ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ աուն յայտնեց, որ «նոր Լիբանանը կը կառուցուի արդարութեան եւ իրականութեան սկզբունքներուն վրայ», աւելցնելով որ անհետ կորսուածներուն թղթածրարը կը հատէ քաղաքական եւ յարանուանական բոլոր գիծերը: «Իւրաքանչիւր ընտանիքի իրաւունքն է իմանալ իրենց անհետ կորսուած անդամին ճակատագիրը», վստահեցուց նախագահ Աուն, Պաապտայի պալատին մէջ ընդունելով Անհետ կորսուածներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութիւնը:
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԴԱՐՁ

Սուրիացի տեղահանուածներու անվտանգ, արժանապատիւ եւ կազմակերպուած տունդարձի ծիրին մէջ, Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ առաւօտեան կազմակերպեց խումբ մը սուրիացիներու վերադարձը, համագործակցութեամբ Կարմիր խաչին, գաղթականներուն հարցերով զբաղող ՄԱԿ-ի գործակալութեան եւ մարդասիրական այլ կազմակերպութիւններու: Վերադարձի ուղին սկսաւ Պէյրութի մարզական աւանէն, ուրկէ հանրակառքերը ուղղուեցան Մասնաայի սահմանային անցակէտ եւ ապա Սուրիա, ուր լիբանանեան ապահովական մարմիններուն հետ կը համակարգէին սուրիական ապահովական ուժերը:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լիբանանեան բանակին հետախուզական ծառայութիւնները երէկ յաջողեցան Սուրիոյ հետ սահմանային Հաուշ Սեյիտ Ալի շրջանին մէջ փրկել լիբանանցի երկու երիտասարդներ, որոնք քանի մը ժամ առաջ առեւանգուած էին Սուրիոյ հետ սահմանային շրջանէն: Բանակին ընդհանուր հրամանատարութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Սաատիյէթ շրջանին մէջ թմրանիւթերու վաճառականներու հետապնդումին ընթացքին տեղի ունեցած է հրաձգութեան փոխանակում, որուն հետեւանքով վիրաւորուելով ձերբակալուած է գլխաւոր կասկածելի մը եւ փոխադրուած է հիւանդանոց: Ըստ հաղորդագրութեան, ձերբակալուած մարդը անցնող տարիներուն մասնակցած է թմրանիւթերու վաճառականութեան եւ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ շրջանառութեան աշխատանքներու:
ԹԱՆՆՈՒՐԻՆԻ ԽՆԴԻՐԸ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

Լիբանանի ըմպելի ջուրի մեծագոյն ընկերութիւններէն Թաննուրինի աշխատանքները դադրեցնելու եւ շուկայէն նշեալ ամրանքանիշը կրող շիշերը հաւաքելու մասին 13 Հոկտեմբերին հրապարակուած նախարարական որոշումը մեծ աղմուկ յառաջացուց լիբանանեան ժողովրդային, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքական ու յարանուանական մակարդակներուն վրայ: Առողջապահութեան նախարարութեան որոշումը, որ նախարարի բացակայութեան պատճառով ստորագրած էր երկրագործութեան նախարար Նիզար Հանին, դժգոհութեան ալիք բարձրացուց նշեալ ապրանքանիշը նախընտրողներու շրջանակներուն մէջ, մինչ համացանցի ընկերային հաղորդակցութեանց էջերը ականատես դարձան բուռն քննարկումներու: Ընկերութիւնը ժխտեց ջուրին մէջ վնասակար մանրէի ներկայութեան ամբաստանութիւնը եւ մամլոյ ասուլիսով մը նշեց, որ նախարարութիւնը խախտած է ջուրը քննելու հոլովոյթին կարգերը՝ հասնելով սխալ եզրակացութեան: Իսկ երէկ, նախարար Նիզար Հանի յայտնեց, որ քննութեան կ’ենթարկուին Թաննուրինի յաւելեալ նմուշներ, որոնց արդիւնքը պիտի հրապարակուի շուտով, սակայն նախնական եզրակացութիւնը այն է, որ Թաննուրինի ջուրը կը համապատասխանէ լիբանանեան չափանիշերուն եւ թերութիւն չկայ: Հանի նաեւ նշեց, որ ինք առողջապահութեան նախարարէն հասած որոշումը ստորագրած էր առանց իմանալու մանրամասնութիւնները, աւելցնելով որ եղածը սովորական հոլովոյթ մըն է, սակայն որոշումը ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած էր, նախքան պաշտօնական խողովակներով հրապարակումը, ինչ որ անտեղի աղմուկ յառաջացուցած էր երկրին մէջ: Ըստ անոր, նախագահն ու վարչապետը անձամբ կը հետեւին այս հարցին:
5G-Ն ՀԱՍԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ

Հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Շարլ Հաժ աւետեց, որ համացանցային ծառայութիւններու նորագոյն՝ 5G սերունդը հասած է Լիբանան եւ պիտի մատուցուի «Alfa» եւ «Touch» հեռահաղորդակցութեանց ընկերութիւններուն կողմէ: «Աւելի լաւ հաղորդակցութիւն, աշխատանքային յաւելեալ առիթներ եւ համախառն ներքին արդիւնքի յաւելեալ աճ», հաւաստիացուց նախարարը: Այսուհանդերձ, Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ 5G-ի տարածումը կը կարօտի երեք տարիներու, որոնց ընթացքին նախարարութիւնը պիտի արդիականացնէ բջջային ցանցերը:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՎՆԱՍԸ՝ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 11 ՄԻԼԻԱՌ
Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր կը շարունակէ տեսակցութիւնները Ուաշինկթընի մէջ, ուր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ կը քննարկէ Լիբանանի տնտեսական վիճակը բարեկարգելու միջոցները եւ միջազգային նուիրատու կողմերուն խոստումները իրականացնելու հրամայականը: Ժապէր ամերիկեան մայրաքաղաքէն յայտնեց, որ վերջին պատերազմին վնասներուն արժէքը աւելի քան 11 միլիառ տոլար է, իսկ Լիբանան միջազգային ընտանիքէն կը խնդրէ իսկական համագործակցութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել պետութիւն-քաղաքացի վստահութիւնը:
ՌՈՒՍ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա այցելեց Մոսկուա եւ տեսակցեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, Սուրիոյ եւ շրջանային վերջին զարգացումները Շարաա յայտնեց, որ «նոր Սուրիան կը վերակառուցէ իր յարաբերութիւնները բոլոր պետութիւններուն հետ», աւելցնելով որ Սուրիա Ռուսիոյ հետ կապուած է փոխադարձ շահերով եւ կը յարգէ երկկողմանի բոլոր համաձայնութիւնները: Փութին իր կարգին դիտել տուաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները հիմնուած են ժողովուրդներուն փոխադարձ շահերուն վրայ եւ կապ չունին քաղաքական որոշ իրավիճակի կամ վարչակարգի հետ: Ան հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ամրապնդելու կապերը եւ վերակենդանացնելու ռուս-սուրիական միջկառավարական յանձնաժողովին աշխուժութիւնը: Փութին համոզում յայտնեց, որ ռուս-սուրիական համագործակցութիւնը պիտի ունենայ շատ դրական արդիւնքներ:
ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Կազայի մէջ յայտարարուած զինադադարը երէկ ապրեցաւ որոշ անորոշութիւն: Իսրայէլեան կողմը յայտարարեց, թէ Համասէն իրենց յանձնուած մահացած գերիներուն դիերուն բժշկական քննութիւնը եզրակացուցած է, որ 4-րդ մարմինը չի համապատասխաներ ոեւէ գերիի DNA-ին: Ուստի, Թել Աւիւ Համասէն պահանջեց աշխատանք տանիլ բոլոր գերիներուն մարմինները վերադարձանելու, զգուշացնելով ամերիկեան միջնորդութեամբ կնքուած համաձայնութիւնը խախտելու հետեւանքներէն: Միւս կողմէ, Իսրայէլ Կազա վերադարձուց 45 պաղեստինցիի դիերը, սակայն սահմանափակեց պաղեստինեան շրջաններ մուտք գործող բեռնակառքերուն թիւը, պահանջելով 4-րդ գերիին վերաբերող խնդիրին լուծումը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իրենք ուզած են խաղաղութեան տալ առիթ, միաժամանակ յանձնառու մնալով գործարքի բոլոր քսան կէտերուն, որոնք կը ներառեն ոչ միայն գերիներուն տունդարձը, այլեւ Համասի ապազինումը եւ Կազայի մէջ ռազմական երեւոյթներու վերացումը: «Համաձայնեցանք Թրամփի ծրագրին երկրորդ մասը լուծել խաղաղութեամբ, այլապէս պիտի բացուին դժոխքին դարպասները», զգուշացուց Նեթանիահու: Ամերիկացի նախագահը իր կարգին պնդեց, որ «Համաս պիտի հրաժարի զէնքէն, այլապէս զայն անյապաղ պիտի զինաթափենք, գուցէ ուժային միջոցներու գործածութեամբ»:
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի իշխանութիւնները համաձայնած են զինադադար յայտարարել սահմանային գօտիին վրայ, որ անցնող օրերուն վերածուած էր ռազմաճակատի եւ ականատես դարձած զինեալ ծանր բախումի, որ պատճառեց մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստ:
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Շիրակ եւ Տաւուշ թեմերու առաջնորդներու ձերբակալութենէն որոշ ժամանակ ետք, անցնող երկու օրերուն լուսարձակները վերստին կեդրոնացան այս թղթածրարին վրայ, երբ Քննչական կոմիտէն ձերբակալեց Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ եպս. Պռոշեանը՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին քրոջ որդին, խուզարկելէ ետք անոր բնակարանը: Պաշտպան փաստաբան Արա Զոհրապեան յայտնեց, որ սրբազանը կը հետապնդուի «հաւաքներու հետ կապուած եւ քուէարկութեան արդիւնքներու վրայ ազդելու հարցերով, սակայն անոր նկատմամբ յարուցուած մեղադրանքները շինծու են»: Միաժամանակ հաղորդուեցաւ, որ քննչական վարչութիւն տարուած են հոգեւորականներ Տէր Մանուկ, Տէր Հայկ, Տէր Մկրտիչ եւ Տէր Ղէւոնդ քահանաները, ինբպէս նաեւ շարք մը քաղաքացիներ:

