Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յուսաբեկութեան Ոլորանէն Դէպի Հոգենորոգ Յոյսերու Օրրանը. Հայ Աւետարանական Համայնքի «Հունձքը» Այնճարի Մէջ

Արթիւր Շէնեան

October 9, 2025
in Գաղութային
0
Յուսաբեկութեան Ոլորանէն Դէպի Հոգենորոգ Յոյսերու Օրրանը. Հայ Աւետարանական Համայնքի «Հունձքը» Այնճարի Մէջ

Հայկազեան համալսարանի պաշտօնէութեան տարեկան ժողովին առթիւ
13 Սեպտեմբեր 2025, Այնճար

 

– Երկու տարի առաջ մեծ հրդեհ ծագեցաւ այս եկեղեցւոյ մէջ: Բոլորիս համար ցաւ էր: Ահռելի էր վնասը: Այդ իրարանցումին գիշերօթիկի սաները ջուրի գաւաթները լեցուցած կը վազէին՝ հրդեհը մարելու համար,– կը պատմէ երէցկին Նանոր Աքպաշարեան, որ տնօրէնուհին է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկ բաժնի:
«Ջուրի գաւաթները լեցուցած կը վազէին՝ հրդեհը մարելու համար»: Թէեւ եկեղեցւոյ շրջափակն ենք արդէն, եւ երէցկինը կը շարունակէ ներկայացնել գիշերօթիկի սաներուն առօրեան, որ հարուստ է կենսաւորող ու հոգեկեցոյց աղօթքով, դասերով ու ձեռագործութեամբ, բայց ես հոգեւին ու մտովին «բանտարկուած» կը մնամ եկեղեցւոյ մէջ, որ այժմ վերանորոգուած է ու վերադարձ կատարած իր երբեմնի շէնշող ու վայելուչ տեսքին:
Խոհերը կը կլանեն զիս: Խորապէս կը զգամ փոքրերուն ամուր պատկանելիութիւնը հանդէպ այս ջերմ ու տնաբոյր երդիկին, որ պատսպարած, խնամած ու դաստիարակած է զիրենք յանուն այն սուրբ ու բոլորանուէր առաքելութեան, որ հէնքն իսկ է աւետարանական դաւանանքին եւ կը կոչուի «ծառայութիւն»:
Երէցկնոջ իւրաքանչիւր բառին մէջ կ’որսամ սիրոյ, բարութեան, ծառայասիրութեան ու անձնուրացութեան պղպջակները, որոնցմով կը սնին գիշերօթիկի մատղաշ ու սիրալիր սաները՝ չզգալով օտարութիւն ու կղզիացում:
– Բախտաւոր են,– կը խորհիմ ես ինծի: Սակայն միայն ե՞ս,– վստահաբար նաեւ Հայկազեան համալսարանի սիրելի ու հոգեհարազատ պաշտօնակիցներս, որոնք նոյնպէս ականջալուր կը դառնան հոգեհաճոյ ու հոգեպարար պատմութիւններու: Ոմանք իրենց ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ եկած են, ուրիշներ՝ առանձին: Հարկաւ մեր պարագլուխը եւս մեզի հետ է. Հայկազեանի անուան հետ հոմանիշ դարձած վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանը՝ իր յարգելի կողակիցին՝ տիկին Մարալ Հայտոսթեանի հետ:

Պեքաայի հովիտը գտնուող այս բնութենագեղ աւանին մէջ, որ հայադրոշմ ու հայաթաթախ է իր ամէն քարակտորով ու հողապատառով, ուրի՜շ կեանք կը բուրէ, ուրի՜շ շունչ, ուրի՜շ ոգի. ուղղակի մօտ բնութեան, անով պարուրուած, անով սնուցող ու լիացող, անոր պէս-պէս հրաշալիքներով կկչած ու ծաղկաւէտած:
Խումբով կը հետեւինք երէցկնոջ, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ջերմատուն. մուտքին քանի մը բացատրութիւններ կը տրուին մեզի. ջերմատան մէջ հիմնականօրէն լոլիկ եւ վարունգ կ’աճին, որոնք կ’օգտագործուին զանազան ճաշերու հետ: Պաշտօնեաներս կը մտնենք ներս, կը շնչենք հողը, որ օրն ի բուն կը պարարտանայ ու կը բեղմնաւորուի: Կը համտեսենք բանջարեղէնները՝ այնպէս քմախորժ ու զգլխիչ: Կասկած չկայ, որ այս հողին սերմնացուն սէրն է, անմնացորդ սէրը, արարելու եւ ստեղծելու տենչն ու մղումը: Ահա թէ ինչու այսքան բարեհամ ու ախորժաբեր են անոնք, եւ ինչու այս հարթ ու սիրասո՜ւն տարածութիւնը, որ իր մէջ կ’ամփոփէ գեղեցիկ վարժարանը, եկեղեցին ու գիշերօթիկը, այսքան իւրայատուկ է, այսքան բազմարժէք ու անփոխարինելի:
Անկէ ետք բոլորս միասին կ’անցնինք յատուկ սենեակ մը, ուր վարժարանի աշակերտներն ու գիշերօթիկի սաները, ձեռարուեստի մասնագէտ-ուսուցչուհիներու վերահսկողութեամբ, ձեռագործ   հիւսուածեղէն ու կախածոյ բանուածքներ կը պատրաստեն: Ամենափոքրը ինը տարեկան է. ինչպէ՜ս կեդրոնացած կ’աշխատին: Այնքան շնորհաշատ են, եւ այդ ակնյայտ է հմտօրէն բանող իրենց ձեռքերէն: Պէտք է դիտել զիրենք այդ պահերուն՝ տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս այնճարցին ու այնճարաբնակը կը ստեղծեն ու կը կառուցեն ջերմեռանդօրէն եւ ո՛չ թէ ընդամէնը «առկան» կը պահեն ու կը պահպանեն:
Սա ինծի կը յիշեցնէ Այնճարի հիմնադրութիւնը, երբ 1939-ին Սանճաքը կը կցուի Թուրքիոյ՝ Փարիզ կնքուած ֆրանքօ-թրքական դաշնագիրով, եւ տեղի հայութիւնը կը ստիպուի մէկ շաբթուան ընթացքին հեռանալու իր հարազատ հողերէն եւ աւելի ապահով ափերու վրայ գտնելու գոյատեւման երաշխիքները: Ֆրանսական իշխանութիւնները, ի գործադրումն Ազգութիւններու դաշնակցութեան գաղթականաց յանձնախումբի որոշումին, կը գնեն Այնճար հողամասը: Մուսալեռցիք, որ Քեսապէն չորս քիլոմեթր հարաւարեւմտեան Պասիթ ծովեզերեայ շրջանը ապաստանած էին, նաւերով կը փոխադրուին հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը, ապա կ’անցնին Ռայաք եւ վերջապէս Այնճար: Իւրաքանչիւր ընտանիքի կը յատկացուի փոքր տուն մը եւ հողամշակման տարածք մը: Ամէն մարդ կը լծուի յամառ աշխատանքի: Կը կառուցուին դպրոցներ, եկեղեցիներ ու միութիւններ: Աւանը շունչ ու դիմագիծ կը ստանայ՝ ցայտուն օրինակ դառնալով հայու հզօր կամքին, մաքառելու ոգիին եւ վարակիչ աշխատասիրութեան:
Ու ահաւասիկ այսօր՝ ութսունվեց տարի ետք, ան իր շքեղ բարձունքին վրայ է ու կը ցօղկտայ անասելի մաքրութեամբ ու գեղեցկութեամբ:


Հոգեմա՜ս ու շնչակտո՜ւր գեղեցկութիւն:
Մարդ չի կրնար սանձահարել իր հիացումը ի տես այս բոլորին: Նամանաւանդ երբ կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս մուսալեռցիներու անկոտրում ու ստեղծարար էութիւնը իր սերմը ձգած է այնճարցի ներկայ սերունդին մէջ:
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ սաներուն ձեռագործ աշխատանքները կը վաճառուին «We Needle» ծրագիրին ճամբով, որ ունի բարի ու օգտակար նպատակ մը. սեղաններուն վրայ կոկիկ-կոկիկ փաթեթաւորուած ձեռագործներուն պիտակները պարզ ու մեկին կը բացատրեն այդ մէկը.

“We Needle” is a project for two main groups, the women of the community and the students of the Armenian Evangelical Secondary School in Ainjar.

The Project aims to empower the women by giving them the opportunity to teach various types of embroidery like “Sevaz”, “Marash”, “Aintab” and needle work to the students who in-turn will start producing handmade embroidery, and gain income to cover their needs upon selling their handmade products.

Thank you for supporting us by choosing our products.

Զարմացած եմ ու խորապէս տպաւորուած: Այս փոքրիկ հայաւանին մէջ կեանքը այնքան լաւ կազմակերպուած է: Կրնամ ըսել, թէ ստեղծուած է աշխատունակ կենսահամակարգ մը, որ ուղղակի անթերի է եւ արժանի ամէն յարգանքի ու գնահատանքի:
Այս կենսահամակարգին մնացեալ «բաղադրիչներն» ալ բացայայտելու համար պէտք է աւելի երկար ժամանակ անցընէի այստեղ, սակայն, ափսո՜ս, ստիպուած եմ վերադառնալու համալսարան եւ ապա տուն,– ինչ-որ անձնական պատճառով,– աւելի կանուխ, քան պաշտօնակիցներս:
Կը վերադառնամ: Ինծի հետ տանելով այն բոլո՜ր դրական «պղպջակները», որոնք ակնյայտ էին ի սկզբանէ, եւ որոնցմով ողողուած է Այնճարի Հայ աւետարանական համայնքի բեղուն ու բերքառատ «հունձքը»:
Ահաւասիկ գտած եմ հոգեպանծ ու յուսարծարծ իրականութիւն մը, հայ իրականութիւն մը, որուն հաղորդակից չէի եղած մինչեւ օրս, եւ որ ինքնին կը վերացնէ «լիբանանահայ ամուլ համայնք»-ի սին վարկածները եւ կը յուշէ, որ լիբանանահայութեան վերընձիւղման ու վերակենսաւորման հաւանականութիւնը, հակառակ ամէն ինչի, մեռած չէ դեռ:

Share70Tweet44
Previous Post

Փաստագրական Հրապարակում

Next Post

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Next Post
Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը –  Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.