Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոնին Մէջ Փառաւորուեցաւ Համբիկ Մարտիրոսեանի Գրական Վաստակը

«Ա.»

October 16, 2025
in Գաղութային
0
ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոնին Մէջ Փառաւորուեցաւ Համբիկ Մարտիրոսեանի Գրական Վաստակը

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բարձրորակ մշակութային երեկոյ մը՝ նուիրուած լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, հրապարակագիր եւ հրապարակախօս Համբիկ Մարտիրոսեանին եւ անոր երեք նոր հատորներուն՝ «Բաժակ մը սէր», «Կեանք ու կարօտ – Երազ ու սէր» եւ «Նոր հայերգութիւն»։ Երեկոն կը վայելէր ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի հովանաւորութիւնը, եւ ներկայութիւնը Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Տէր Շահէ արք. Փանոսեանի, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, միութենական եւ մտաւորական լայն շրջանակի։

Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» Մշակութային յանձնախումբի անդամ Աւետիս Տիպան, որ անդրադարձաւ շնորհահանդէսի խորհուրդին՝ զայն կապելով Թարգմանչաց տօնին։

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան երիտասարդ արուեստագէտներ՝ սաքսոֆոնահար Սարօ Մարտիրոսեան եւ դաշնակահար Համբիկ Մարտիրոսեան եղբայրները, Արնէլեան քոյրեր՝ Նայիրի (շուի) եւ Նանոր (դաշնակ), երգչուհի Միրէյ Քիւթիւքճեան՝ դաշնակահարուհի Մարալ Արնէլեանի նուագակցութեամբ, ասմունքողուհիներ Անի Եփրեմեան եւ Լիանա Ամիրխանեան, ինչպէս նաեւ սաքսոֆոնահար Գրիգոր Արնէլեան, արուեստի բարձրորակ պահեր պարգեւելով հանդիսատեսին։

Ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադիր նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի ջերմ ու գնահատանքով լեցուն պատգամը՝ նուիրուած Համբիկ Մարտիրոսեանին, զայն ընթերցեց վարչականուհի Մարալ Արնէլեան։

Բանախօսներ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շըխըրտըմեան, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան եւ Ազգային Քաղաքական ժողովի ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան արժեւորեցին Համբիկ Մարտիրոսեանի բազմամեայ ծառայութիւնը՝ գրական, խմբագրական եւ միութենական ասպարէզներու մէջ։ Անոնք ընդգծեցին անոր մտաւորական քաջութիւնն ու անխոնջ նուիրումը ազգային գործին։

Երեկոյի գագաթնակէտը եղաւ «Շողերգ» երգեցիկ խումբի ելոյթը՝ գլխաւորութեամբ դաշնակահար Թորոս Հալաճեանի եւ ղեկավարութեամբ տիար Համբիկ Մարտիրոսեանի: Հնչած ազգային երգերը ստեղծեցին տպաւորիչ ու խանդավառ մթնոլորտ։

Ապա, Առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ եւ օրուան բանախօսներուն մասնակցութեամբ կատարուեցաւ երեք հատորներու «մկրտութեան» արարողութիւնը, որուն յաջորդեց կարկանդակի հատում ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամներ՝ տիկին Սիլվա Լիպարիտեանի, դոկտ. Դալար Աթէշեանի, տիար Յակոբ Ճըղըլեանի եւ տիար Յակոբ Տանձիկեանի մասնակցութեամբ:

Շնորհահանդէսի աւարտին, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովի անունով Սիլվա Լիպարիտեան յուշանուէր մը յանձնեց «օծեալ» երեք հատորներու հեղինակին։

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ բանաստեղծ, «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովին, շնորհահանդէսը հովանաւորողին, Առաջնորդ սրբազան հօր, բանախօսներուն, գեղարուեստական բաժնի բոլոր մասնակիցներուն եւ մշակութասէր հանդիսատէսին։

Երեկոն աւարտեցաւ համընդհանուր ջերմ մթնոլորտով՝ վերածուելով հայ գիրի, արուեստի եւ մշակոյթի գեղեցիկ տօնակատարութեան։

Share64Tweet40
Previous Post

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (4)‎

Next Post

The Youth Band-ի Տասնամեակի Յոբելենական Երաժշտահանդէսը

Next Post
The Youth Band-ի Տասնամեակի Յոբելենական Երաժշտահանդէսը

The Youth Band-ի Տասնամեակի Յոբելենական Երաժշտահանդէսը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.