Ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն, ուսուցչանոց, նիւթական խայծեր՝ ուսուցչական ասպարէզի թեկնածուներուն…։
Վերեւ նշուած ծրագրերը գործնականացնելու համար մեր դպրոցները պէտք ունին հեռանկար ու տեսլական ունեցող վարիչներու (տնօրէն թէ հոգաբարձու, Ուսումնական խորհուրդ թէ Կրթական յանձնաժողով)։
Եկէ՛ք հարց տանք սրտբացօրէն ու պատասխանենք անկեղծութեամբ.
— Հայկական մեր վարժարանները իրենք իրենց համար հայերէնաւանդ նոր ուսուցիչներ պատրաստելու շօշափելի նախաձեռնութիւն առա՞ծ են ցարդ։
Պիտի չկարենանք դրականօրէն պատասխանել այս հարցումին։
Կ’երեւի թէ անկարելի է մեր դպրոցներու շրջանաւարտներէն 2-3 պիտանի ու եռանդուն ուսանողներ նոյն քաղաքին (անմիջականօրէն նկատի ունինք Պէյրութն ու Հալէպը) հայագիտական հիմնարկը ուղարկել՝ զանոնք ապագային իբրեւ դասատուներ պաշտօնի կոչելու համար։ Բայց իրապէ՞ս անկարելի է նման բան։
Անկարելի՞ է կոչում ունեցող գրասէր ու փայլուն շրջանաւարտներ գտնել, տնտեսական երաշխիքներով համոզել զանոնք, նոյնիսկ հոգալ անոնց ուսման այլեւայլ ծախսերը, մօտէն հետեւիլ անոնց ուսումնական երթին ու այդպիսով՝ ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ։
Մեր բոլո՜ր-բոլո՜ր կրթական մարմիններն ալ,– ներողամիտ թող ըլլան,– հեռանկարի ու մա՛նաւանդ տեսլականի պակաս ունին։ Այո՛, անոնք շատ լաւ գիտեն շէնքեր նորոգել, դասարանները յարդարել, շքեղ հանդէսներ սարքել, ազգասիրական լոզունգներու անձնատուր ըլլալ բեմերէն, պաքալորէայի փայլուն արդիւնքներով հպարտանալ, բայց հայերէնի ուսուցման ապագայ մօտալուտ վտանգը ՉԵՆ ՏԵՍՆԵՐ, Կ’ԱՆԳԻՏԱՆԱՆ։ Մեր դպրոցները դո՛ւրս պէտք է գան այլեւս իրենց քանդիչ կրաւորականութենէն։ Անոնք պէտք չէ յուլօրէն սպասեն, որ հայ դեռատի օրիորդ մը ինքնեկ կերպով Հայագիտականի ուսանող դառնայ, յետոյ աւարտէ դասընթացքները, որպէսզի օր մը զայն պաշտօնի հրաւիրեն…։ Ո՛չ։ Նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ ուղղա՛կի հայ դպրոցներէն։
*
Հայագիտական հիմնարկները սերտօրէն առնչուած են մեր դպրոցներուն։ Պորտակապ մը կայ անոնց միջեւ, որ թերեւս անտեսանելի է։
Մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ անկարելի է ակնկալել, որ հայերէնաւանդ ուսուցիչ մը ինքնուս ըլլայ, ինքզինք մշակած ու կոփած ըլլայ սոսկ ինքնաշխատութեամբ, յարատեւ ինքնազարգացումով։ Երանի՜ այդպէս ըլլար…։ Անիրականանալի երազ մըն է ատիկա։ Երանի թէ մեր շուրջ տեսնէինք մանկամարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք 15 տարեկանէն սկսեալ արտակարգ ու հիասքանչ սէր մը կը սնուցեն հայերէնի նկատմամբ, շարունակ գրականութիւն կ’ընթերցեն, գրական ճաշակ մը կը զարգացնեն իրենց ներսիդին, հայ մամուլ կը կարդան ամէն օր, գրելու փորձեր կ’ընեն, երբեմն մեր մշակութային կեանքին մասնակցութիւն կը բերեն կարճ բանախօսութիւններով, ինքնաբուխ մերձեցումով կը սերտեն մեր լեզուին հիմնական քերականութիւնը, կ’աշխատին կատարելագործել իրենց բառամթերքը, ուշադիր են ուղղագրական ու կէտադրական օրէնքներու եւ այլն, եւ այլն։
Բայց ո՞ւր են այսպիսի համբուրելի տիպարներ…։ Չկա՛ն։ Ինքնուս Յակոբ Օշական մը պիտի չկրկնուի։ Անհետացա՜ծ սերունդի մը կը պատկանէր ան։
Հիմա ուրկէ՞ պիտի գան, ո՞ր ակութէն պիտի հասնին հայերէնաւանդ ուսուցիչները։
Ակնբախ իրողութիւն է, որ Միջին Արեւելքի մեր հայկական երկրորդական վարժարանները (Պէյրութ, Հալէպ, Գահիրէ, Կիպրոս կամ Պոլիս), հայեցի կրթութեան ու հայագիտական ուսումնառութեան տեսակէտէ, այլեւս բոլորովին կորսնցուցած են իրենց երբեմնի փայլքը։ Հոնկէ շրջանաւարտ մը բացարձակապէս ի վիճակի չէ հայերէնաւանդ ուսուցիչի ամպիոնին ետին կանգնելու…։ Չունի այդ պատրաստութիւնը։
Այնուհանդերձ, հայերէնաւանդ ապագայ ուսուցիչը պիտի գայ կամ կրնայ գալ մի՛միայն հոնկէ՝ հայ դպրոցէն։ Ուրիշ ո՛չ մէկ օճախ կրնայ կորիզը պատրաստել հայ ուսուցիչին։ Հայերէնաւանդ ուսուցիչին բեղմնաւորման միա՛կ արգանդը հայ դպրոցն է։
Բայց անհրաժեշտ է այդ կորիզը ուռճացնել, սնանել, շաղել, կոփել, յղկել՝ որպէսզի պատրաստ ըլլայ ան հայերէնաւանդ ուսուցիչի քղամիդը իր ուսին առնելու ու դասարան մտնելու…։
Այս դժուարին գործը,– առաքելութի՛ւնը,– վիճակուած է հայագիտական հիմնարկներուն։ Եւ հոսկէ մեկնած՝ շեշտեցինք արդէն ու անգամ մը եւս կը շեշտենք, թէ անհրաժեշտ ու անյետաձգելի պահանջք մըն է երկամեայ ուսուցչանոցներու կամ եռամեայ\քառամեայ հայագիտական ամպիոններու հաստատումը սփիւռքի մեր հայահոծ գլխաւոր գաղութներուն մէջ։
Այս պահանջքը պէտք է դառնայ վարակիչ՝ համասփիւռքեան շարժումի մը վերածելով զայն։ Հայ Դպրոցը պէտք է ստանայ նո՛ր արիւն ու փոխակերպուի իսկակա՛ն ամրոցի։ Սահմանակից ու մերձաւոր գաղութներն ալ հարկ է որ օժանդակեն մէկզմէկու՝ մարդուժ փոխանակելով իրարու հետ ու փորձառութիւններ կիսելով այս մարզին մէջ։
Կը բանանք փակագիծ մը եւս։ Հայերէնաւանդ ուսուցիչներու հարցին զուգահեռ՝ աչալրջօրէն պէտք է մօտենալ տնօրէններու ընտրութեան ալ։ Գիտենք, որ անտեսուած հարց մըն է այս եւ որ յաճախ կը հպատակի կրթական ձեռնհասութենէ տարբե՜ր նկատառումներու…։ Իրողութիւն է սակայն, որ ամէն անգամ երբ հայկական դպրոցի մը տնօրէնը հանգստեան կը կոչուի կամ պաշտօնէ կը դադրի՝ կրթական պատասխանատուները խուճապի կը մատնուին։ — Ո՞վ պիտի փոխարինէ նախկին տնօրէնը։ Ուրկէ՞ ճարել նոր տնօրէն մը (Հալէպի մէջ ունինք դպրոց մը, որ չորս տարիէ տնօրէն չունի…)։
Իրականութեան մէջ, պաշտօնի հրաւիրուող նոր տնօրէնը եւս, վարչական, հանրային-յարաբերական ինչ-ինչ փորձառութեանց կողքին, պէտք է ունենայ հայերէնագիտական որոշ պաշար մըն ալ։ Իր այս պաշարը մեծապէս կը նպաստէ, որ ան բծախնդրութեամբ վերահսկէ իր ղեկին յանձնուած դպրոցին հայկականութեան անաղարտութիւնը։ Կարեւոր, զգայուն եւ ճակատագրական կէտ մըն է այս։
(Շարունակելի)

