Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 87-ամեակն Ու Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-րդ Տարեդարձը

October 14, 2025
in Գաղութային
0
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 87-ամեակն Ու Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-րդ Տարեդարձը

Հաճընի հերոսամարտին անմահ յիշատակը այսօր եւս կը շարունակէ հնչել իբրեւ ազգային ոգեկանութեան հզօր կանչ։ Լիբանանի Նոր Հաճըն թաղամասի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորանն ու գաւիթը կը շարունակէ մնալ հոգեւոր ու պատմական ուխտավայր, ուր Նոր Հաճընի հաւատացեալ ժողովուրդը եւ հայրենակիցները կը միաւորուին մէկ միասնական մտքի շուրջ՝ յարգելու նահատակներու անմար յիշատակը եւ փառաբանելու նախնեաց հերոսութիւնը։ Այս աւանդութիւնը, որուն կրակը անշէջ մնաց շուրջ մէկ դար, այսօր կը զօրանայ նոր միտքերով, նուիրումով եւ յանձնառութեամբ՝ պահելով մեր ինքնութեան արմատները եւ փոխանցելով Հաճընի ոգին գալիք սերունդներուն։

«Արարատ»-ի այսօրուան թիւը նուիրուած է Հաճնոյ հերոսամարտին, անթառամ յիշատակին այն քաջ ժողովուրդին, որ հարիւր հինգ տարի առաջ ութ երկար ամիսներ շարունակ մարտնչեց իր հայրենի հողին վրայ՝ անընկճելի վճռակամութեամբ դիմադրելով բազմաթիւ եւ գերակշիռ ուժերու, եւ նահատակուեցաւ՝ պատուով մեռնիլը գերադասելով անպատիւ փրկութենէ։
Բիւր յարգանք ու խոնարհում Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներու անմահ յիշատակին։

«Ա.»

 

Արդէն աւանդութիւն դարձած է, որ իւրաքանչիւր տարուան այս օրերուն Նոր Հաճընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սուրբ տաճարին եւ անոր յարակից շրջապատին մէջ տեղի ունենան հոգեպարար արարողութիւններ եւ հաւաքական ոգեկոչումներ՝ նուիրուած ե՛ւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձին, ե՛ւ Հաճնոյ հերոսամարտի անմոռանալի յիշատակին։

Չնայած Լիբանանի քաղաքա-տնտեսական բարդ պայմաններուն, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, Ս.Դ.Հ.Կ. «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական խորհուրդի եւ Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան պատասխանատու մարմինները այս տարի եւս կազմակերպուած, միացեալ ջանքերով, հոգեւոր ու հասարակական գիտակցութեամբ յաջողեցան իրականացնել երկուքին համատեղ յիշատակը խորհրդանշող ձեռնարկները։

 

Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր

Առաւօտեան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ աւ. քհնյ. Հէճինեան մատաղի օրհնութեան արարողութեամբ հանդիսաւոր օրուան բացումը կատարեց՝ ներկայութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբի, Հաճնոյ հայրենակցական միութեան վարչութեան, ինչպէս նաեւ  Ս.Դ.Հ.Կ. «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի անդամներուն։


Օրհնութենէն ետք, կամաւոր տիկիններ եւ օրիորդներ ձեռնարկեցին մատաղի պատրաստութեան, շարունակելով տարիներէ ի վեր պահպանուած բարեպաշտ սովորութիւնը։ Կէսօրէն ետք, կաթսաներուն ծուխը բարձրացաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն, ուր հաւաքուած հայրենակիցներ, սկաուտներ, երիտասարդներ եւ անցորդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին աւանդական մատաղի պատրաստութեան գործին։ Ժրաջան տիկինները ի վերջոյ հաւաքեցին եւ ամփոփեցին ճիտապուրի բաժինները՝ Կիրակի օրուան եկեղեցական օրհնութենէն ետք բաժնելու համար:

Երեկոյեան, ճիտապուրի կաթսաներուն պատրաստութեան զուգահեռ, Նոր Հաճընի գլխաւոր պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ 105-ամեակի ոգեկոչման միջոցառում: Մինչ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը քայլերգներով եւ ազգային հայրենասիրական նուագներով կը թնդացնէր Հաճըն թաղամասն ու շրջակայքը, առաջին շարքերուն վրայ ներկայ էին արժանապատիւ Տէր Նարեկ աւ. Քհնյ. Հէճինեանը, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալեք Քէօշկէրեանը, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանը, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեանը, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի ատենապետ ընկեր Փօլ Մուղալեանը, նախկին պետական երեսփոխաններ՝ ընկեր դոկտոր Եղիկ Ճէրէճեանը եւ մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանը, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յովիկ Պչաքճեանը, Սին էլ Ֆիլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գարոլին Խաչիկեանը, թաղապետ Արմէն Սէֆէրեանը, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ ընկեր Թորոս Աւետիսեանը եւ զանազան շրջաններու կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ:

Յայտագրի առաջին բաժինը վերապահուած էր Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտներուն: Նախ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ շնորհալի Փաթիլ Փափազեան, ներկաներուն հրամցնելով Յովհաննէս Շիրազի «Իմ սուրբ Հայրենիք» քերթուածը: Ապա ներկայացուեցաւ բծախնդրօրէն պատրաստուած հայկական «Ջահերով պար»ը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայրենակցուհի Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հաճընի պատգամը կը մերժէ ձուլումը, անտարբերութիւնը, եւ կը հրահանգէ մեզ վերագտնել մեր արմատները՝ որպէս ապրող ժողովուրդ։ Հաճընի հերոսամարտը մնաց ոչ միայն պատմական էջ մը, այլեւ կենդանի ուղեցոյց մը։ Ան կը սորվեցնէ, թէ ժողովուրդ մը, որուն մէջ դեռ կայ հաւատք, ոգի եւ արժանապատուութիւն, երբեք չի կրնար պարտուիլ։ … Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք ոչ միայն յարգանքի, այլեւ ուխտի համար։ Ուխտ՝ պաշտպանելու մեր ինքնութիւնը ամէն սպառնալիքէ։ Ուխտ՝ ապրելու Հաճընի ոգիով այսօր եւ ընդմիշտ։ Որովհետեւ այնքան ատեն, որ կան հայեր, որոնք կը շարունակեն յիշել, Հաճընը չի մեռնիր»:

Հայրենակիցը նաեւ երեկոյթի բեմավարն էր: Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ երցչուհի Սոնա Մանճիքեան, որ հրաշալի մեկնաբանութեամբ ներկաները յուզեց հայրենասիրական սրտառուչ երգերով:

Հաճնոյ հայրենակցական միութեան խօսքը արտասանեց Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան տնօրէնուհի՝ հայրենակցուհի Դուին Շորճեան Արսէնեան: Ան, ի միջէ այլոց, ըսաւ. «Այն օրերուն մեծ պետութիւնները, իրենց սեփական շահերէն մղուած, չանսացին Հաճընի բարձրաղաղակ ձայներուն, ինչպէս պատահեցաւ Արցախի պարագային ուղիղ 100 ամեակ մը ետք, բայց հաճընցին չհեռացաւ, չլքեց իր պապենական ոստանը, որոշեց մաքառիլ, պայքարիլ մինեւ վերջին փամփուշտը, քանի կը հաւատար, որ ազատութիւնը չեն մուրար, այլ՝ կը նուաճեն։ … Նոր Հաճըններու բնակիչները, ե՛ւ Պէյրութի, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ աշխարհի չորս ծագերուն կը շարունակեն իրագործել անոր պատգամը՝ երբեք չմոռնալ անցեալը, ամէն քայլափոխին արտասանելով՝ «Մենք հաճընցիներ ենք, եւ մեր Նէթրօն Պաշխօ է։ … Այսօր, ոգեկոչելով հերոսամարտի 105-ամեակը, մենք կ’ուխտենք պահել արժանի յիշատակը մեր նահատակներուն եւ հայրենիքին։ Մեր քայլերը, մեր երգերը եւ աղօթքները կրնան միայն շարունակել այն ուղին, որ սկսած էր Հաճընի հերոսամարտով՝ պայքարիլ, չընկրկիլ եւ հաւատալ արդարութեան յաղթանակին։ Եւ այն պիտի շարունակուի քանի մեր երիտասարդ սերունդը պատրաստ է ընդունելու «Կանգուն է միայն Հաճընը սիրուն»ի սերնդափոխութեան դրօշը Հաճընի, արցախեան եւ վարդանանց հերոսներու անմահ ոգիով»:

 

Յայտագրի վերջին մասով եւ մինչեւ ուշ երեկոյ, ազգային հայրենասիրական եւ ներկաներուն սրտին խօսող եւ զանոնք խանդավառ մթնոլորտի առաջնորդող երգերով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան գաղութիս ծանօթ երգիչներ՝ Հրաչ Տաւուտեան, Նարեկ Նագգաշեան եւ Յովիկ Թաֆրանեան, ընկերակցութեամբ «ԵՐԱԶ» նուագախումբին:

 

Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր

Առաւօտեան Նոր Հաճըն թաղի պատասխանատուներ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ ընկեր Աւագ Պարախեանի գլխաւորութեամբ, սիրալիր դիմաւորեցին Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդը՝ Տէր Շահէ արք. Փանոսեանը։
Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, կատարողութեամբ Տ. Նարեկ աւ. քհնյ. Հէճինեանի: Ապա քարոզեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ բարձր գնահատելով համայնքին անսակարկ նուիրումը, հոգեւոր կապերը եւ աւանդութեան պահպանման կամքը։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, ապա օրհնուած ճիտապուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին իբրեւ օրհնութիւն եւ յիշատակ նահատակներու։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը՝ Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու եւ միաժամանակ նշելու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 87-րդ տարեդարձը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում՝ Առաջնորդ սրբազանին, հոգեւոր հովիւին, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնոյ ատենապետ տէր եւ տիկին Վանիկ Տագէսեանին, թաղականութեան եւ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչներուն ձեռամբ։

Սրահին մէջ, Ս.Դ.Հ.Կ.ի, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրաց դասին եւ «Գայիանէ» երգչախումբին, Հաճնոյ հայրենակցականի, «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի վարչութիւններու կողքին ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հիւրեր՝ մեթր Բիւզանդ Պաստաճեանն ու իր ազնուածայլ տիկինը՝ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Լիզա Պաստաճեան, «Գայիանէ» երգչախումբի նախկին խմբավար ընկեր Ղազարոս Ալթունեան, եկեղեցւոյ բարերար տէր եւ տիկին Վաչէ Գալինճեան, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեանը եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ ընկեր Աւագ Պարախեանը, որոնք իրենց խօսքին մէջ ընդգծեցին այս աւանդութեան խորհրդանշական նշանակութիւնը՝ իբրեւ Հաճընի ոգիի անմար արտայայտութիւն։

Վերջաւորութեան, Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամով վեր հանեց Լիբանանի հայ գաղութին մէջ հոգեւոր եւ ազգային աւանդութիւններու պահպանումին հրամայականը, հրաւիրելով ներկաները շարունակելու իրենց նուիրեալ մասնակցութիւնը՝ հաւաքական զօրակցութեամբ նոր սերունդներուն մէջ վառ պահելու հայրենասիրական ոգին։

Share68Tweet43
Previous Post

Խմբագրական. Դիւցազնական Արծուեբոյնը

Next Post

Հաճընը եւ Հաճընցիները

Next Post
Հաճընը եւ Հաճընցիները

Հաճընը եւ Հաճընցիները

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.