ՇԱՐՄ ԷԼ-ՇԷՅԽԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՋՈՂՑՆԵԼՈՒ ՓՈՐՁԵՐ
Եգիպտական Շարմ էլ-Շէյխի մէջ երէկ շարունակուեցան Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի զինադադարին վերաբերող բանակցութիւնները, միջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի ու Եգիպտոսի: Նախագահ Ապտ էլ-Ֆաթթահ Սիսի, բանակցութիւններու յաջողութեան պարագային, իր ամերիկացի պաշտօնակիցը հրաւիրեց Եգիպտոս՝ մասնակցելու համար համաձայնութիւնը ստորագրելու արարողութեան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ իր կարգին վստահեցուց, որ իսկական հնարաւորութիւն կայ դադրեցնելու Կազայի պատերազմը: Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնին ընդունած ատեն, Թրամփ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներուն վստահեցուց, որ «տակաւին յանձնառու կը մնայ գերիներու ազատ արձակումին եւ Համասի կործանումին, որպէսզի դարձեալ չկրկնուի երկու տարի առաջ պատահածը»:

Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահի լրատուական հարցերու խորհրդական Թահէր Նունու յայտնեց, որ իրենք Շարմ էլ-Շէյխի բանակցութիւններուն կը մօտենան դրականութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ՝ յանգելու համար համաձայնութեան: Անոր խօսքով, բանակցութիւնները կը կեդրոնանան պատերազմին վերջ տալու, Կազայէն իսրայէլեան ուժերու նահանջին եւ գերիներու փոխանակումին վրայ: Նունու հաստատեց, որ արդէն իսկ փոխանակուած են ազատ արձակումի ենթակայ գերիներուն անուանացանկերը՝ հիմնուելով նախապէս համաձայնեցուած չափանիշերուն վրայ: Նշենք, որ Համաս կը պահանջէ նախագահ Թրամփի ծրագրին գործադրութեան մասին երաշխիքներ, որպէսզի գերիներու փոխանակումէն ետք Իսրայէլ չշարունակէ պատերազմը:
Ժիհատ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախալէ յայտնեց, որ գերիներու փոխանակումը կարելի է ամբողջացնել յառաջիկայ օրերուն, Իսրայէլը զրկելու համար իր ոտնձգութիւնները շարունակելու այդ պատճառաբանութենէն:
ԿԱԶԱՅԻՆ ԱՋԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄ
Իսրայէլեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ խոչընդոտած են Իտալիայէն նաւարկած եւ պաշարումը փշրելու նպատակով Կազա ուղղուող նաւ մը՝ ձերբակալելու անոր վրայ գտնուող մարդկային իրաւունքներու գործիչ մը: Նոյն ծիրին մէջ, Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Կազա հասնիլ փորձած «Սումուտ» նաւատորմին նաւերուն վրայ ձերբակալուած իտալացի, ֆրանսացի, ամերիկացի, բրիտանացի եւ շուէտ 171 գործիչներ արտաքսուած են Յունաստան եւ Սլովաքիա: Իսրայէլեան մամուլին համաձայն, ձերբակալուած գործիչները դատարանին մէջ բողոքած են, որ բռնութեան ենթարկուած են ոստիկաններուն ձեռամբ, զրկուելով նոյնիսկ ջուրէն:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՍԱՏ-ԻՆ ՀԵՏ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհէֆ Ապու Քասրա յայտնեց, որ քրտամէտ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր (Քասատ) կազմակերպութեան հետ համաձայնուած է զինադադար մը, որ կը ներառէ երկրին հիւսիսային եւ արեւելեան շրջանները: Քաղաքական առումով, Սուրիոյ ընտրական գերագոյն յանձնախումբը յայտարարեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթած 119 թեկնածուներուն անունները: Նշենք, որ այս առաջին ընտրութիւնն է, որ կը կազմակերպուի նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք:

