Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խօսքի Ազատութեան Երկընտրանքը

Անի Թորանեան (Երեւան)

October 9, 2025
in Յօդուածներ
0
Խօսքի Ազատութեան Երկընտրանքը

Ազատ խօսքը  մարդ արարածին անձնական եւ հասարակական կեանքին կենսատու ուժն է, բայց յաճախ «սովորութիւն» ունի նաեւ անկանխատեսելի ըլլալու եւ վտանգաւոր։

Հզօրութեան ու վտանգի այդ երկուութիւնը, որ մարդկային քաղաքակրթութեան ուղեկիցը եղած է միշտ, գիտակցած են դեռեւս շումերները (Ք.Ա. 5-րդ հազարամեակ), կը գիտակցինք նաեւ մենք՝ 21-րդ դարուն։

Խօսքի ազատութեան դրական արդիւնքի ամենափայլուն օրինակը հին Աթէնքի ժողովրդավարութիւնն է: Այնտեղ, մեր թուարկութենէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, խօսքի ազատութիւնը (յունարէն՝ parrhesia) անվիճելի հիմքն էր ժողովրդավարութեան։ Այդ առումով աթէնացիները արտօնեալներ էին. ժողովներու, դատարաններու եւ հասարակական քննարկումներու միջոցին անոնք բաց ու անկաշկանդ կ’արտայայտէին իրենց միտքերը եւ, ի վերջոյ, այդօրինակ ազատ միջավայրը ծնունդ տուաւ քաղաքակրթական, իմաստասիրական ու գիտական յեղափոխութիւններու։ Սոկրատ, Պղատոն եւ այլ մեծութիւններ յանդգնեցան քննադատել հասարակութիւնն ու իշխանութիւնները, այդքանով իսկ հարստացնելով մարդկային միտքի գանձարանը։ Ժողովրդավարութեան այդ օրրանին մէջ խօսքի ազատութիւնը դարձաւ  ոչ միայն իրաւունքի, այլեւ նորարարութեան ու մշակութային յառաջընթացի աղբիւր։

Ինչ կը վերաբերի բացասական օրինակին (զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ), բաւարարուինք յիշելով Սթալինի Խորհրդային միութիւնը։ Այդ շրջանին ազատ խօսքը կտրուկ արգելափակուեցաւ: Մարդիկ դատապարտուեցան, բանտարկուեցան, աքսորուեցան ու մահապատիժներու ենթարկուեցան ոչ միայն ազատ խօսքի, այլ այդ մասին մտածե’լ կամ նոյնիսկ… չմտածել համարձակելու համար։

Սթալինեան շրջանը ապացուցեց, որ ազատ խօսքի ճնշումը մարդը կը պահէ ահ ու սարսափի վանդակի մը մէջ, կը խլէ, կ’ոչնչացնէ քննադատական ու ստեղծարար մտածողութիւնը, խեղելով ու կաթուածահար ընելով ամբողջ հասարակութիւնը։

Այս երկու հակադիր օրինակները կը յուշեն, որ ազատ խօսքը միշտ ուղեկցուած է ռիսքով ու պատասխանատուութեամբ: Ան կրնայ ժողովրդավարութեան շարժիչ ուժը ըլլալ կամ պատճառ դառնալ հասարակական քաոսի:

Իւրաքանչիւր հասարակութիւն՝ Շումերէն մինչեւ Չինաստան, մինչեւ ԺԷ. դարու Եւրոպա եւ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութիւն, գիտակցած է եւ կը գիտակցի, թէ ինչպէս ազատ խօսքի կաշկանդումը կրնայ կեանքեր կործանել, հասարկութիւն մը բարոյազրկել եւ յանգեցնել քաղաքական քաոսի:

Միաժամանակ, ազատ խօսքը մարդուն ոչ միայն թոյլ կու տայ պարզել իր տեսակէտը, այլեւ կը ստեղծէ հանրային քննարկումներու այն ներուժը, որ ոչ միայն էական, այլեւ առանցքային դեր կը կատարէ ի նպաստ քաղաքական ու մշակութային զարգացման։

Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ ազատ խօսքը մարտկոց է, որ նոր գաղափարներու, քննադատութեան եւ ստեղծարար միտքի ուղիներ կը բանայ։ Հակառակ տարատեսակ, մինչեւիսկ սարսափազդու վտանգներուն, խօսքը կը գտնէ իր ճամբան եւ անպայման կը հասնի իր թիրախին։

Մինչդեռ ազատ խօսքի բացակայութիւնը հանրութեան մը մտաւոր եւ մշակութային զարգացման մեծագոյն խոչընդոտն է, չարիքը եւ անպայման՝ պատասխանատուութիւնը:

Պատմութեան մէջ հազարաւոր օրինակներ կան, որոնք մեզի հասած եւ ցոյց տուած են, որ երբ խօսքը օգտագործուած է անմիտ (եւ կամ մտածուած) սանձարձակութեամբ, պատճառ դարձած է խառնաշփոթի, հասարակական բախումներու, նոյնիսկ՝ աւերիչ պատերազմներու: Այդ իսկ պատճառով հանրութեան պարտքն է բարոյական միջոցներ գտնել լաւագոյնս պաշտպանելու խօսքի ազատութիւնը, միաժամանակ սահմանափակելով զայն, եթէ ան կը սպառնայ մարդոց անվտանգութեան կամ կը նպաստէ միաբանութեան ջլատումին:

Վերջապէս, ազատ խօսքը կենսական է ոչ միայն քաղաքական կամ մշակութային մակարդակի վրայ, այլեւ անհատի անձնական զարգացման համար: Միայն այդպիսի պայմաններու տակ է, որ կը ձեւաւորուի ինքնուրոյն մտածողութիւն, քննադատական միտք եւ յանդուրժողականութիւն։

Այն  հասարակութիւնը, որ կը խթանէ ազատ խօսքը, կը խթանէ նաեւ ընդգրկուն նորարարութիւնը եւ փոփոխութիւններու կարելիութիւնը, որոնք, այլապէս, անհնար է իրագործել։ Ազատ խօսքը բոլոր ժամանակներուն եղած է երկընտրանք՝ կարելիութեան եւ վտանգի միջեւ: Անշուշտ, հարցը միայն անկաշկանդ խօսքն ու արտայայտութիւնը չեն, այլեւ առընթեր՝ մարդկային փոխյարաբերութիւնները, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումը:

Այնպէս որ ազատ խօսքին կարեւորութիւնը կը մնայ գերիվեր։ Զարգացած հանրութիւնները գիտեն զայն պաշտպանել իրենց հեռատեսութեամբ ու հոգատարութեամբ:

Այսօր, ազատ խօսքը իր առանձնայատուկ տեղն ու նշանակութիւնը ստացած է Հայաստանի հասարակական դաշտին մէջ, ուր խօսքի ազատութեան անդրադարձը անժխտելիօրէն իր դրոշմը կը ձգէ  երկրին քաղաքական եւ մշակութային կեանքին վրայ: Քննադատութիւնը, քննարկումները եւ բաց խօսքը կրնան տանիլ դէպի դրական փոփոխութիւններ, ամրապնդել ժողովրդավարական գործընթացները, երբեմն ալ, կարելի չէ բացառել, ենթարկուելով որոշակի ճնշումներու…

Հայաստանեան ներկայ իրավիճակը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ խօսքի ազատութիւնը շատ անգամ չարաշահումի կ’ենթարկուի եւ մենք ստիպուած կ’ըլլանք ականատես կամ ականջալուր ըլլալ կոպիտ, գռեհիկ եւ քաղաքակիրթ հանրութեան մը ոչ-յարիր արտայայտութիւններու, երբ ակնկալուածը ճիշդ հակառակն է։ Ազատ խօսքը պէտք է ուղեկցուի բարոյական եւ իմացական պատասխանատուութեամբ, որպէսզի չվնասուին անհատն ու հանրութիւնը, որպէսզի բացառուի անհանդուրժողականութեան դրսեւորումը։

Ազատութեան եւ պատասխանատուութեան այս երկընտրանքը շատ սուր է մեր երկրին մէջ: Ազատութիւնը, բնականաբար, չի կրնար ըլլալ ինքնանպատակ։ Ժողովրդավար երկրի մը մէջ խօսքի ազատութեան դերն է նպաստել հանրութեան գիտակցական մակարդակի բարձրացման։ Ազատ խօսքը ե’ւ հզօր է, ե’ւ վտանգաւոր. կենսական է, չի ճանչնար սահմաններ, բայց նաեւ պատասխանատուութեան հրաւէր է, կրնայ հասարակութիւններ խորտակել կամ ամրացնել անոնց հիմը:

Ազատութիւնը՝ ընդհանրապէս եւ ազատ խօսքը՝ մասնաւորաբար, ժամանակի ու պատմութեան ամէնէն զգայուն լարն է եւ շահողը այն հասարակութիւնն է, որ զայն կը կառավարէ իմաստութեամբ ու կը ծառայեցնէ ոչ թէ քաոսի, այլ արդարութեան եւ հասարակական վերելքին:

Share63Tweet39
Previous Post

Միջազգային լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

Next Post

Փաստագրական Հրապարակում

Next Post
Փաստագրական Հրապարակում

Փաստագրական Հրապարակում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.