Հաճընը պատմական Կիլիկիոյ շէն քաղաքներէն էր, որ թէեւ ենթարկուած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն եւ կորսնցուցած`30 հազար հայ, սակայն Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին 8000 հաճընցիներ, ֆրանսական ուժերուն վստահելով կը վերադառնան իրենց հայրենի բնօրրանը: Ցաւօք,1920-ի սկիզբը, հաճընցիները՝ իրենց կեանքն ու քաղաքը պաշտպանելու համար, քեմալական ուժերուն դէմ 8 ամիս սուր պայքար կը մղեն, սակայն, ուժերը անհաւասար ըլլալուն, Արծուեբոյն Հաճընը կ՛իյնայ, որուն բնակիչներէն կը փրկուին ընդամէնը 365 հոգի:
Հօրս՝ Պօղոս Կարապետ Կանաչեանի գերդաստանը կը փրկուի, որովհետեւ կռիւներէն առաջ դուրս եկած էր Հաճընէն։
Հօրս մեծ հայրը՝ Թորոս Պապահէքեան, անուանի ճարտարապետ էր․ ան կառուցած էր շատ մը կամուրջներ։ Թուրք կառավարիչը զինք կ՛իմացնէ, որ երկրէն հեռանայ, որովհետեւ վտանգ կը սպառնայ հայերուն։
Անոնք շուտով կը հաստատուին Սուրիա (Ճէրէմէնէ): Այնտեղ տուն կը վարձեն եւ ընտանիքով կը բնակին։ Հօրս մօրեղբայրը՝ Ազարիա Պապահէքեան, «Նոր Հաճըն» թերթի երկարամեայ տնօրէնն ու խմբագիրը եղած է (Լիբանանէն գաղթած՝ Արժանթին)։
Շուտով Թորոս Ճարտարապետին գործ կ՛առաջակուի՝ գետին վրայ կամուրջ կառուցել։ Սակայն ստանձնած գործը չափազանց ծանր ըլլալով կը հիւանդանայ ու կը մահանայ։
Հօրս մօրեղբայրն ու հայրը կը զինուորագրուին։ Հայրը ատաղձագործ ըլլալուն պատճառով խոհանոցի իրեր կը շինէ եւ տեղացիներուն ծախլով բաւական դրամ կը վաստակի։
1925թ․երբ Սուրիոյ մէջ հարցեր կը ծագին, անոնք Պէյրութ կը տեղափոխուին։ Ապա քեռին Պէյրութէն ալ կը գաղթէ Արժանթին։
1928-ին իրենք ալ կ՛որոշեն Արժանթին երթալ, սակայն հազիւ կը հասնին, աչքի հիւանդութեան պատճառով անոնց կ՛արգիլուի հոն մնալ եւ կը վերադառնան: Քանի մը ամիս ետք հայրս կը ծնի։
Հայ գաղթականները երբ նոր հասած են Լիբանան, մեծ դժուարութեան մատնուած են, որովհետեւ երկրի լեզուն, մշակոյթն ու սովորութիւնները տարբեր էին: Սկիզբը գաղթականները կը բնակէին փայտեայ խրճիթներու մէջ, որոնց առաստաղները թիթեղածածկ էին։ Իրարու փակած տնակներու մէջ կ’ապրէին որպէս մէկ մեծ ընտանիք:
Հաճընցիները Քարանթինայի թիթեղաշէն տնակներու մէջ յարմարուած էին։ Ընտանիքները երբ վիճակով քիչ մը լաւացան՝ Հաճըն թաղէն իրենց տրամադրուեցան հողամասեր, երբ վիճակով լաւացան քարաշէն փոքր տուներ սկսան շինել։
Քարանթինայի մեծ հրթեհէն ետք մեծ թիւով հաճընցի ընտանիքներ շուտով ստիպուեցան տեղափոխուելու Հաճըն։

Հայրս՝ Պօղոս Կանաչեան Հօրս ընտանիքը. ինք՝ մեծհօրս գիրկը
Հօրս դպրոցը՝ Սահակեան լիսէն, կառուցուած 1923-ին, նոյնպէս Քարանթինայի մեծ հրթեհէն ետք, իր դռները կը բանայ Հաճըն թաղին մէջ։
Հօրաքոյրներս յաճախած են Հաճըն թաղի Սահակեան լիսէ դպրոցը։ (Հօրս փափաքին համաձայն՝ քոյրս, եղբայրս ու ես ալ յաճախած ենք նոյն դպրոցը)։
Այդպէս ալ գաղթականները հիմնեցին նորաստեղծ Նոր Սիս, Նոր Հաճըն, Նոր Մարաշ, Նոր Ատանա եւ այլ թաղամասերը։
Նոր Հաճըն թաղամասի բնակչութեան 95 տոկոսը հաճընցիներ էին: Հաճընը ինքնաբաւ թաղամաս մըն էր, փոքրիկ Հայաստան մը։ Ունէր երեք դպրոց՝ Ազգ․Սահակ Մեսրոպեան, Սահակեան լիսէ, եւ Հայ Աւետ․Կերթմէնեան վարժարանները, Ս. Գէորգ եկեղեցին, բժիշկ, դեղատուն, գրատուն, արհեստաւորներ…:
Բնակիչներուն մեծ մասը կը խօսէր Հաճնոյ բարբառ: Բոլորը իրար կը ճանչնային եւ շատեր ալ իրարու ազգական էին։
Հօրս գերդաստանը, երբ իրենց միայարկանի քարաշէն տունը կ՛աւարտի, ընտանիքով շուտով կը տեղափոխուի Հաճըն։ Հայր, մայր եւ չորս զաւակ։
Մեծ հայրս՝ Կարապետ Կանաչեան, արաբերէն գիտնալուն պատճառով կ՛ընդունուի (թրամվայի) ընկերութիւն, որպէս ատաղձագործ, կահ կարասին նորոգող։ Մեծ մայրս՝ Զարդար Պապահէքեան, երկար տարիներ Հաճնոյ Ս․Գէորգ եկեեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին մաս կազմած է։ Անոնք արկածի մը պատճառով կը կորսնցնեն իրենց 14 տարեկան անդրանիկ որդին՝ Յակոբը։ Հայրս յաճախ յուզումով կը յիշէր իր մեծ եղբայրը։
Հայրս դպրոցը աւարտելէ ետք սկսած էր աշխատիլ։ Վարպետ արհեստաւոր էր (կօշկակար)։ Արհեստանոցը նոյնպէս Հաճըն թաղին մէջ էր, ուր աշխատեցաւ մօտ եօթանասուն տարի։ Մինչեւ կեանքին վերջը հաւատարիմ մնաց իր սիրելի Հաճընին։ Եղած է միութենական։ Ան բոլորէն սիրուած ու յարգուած էր։ Մեզ դաստիարակած էր հայրենասիրական շունչով։
1946-48-ի զանգուածային հայրենադարձութեան օրերուն, երբ Լիբանանէն Հայաստան ներգաղթած են շուրջ 10 հազար հայ, հօրս ընտանիքն ալ կը վաճառէ իր բնակարանը, սակայն չկարենալով գաղթել՝ մնացեր են իրենց բնակարանին մէջ, այս անգամ իբրեւ վարձակալ։
Ներգաղթած հաճընցիները իրենց տուները վաճառած էին տեղացիներու, այդ ալ պատճառ դարձած էր, որ թաղին դիմագիծը փոխուի։
Կը յիշեմ մանկութեանս օրերէն, մեր դրացիներուն մեծ մասը արաբներ էին եւ շատ մը ընտանիքներ ալ մեզի կը նեղացնէին։ Իրենք աւելի ազատ կը զգային մեր թաղերուն մէջ…
Հայրս 1956-ին կ՛ամուսնանայ հաճընցի Կարապետ Լերանեանի դստեր՝ Ովսաննայի հետ, որոնք ընտանիքով Յորդանանէն եկած էին Հայաստան, ներգաղթելու համար։
Ես կը հպարտանայի իմ մեծ հօրս կատարած քաջութիւններով։ Ան եղած էր ֆետայի, անգլիական եւ ֆրանսական զինուոր, իսկ մասնագիտութեամբ կալայագործ էր:
Փոքր տարիքէս ներշնչուած եմ հաճընցիութեամբ եւ հպարտացած եմ հաճընցի հայ ըլլալուս համար։ Լերանեան մեծ հօրմէս լսած եմ Հաճնոյ հերոսամարտին մասին։ Ան երիտասարդ տարիքին կորսնցնելով կին, զաւակ, ծնողք, քրոջ ընտանիք, քաջաբար կռուած է թշնամիին դէմ եւ, պատանի եղբայրն ալ գաղթի ճանապարհին գտնելով, միասնաբար հասած են Սուրիա, ապա Լիբանան։ Մեծ հայրս որպէս ականատես պատմած է մեզի իր գլուխէն անցածը։
Լսելով ցաւալի պատմութիւնները, տառապած եմ ազգիս ճակատագրին համար։ Սկսած եմ պատանի հասակէս պատկերացնել Հաճընը իր լեռներով ու դաշտերով եւ յաճախ ներքուստ կրկնած եմ՝ արդեօ՞ք օր մը պիտի կարենամ իմ աչքերով տեսնել իմ պապենական հողը։
Սակայն հիմա գիտեմ, որ կարելի է երթալ եւ տեսնել այդ շրջանները, սակայն ես բնաւ չեմ փափաքիր Թուրքիա ոտք դնել։ Հպարտ հայ եմ եւ հայ անունը միշտ բարձր պիտի պահեմ։
Մենք յաջորդ սերունդներուն պարտաւոր ենք փոխանցելու մեր անցեալի պատմութիւնը, պատմութեան յուշերն ու արժէքները, մեր մշակոյթն ու սովորութիւնները, որոնք իբրեւ աւանդ մեզի փոխանցուած են նախնիներէն։ Մեր հաճընցի հերոսները կը պատգամեն, որ մեր ժողովուրդը պէտք չէ մոռնայ իր անցեալը եւ կորսնցնէ իր երազներն ու տենչերը։

