Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Փաստագրական Հրապարակում

Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան

October 9, 2025
in Յօդուածներ
0
Փաստագրական Հրապարակում

Իգնատիոս Մալոյեանը, 1896-1898-ին, Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան վանաբնակ քահանաներու եւ նորընծաներու հոգեւոր հօր պաշտօնը կը ստանձնէ։

Այս պաշտօնը կը պահանջէր խոր հոգեւոր ընկալում, մանկավարժական հմտութիւն եւ օրինակելի վարք, որոնցմով օժտուած էր Մալոյեան:
Հոգեւոր հօր պաշտօնը Զմմառու վանքին մէջ կարեւոր էր այդ առումով, որ վանքը կը ծառայէր որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ կրթական կեդրոն: Այստեղ կը պատրաստուին ապագայ հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն հայ կաթողիկէ համայնքին` աշխարհի տարբեր ծագերուն:
Մալոյեան, իր հմուտ դաստիարակութեամբ եւ խոր հաւատքով, դարձաւ այդ երիտասարդ հոգեւորականներու եւ կղերականներու առաջնորդն ու խորհրդատուն:
Տիպար հոգեւորական, Մալոյեանի հոգեւոր հօր պաշտօնը վարելու եղանակը բնութագրուած է քանի մը կարեւոր յատկանիշերով: Հոգեւոր Խորհրդատուութեամբ`Մալոյեան ըլլալով խիստ հոգեւոր անձնաւորութիւն, կեդրոնացած է նորընծաներու եւ քահանաներու հոգեւոր կեանքի վերելքին:
Ան ամէն ճիգ ի գործ դրած է խորացնելու անոնց հաւատքը, աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջոցով։ Ամրապնդած է անոնց կապը Աստուծոյ հետ: Իր խօսքերով, գործերով եւ վարքով, բարի հովիւի օրինակ դարձած է, թէ ինչպէս կարելի է ապրիլ Քրիստոսի վարդապետութիւնը: Անոր ջերմեռանդութիւնը նկատուած է դեռեւս իր մանկութենէն` որով դարձած է ոգեշնչման աղբիւր երիտասարդ քահանաներու:

Մալոյեանի կրթական եւ մանկավարժական ներդրումը մեծ եղած է իմաստասիրական եւ աստուածաբանական կրթութիւն ստացող սաներուն համար: Մալոյեան իր ուսումները յաջողութեամբ աւարտած ըլլալով` ընդգրկուած է նորընծաներու ուսման բնագաւառին մէջ: Ան դասաւանդած եւ հետեւած է անոնց ուսումնական յառաջընթացին, օգնելով անոնց յստակապէս ընկալելու աստուածաբանական սկզբունքները եւ եկեղեցական աւանդոյթներն ու ծէսը: Մալոյեանի մանկավարժական մօտեցումը հիմնուած է համբերատարութեան եւ խրախուսանքի վրայ, այսպիսով նպաստած է երիտասարդներուն մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացման:
Մալոյեանի նկարագրային խառնուածքը եղած է բարեհամբոյր եւ մարդամօտ, առ այդ ստեղծած է ջերմ եւ վստահելի միջավայր մը վանքին մէջ:
Ան լաւ ունկնդիրի համբաւ ձեռք բերած է, որով լրջօրէն մտիկ ըրած է նորընծաներու եւ քահանաներու մտահոգութիւնները, առաջադրելով հոգեւոր խորհուրդներ եւ օգնած է անոնց յաղթահարելու դժուարութիւնները:
Անոր ներկայութիւնը դիւրացուցած է վանքի միաբանական եւ հոգեւոր կեանքը:
Մալոյեանի կեանքը համակ նուիրում եւ օրինակելի հանդիսացած է, ինչպէս նշուած է աղբիւրներուն մէջ: Ան ոչ միայն խօսքով, այլեւ իր գործով ցուցաբերած է իր հաւատքն ու նուիրումը: Իր ներկայութիւնը ոգեշնչած է վանքի հասարակութիւնը հետեւելու նոյն ճանապարհին:

Սոյն խօսքերը հիմնաւորելու միտումով ստորեւ կը հրապարակենք Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Զմմառու վանքին մէջ հոգեւոր հօր պաշտօնը վարած ընթացքին խմբագրած նամակներէն մէկը:

Գերապատիւ Գերապայծառ Հայր

Երկու երեք անգամ ծանուցած էի Ձեր Գեր. Տէրութեան եղ. Յովսէփին քնատութիւնը. եւ Հրամանքնիդ եւս շատ կը բաղձայիք, որ բժիշկը օր մ’առաջ՝ քննէ այս բարի եւ պատուական նորընծային քնատութեան պատճառը, մինչեւ վանքէն մեկնելնուդ նախընթաց օրը՝ ըսիք թէ, վաղը կ’երթամ ճիւրճի Մարոն կը խնդրեմ: Եւ յիրաւի ալ այնպէս եղաւ Ճիւրճին եկաւ. սակայն չեմ գիտեր թէ ինչու իրեն չեն ներկայացուցած եղ. Յովսէփը: Այսօր շաբաթ ըլլալով՝ իմացայ նոյն եղբօրմէն, թէ քնատութեան վիճակը տակաւին կը շարունակէ. եւ թէ իրեն հաւատացող չկայ, այլ մանաւանդ՝ երեւակայութիւն է կ’ըսուի իրեն:

Կրնայ ըլլալ, որ իրեն մեծերը դիտմունք մ’ունենան այս բանիս մէջ, զոր ինծի չ’իյնար ո՛չ քննել, եւ ո՛չ իմանալ: Բայց Ձեզի գրելու եւ ծանուցանելու կարծեմ թէ ոչ ոք կրնայ ինծի արգելք ըլլալ: Մանաւանդ թէ յարմար առիթ համարեցայ զայս Գեր. Գերապայծառ Հօրս ցանկալի առողջութիւնը հարցնելու, եւ որդիական յարգանքս մատուցանելու:

Որով կամ եւ մնամ Գեր. Գերապայծառութեանդ

Ի Զմմառ յամի 1897 Մայիս 14                  

                                                                                             յետին որդի

                                                                                     Իգ. Քհ. Մալոյեան

 

Իգնատիոս Մալոյեանի` Զմմառու վանքին մէջ հոգեւոր հօր պաշտօնը վարելու ժամանակաշրջանին թողած ժառանգութիւնը խիստ կարեւոր է, քանզի այդ ընթացքին ան հիմը դրաւ իր ապագայ առաքելութեան՝ որպէս հետագայի առաջնորդ եւ վերջապէս նահատակ: Անոր սրբադասումը վկայութիւն է իր անսասան հաւատքին եւ նուիրուածութեան: Զմմառու վանքին մէջ անոր ծառայութիւնը այդ ճանապարհի կարեւոր փուլերէն մէկն էր, ուր ան իր իմաստութեամբ եւ սիրով կերտեց հոգեւոր ժառանգութիւն մը, որ ծլարձակելով ծաղկեցուց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը։

Share64Tweet40
Previous Post

Խօսքի Ազատութեան Երկընտրանքը

Next Post

Յուսաբեկութեան Ոլորանէն Դէպի Հոգենորոգ Յոյսերու Օրրանը. Հայ Աւետարանական Համայնքի «Հունձքը» Այնճարի Մէջ

Next Post
Յուսաբեկութեան Ոլորանէն Դէպի Հոգենորոգ Յոյսերու Օրրանը. Հայ Աւետարանական Համայնքի «Հունձքը» Այնճարի Մէջ

Յուսաբեկութեան Ոլորանէն Դէպի Հոգենորոգ Յոյսերու Օրրանը. Հայ Աւետարանական Համայնքի «Հունձքը» Այնճարի Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.