյս կիթառ, percussion եւ հարուածային՝ drums:
Խմբավար Վիգէն Չալեանի հետեւողական եւ տիտանական աշխատանքը ակնյայտ էր։ Հեշտ գործ չէ մեր օրերուն նման բազմանդամ, մեծաւ մասամբ երիտասարդ նուագախումբ մը շաբաթական կանոնաւոր փորձերով պատրաստել եւ բեմ բարձրացնել բարձր մակարդակի համերգ մը։ Տիտանային այդ յաջողութեան համար մայեսթրօ Չալեան արժանի է ամենաջերմ շնորհաւորութիւններու։

Նշանակալի էր նաեւ Թէքէեան մշակութային միութեան վարչութեան համբերատար եւ նուիրեալ աշխատանքը՝ լիբանանահայ մշակութասէր հանրութեան առջեւ պատշաճ կերպով ներկայանալու։ Վարչութիւնը եւ խմբավարը, ամիսներ շարունակ համագործակցելով, յաղթական կերպով ներկայացան THE YOUTH BAND-ի տասնամեակի յոբելենական բեմին վրայ։ Բոլորին վարձքը կատար։
Յատկանշական նորութիւն էր քանի մը երգերու ընթացքին Թ.Մ.Մ.-ի «Վան» պարախումբէն չորս պարմանուհիներու, որպէս երկրորդ ֆոն, հայկական պարերով ելոյթը, որ աւելի հաճելիօրէն հնչեղ գունաւորում մը տուաւ ելոյթին (պարուսոյց Արին Սեֆերեան):
Յայտագիրը, բաղկացած 16 բաժիններէ, կ’ընդգրկէր հայկական եւ օտար՝ զանազան սեռի երգեր եւ նուագներ։ Նուագախումբը իր վարպետութիւնը ցոյց տուաւ երեք բացառիկ գործերով, իսկ տուտուկահար Սէրլի Նեմշեհիրեանը իր նուրբ հնչիւններով հմայեց ներկաները։

Մօտ մէկուկէս ժամ տեւող համերգին երգեցիկ բաժինը իրենց ուսերուն առած էին շնորհալի արուեստագէտներ Յովիկ Թաֆրանեանը՝ 6 երգով (որոնցմէ երկուքը՝ զուգերգ), Ալիս Իփրաճեանը՝ 4 երգով (մէկը՝ զուգերգ), Հայկանա Մուրատեանը՝ 2 երգով (մէկը՝ զուգերգ), եւ փոքրիկ արուեստագիտուհի Կալիա Գարղայեանը՝ 2 երգով։
Ալիս Իփրաճեանին վստահուած էր համերգը փակելու պատիւը՝ «Ղարաբաղ» երգով, որուն յաջորդած երկարատեւ ծափահարութիւնները ստիպեցին զինք ու նուագախումբը կրկնելու «Միասնութեան պար» երգը։ Այդ պահուն հանդիսատեսէն ոմանք համակուեցան ուրախութեան ոգիով՝ սրահին մէջ շուրջպար բռնելով։

Ամփոփելով՝ կրկին շնորհաւորենք THE YOUTH BAND-ի տասնամեակը։ Վարձքը կատար գլխաւոր հովանաւորին` Թէքէեան մշակութային միութեան վարչութեան, խմբավար Վիգէն Չալեանին, նուագախումբի բոլոր անդամներուն, երգիչներուն եւ «Վան» պարախումբի չորս ծաղիկներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս կամ այլ ազգապահպան միջոցներով սատար կը հանդիսանան լիբանանահայութեան այս եզակի, երիտասարդ եւ անխախտ մնացող BAND-ի յարատեւութեան։

