19 Հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը։
Ստորեւ, հարցազրոյց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի հետ:
Հարցում.- Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութենէն սկիզբ կ’առնէ իր վարքը։ Ո՞վ է ան։
Պատասխան.- Աւազանի անունով Շուքրալլա Մալոյեան, ծնած է 1869-ին, Մարտին, բարեպաշտ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Մանկութենէն վատառողջ, միեւնոյն ժամանակ չափազանց բարեպաշտ ըլլալուն, տեղւոյն վիճակաւոր՝ Մելքոն Արք. Նազարեան բացայայտելով երեխային ջերմեռանդութիւնը, ծնողներուն հաւանութեամբ եւ իր բուռն փափաքին ընդառաջելով, զինք կ’ուղարկէ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանը` մարգարէանալով անոր հետագան։ Վտիտ երեխան, քանի մը տարի Զմմառու ցուրտին տոկալէ ետք` հիւանդութիւնը յաղթահարելու եւ ապաքինուելու համար, 1888-ին կը հարկադրուի վերադառնալ իր ծննդավայրը։
Հ.- 21-ամեայ Մալոյեանի կազմաւորման 2-րդ փուլը Զմմառու ընծայարանին մէջ ինչպէ՞ս հունաւորուած է։
Պ.- Մեկնած Սուրբին ինքնակենսագրութենէն եւ այլ վաւերագրերէ, ան 1891-ին ապաքինուած կը վերադառնայ դպրեվանք, ուր փայլուն գնահատականներով կ’աւարտէ իմաստասիրութիւնն ու աստուածաբանութիւնը եւ 1896-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` ստանալով Իգնատիոս անունը։ Եւ որովհետեւ իր դաստիարակները Մալոյեանի մէջ բացայայտած են մանկավարժական եւ հոգեբանական մօտեցման հմտութիւններ, զինք կը նշանակեն վանաբնակ հայրերու եւ նորընծաներու հոգեւոր հօր պաշտօնին, որ կը վարէ ամենայն բծախնդրութեամբ։ Այս կ’ըլլայ սուրբին ապագայ առաքելութեան մեկնարկը։
Հ.- Ինչպիսի՞ առաքելութիւն ծաւալած է։
Պ.- 1898-ին կը նշանակուի Եգիպտոս, ուր հերթաբար Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ միջեւ հեւքի մէջ կ’ըլլայ։ Ան այնտեղ բարի հովիւի վաստակ ձեռք կը ձգէ, այս կը վկայեն վաւերագրերը։ Բծախնդրօրէն հետեւած է եկեղեցւոյ բարեկարգման եւ ծաղկման գործերուն։ Ի տես իր գրագիտութեան` Պոլիս գործուղուելով կը ստանձնէ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան պատրիարքին քարտուղարի պաշտօնը։ Պատրիարքը իրեն «Գերյարգելիութեան» տիտղոսը կը շնորհէ։ Ապա դարձեալ Աղեքսանդրիա կը ղրկուի, ուր մինչեւ 1910 կը ծառայէ։ 1910 թուականը անկիւնադարձային եւ բախտորոշ կ’ըլլայ հետագայ սուրբի կեանքի ոդիսականին համար։
Հ.- Մարտինը Մալոյեանի կեանքի սկիզբն ու աւարտը ուրուագծող կեդրոն հանդիսացած է։ Ի՞նչ պատահած է այնտեղ։
Պ.- 1910-ին, օրուայ հոգեւոր դասի եւ ժողովուրդի միահամուռ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, Մալոյեան կ’ընտրուի Մարտինի հոգեւոր հովիւը։ Այնտեղ, ան ճիգերու գերագոյն լարումով կը լծուի առաջին հերթին մասամբ փլատակ դարձած կաթողիկէ հայոց եկեղեցիները վերանորոգելու աստուածահաճոյ գործին եւ զարկ կու տայ համաքաղաքացիներու արաբախօս տարրին համար մայրենին վերականգնելու ազգանուէր աշխատանքին։ Արդէն ծայր առած եւ հետզհետէ մոլեգնող թրքական հալածանքներէն իր հօտը զերծ պահելու միտումով հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն կը վարէ, որպէս խաղաղասէր՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին շքանշան կը ստանայ։ Այնուամենայնիւ, թրքական իշխանութիւնները զինք կ’ամբաստանեն առաջնորդարանին մէջ զէնք-զինամթերք պահելու կեղծ մեղադրանքով։
Հ.- Ինչպիսի՞ եղերական վախճան կ’ունենայ:
Պ.- Մալոյեանի նահատակութիւնը եղերական էր եւ սահմռկեցուցիչ։ Ան գիտակցուած մահուան ընդառաջ գնաց, որովհետեւ կը հաւատար, որ Քրիստոսի համար զոհուիլ կը նշանակէր սրբութեան հասնիլ: Այդպէս ալ եղաւ։ 10 Յունիս 1915-ին, Մալոյեան եւ իր հօտէն 416 հոգի, նաեւ կղերից դասը, իրար շղթայակապ Մարտինէն դուրս կը տարուին: Ճանապարհին զինուորները կալանաւորներէն ոմանց կ’անջատեն եւ կ’առաջնորդեն, ապա կը կողոպտեն, ետքը՝ կը սպաննեն: 11 Յունիս 1915-ին, բազմաթիւ չարչարանքներ կրելէ ետք, Մալոյեան Մարտինէն Տիարպեքիր աքսորի ճանապարհին կը բախի Մամտուհ պէյի հարցաքննութեան՝ կապուած եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանին մէջ կարծեցեալ թաքնուած զինամթերքի մասին, եւ փրկուելու համար կը պահանջէ անկէ ընդունիլ մահմետականութիւնը: Առաջնորդը խստիւ կը մերժէ՝ ըսելով.«Կ’անտեսես ինչ որ ըսի եւ հաստատեցի քեզի, ամբաստանութիւններդ ինծի նկատմամբ անհիմն են, ես երբեք չեմ ուրանար հաւատքս, շտապէ՛ եւ զիս սպաննէ՛ եւ հասցու՛ր զաւակներուս, որ մասնակից դառնամ իրենց երկնային հարսանիքին»: Մամտուհ պէյ քանի մը վայրկեան կը վարանի եւ դարձեալ կը հարցնէ՝ «կ’ընդունի՞ս մահմետականութիւնը որպէս կրօնք»: Գերապայծառը վճռականօրէն կը պատասխանէ. «Զարմանալի է հարցումդ, որովհետեւ կ’ապրիմ եւ կը մեռնիմ իմ ճշմարիտ հաւատքիս համար եւ Քրիստոսի Խաչը իմ հպարտանքս է, Տէրս եւ Աստուածս»: Այն ատեն, զայրացած Մամտուհ պէյ ատրճանակով կը կրակէ Մալոյեանին։ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան` Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեան կը նահատակուի։
Հ.- Նահատակութենէն առաջ կատարած հրաշքի մասին կարելի՞ է մանրամասնել։
Պ.- Մալոյեան, ի տես հօտին հետ կատարուած ողբերգութեան, Մամտուհ պէյին դիմելով՝ կ’ըսէ. «Անտարակոյս ես ալ նոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուիմ մնացած հաւատացեալներուս հետ: Կը խնդրեմ քեզմէ, արտօնէ ինծի, վերջին անգամուան համար խօսք մը ուղղեմ հօտիս»: Մալոյեանի խնդրանքին կ’ընդառաջէ: Երբ Մամտուհ պէյի զինուորները կը հեռանան, Առաջնորդը եւ հաւատացեալները թախանձագին կ’աղօթեն Տիրոջ, որ իրենց օգնէ` նահատակութեան շնորհքը ընդունելու: Ապա, Մալոյեան կը սրբագործէ հացը, քահանաները սուրբ մասնիկները կը բաշխեն հաւատացեալներուն: Այս երկնային արարողութեան ականատես եղող զինուորները կը պատմեն, թէ լոյսի թանձր ամպ մը ծածկեց Քրիստոսի մարտիկներու փաղանգը, զանոնք ամբողջովին թաքցնելով զինուորներուն աչքերէն: Անուշահոտ բուրմունք մը տարածուեցաւ բոլորին վրայ։ Ամէնքը հիացան տեսնելով հրճուանքի, ուրախութեան եւ խաղաղութեան նշանները, նահատակութեան պատրաստ այս մարդոց դէմքերուն վրայ: Արարողութեան աւարտին, Մալոյեան Մամտուհ պէյին կ’ըսէ` «Վերջին պարտականութիւնս կատարեցի, այժմ ըրէ՛ ինծի ինչ որ կ’ուզես»:
Հ.- Սրբադասման գործընթացը ինչպէ՞ս կայացաւ։
Պ.- Շնորհիւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան հայրերուն եւ հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերու ժրաջան աշխատանքներուն, 7 Հոկտեմբեր 2001-ին, Սուրբ Քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան` Իգնատիոս Մալոյեանը հռչակեց Երանելի, որ սրբադասման հասնելու առաջին փուլն է։ Իսկ յոբելենական 2025 տարին արգասաբեր եղաւ, որովհետեւ 28 Մարտ 2025-ին, երանելի Մալոյեանի սրբադասման հրամանագիրը ստորագրեց երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս պապը: Բերկրանքը կրկնապատկուեցաւ, երբ 13 Յունիս 2025-ին, կարտինալներու ժողովին, Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. 19 Հոկտեմբեր 2025-ը հռչակեց Մալոյեանի սրբադասման օր:
Հ.- Իսկ սրբադասման արարողութեան վերաբերեալ ի՞նչ ծրագրեր նախատեսած էք։
Պ.- 19 Հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ, Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ի նախագահութեամբ պիտի մատուցուի լատինածէս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որու ընթացքին եօթը նոր սուրբերու պատկերները պիտի շողան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, կեդրոնը՝ հայազգի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի անմահական նկարը։ Այս աննախադէպ եւ պատմական արարողութեան յաջորդ օրը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետը՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը գոհաբանական Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, առ ի երախտագիտութիւն, որ հայերուս արժանի ըրաւ այսպիսի մեծ իրողութեան մը, որուn շնորհիւ հայ ժողովուրդը ունեցաւ միջազգային sուրբերու փաղանգին մէջ ընդգրկուած բարեխօս մը։
Ի միջի այլոց, 19 Հոկտեմբերին, Զմմառու Մայրավանքի Սուրբ Իգնատիոս ամփիթատրոնին մէջ, վանքի վարչական հայրերը եւս պատարագ պիտի մատուցեն եւ ամփիթատրոնին մէջ տեղադրուած մեծ պաստառի վրայ՝ ուղիղ կապով պիտի սփռեն Հռոմի սրբադասման արարողութիւնը։
Հ.- Ինչպիսի՞ զգացում է միաբանակից սուրբ ունենալը։
Պ.- Հոգեկան սլացք եւ աննկարագրելի ապրումներ։
Հ.- Եզակի այս երեւոյթը ինչպիսի՞ ներդրում պիտի ունենայ։
Պ.- Բնականաբար Միաբանութիւնս իր ոսկեդարը պիտի ապրի։ Այն մեծ ներդրում է հայ դատի հանգանակին մէջ, որ պէտք է կեանքի կոչել այդ շրջանակներուն մէջ։
Հ.- Մայրիներու երկրին մէջ թրծուիլը նպաստեց Սուրբին։
Պ.- Անշուշտ, sուրբերով օժտուած այս երկիրը կոփեց անոր նկարագիրը վեհ եւ վսեմ սկզբունքներով եւ դարձուց սուրբ։
Հ.- Մալոյեանի սրբադասումէն ետք, ինչպիսի՞ միջոցառումներ պիտի կազմակերպէք։
Պ.- 15 Նոյեմբերին Հարիսայի «Տիրամայր Լիբանանի» նուիրուած տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի, պետական բարձրաստիճան աւագանիին, Պապական նուիրակին, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն, ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ այլ մեծամեծերու ներկայութեամբ հայածէս Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցենք։
– Գերպծռ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ձեզի, որ ընդառաջեցիք մեր խնդրանքին եւ Ձեր շինիչ եւ սպառիչ տեղեկութիւններով բաւարարեցիք ընթերցասէր հանրութեան հետաքրքրութիւնը՝ կապուած Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի վարքին։
Հարցազրոյցը վարեց` Զմմառու վանքի
տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեան

