Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լոյսի Տօնը Մեր Վարժարաններուն Մէջ

October 16, 2025
in Գաղութային
0
Լոյսի Տօնը Մեր Վարժարաններուն Մէջ

Անցնող շաբաթավերջին հայկական վարժարանները նշեցին հայոց գիրերու գիւտին նուիրուած Թարգմանչաց տօնը՝ վեր առնելով Սուրբ Թարգմանիչներու անժամանցելի պատգամը։ Այս տօնը խորհրդանշանն է հայ դպրութեան եւ մշակոյթի վերածնունդին, որ դարեր շարունակ պահպանեց մեր հոգեմտաւոր ինքնութիւնը։ Այսօր եւս Սրբոց Թարգմանչաց տօնը կը մղէ հայութիւնը՝ ամրապնդելու իր դպրոցներն ու գիրի սէրը՝ իբրեւ գոյատեւման ու վերանորոգման կռուան։
Լիբանանահայ վարժարաններու դիմատետրու էջերէն քաղուած հինգ վարժարաններու տօնական ձեռնարկներէն փունջ մը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ ի յարգանք մեր լուսաւորիչ մեծերուն։ Թող ներուի եթէ մեր դիմատետրային պրպտումները այս տարի ամբողջական չեղան։

«Ա.»

 

ՀԲԸՄ Վարժարաններ


Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, 4-12-րդ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանը։ Թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ շրջելով՝ աշակերտները հայկական ժառանգութեան գանձերու նմոյշները յայտնաբերեցին՝ հին մատեաններէն մինչեւ արուեստի աչքառու գործերը։ Իւրաքանչիւր ցուցասրահ՝ դարերու խորքէն եկող մեր հարուստ պատմութեան մէկ մասնիկը կը ներկայացնէր, եւ կը նշէր հայուն սէրն ու կապուածութիւնը իր հայրենիքին ու հաւատքին հանդէպ:
Այս այցելութեան ընթացքին, աշակերտները ականատես եղան մեր անցեալի հարուստ մշակոյթին, եւ անդրադարձան, թէ որքա՛ն կարեւոր է այս ժառանգութեան, մշակոյթի, լեզուի եւ արժէքներու փոխանցումը եկող սերունդներուն:

 

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան


Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ին, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները նշեցին Թարգմանչաց տօնը։ Տիկին Արին Գալուստեան՝ այս առիթով հրաւիրուած էր դպրոց, փոխանցելու հայ թարգմանիչներու կատարած անզուգական գործը։ Ան ներկայացուց հայ լեզուին իւրայատկութիւնը, խօսեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին եւ գործունէութեան մասին։ Անդրադարձաւ նաեւ այբուբենի ստեղծած արժէքներուն եւ մեզի փոխանցուած ժառանգութեան մասին։

 

Վահան Թեքէեան Միջնակարգ Վարժարան

14 Հոկտեմբեր 2025-ին, վարժարանի սրահէն ներս նշուեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնը, ուր աշակերտները ներկայացան կոկիկ յայտագիրով մը հայօրէն երգելով, արտասանելով ու պարելով: Ապա օրուան հիւր բանախօսը՝ Հայ կաթողիկէ Սրբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան աշակերտութեան փոխանցեց ոգեշունչ եւ հոգեպարար պատգամ մը:

 

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ
Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ին, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, «Սրբոց Թարգմանչաց Տօն»ին առիթով, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերապայծառ Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթերեանի յատուկ տնօրինումով, այցելեցին Զմմառի վանք, ուր ջերմօրէն ընդունուեցան Մայրավանքի ներքին մատակարար, թանգարանապետ եւ մատենադարանապետ` գերպ. Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին եւ բրշ. Նշան սրկ. Հաննէշեանին կողմէ:


Բրշ. Նշան սարկաւագ հաղորդական ձեւով աշակերտներուն փոխանցեց «Թարգմանչաց» խորհուրդը, շեշտելով հայ գիրի ու գրականութեան, Հայոց պատմութեան եւ հաւատքի միասնութեան անգնահատելի արժէքը, ինչպէս նաեւ անոնց թելադրեց սիրել եւ պահպանել հայ գիրն ու լեզուն՝ իբրեւ ինքնութեան հիմք եւ հաւատքի անբաժան մէկ մաս։
Ապա, պերպ. Հայր Նարեկ աշակերտներուն ներկայացուց վանքին պատմականը, Տիրամայր Զմմառու հրաշագործ պատկերին շուրջ եղած վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ վանքին եւ վանականներուն առաքելութեան եւ հերոսական անցեալին մասին հետաքրքրական դրուագներ, յետոյ խօսեցաւ վանքին հոգեմտաւոր եւ մշակութային արժէքներուն մասին:
Աշակերտները շրջեցան վանքին թանգարանն ու գինեմարանը՝ հիանալով հին վանական իրերով եւ գինեգործութեան դարաւոր աւանդութեամբ, որոնք մինչեւ օրս կը պահպանուին Զմմառի սրբազան պատերուն մէջ։

 

Հայ Աւետարանական Գոլէճ

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերին, նշուած է Սրբոց թարգմանչաց տօնը։ Աշակերտներ իրենց ասմունքով, երգով եւ խօսքով փառաբանեցին մեր մայրենին։ Օրուան պատգամաբերն էր հոգշ. Հ. Աբրահամ աբեղայ Ճուլֆայեան, որ շատ հաղորդական ոճով բացատրեց օրուան խորհուրդը, եւ թէ այն ինչ թելադրականութիւն ունի այսօր։ Իր փակման խօսքին մէջ տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ ուսուցիչներուն եւ մասնակից աշակերտներուն, զանոնք բնորոշելով որպէս Մաշտոցի զինուորներ։

Share64Tweet40
Previous Post

The Youth Band-ի Տասնամեակի Յոբելենական Երաժշտահանդէսը

Next Post

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

Next Post
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.