ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. gաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախի պետական անձնաւորութիւնները եւ քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդին: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան հայrենազրկուած արցախցիներուն դիմագրաւած խնդիրները եւ տունդարձի իրաւունքին պաշտպանութիւնը: Անդրադարձ եղաւ արցախցիներուն օգնելու նպատակով Մայր Աթոռին ձեռնարկած քայլերուն: Զրուցակիցները կարեւորեցին միջազգային հարթակներուն մէջ հետեւողական քայլերու ձեռնարկումը, յանուն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ գերիներու ապահով տունդարձին:
ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ ԱՌԻԹ
22-23 Հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ պիտի կազմակերպուի «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային համաժողովը, որուն ներկայ պիտի ըլլան աւելի քան երկու հազար պատուիրակներ՝ ներառեալ քաղաքական գործիչներ, գործարարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընկերութիւններու ղեկավարներ: Ըստ կազմակերպող կողմին, համաժողովի մասնակիցներուն շարքին են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ալի Ասատովը: Իսկ քննարկումի գլխաւոր նիւթերն են կայունութեան պայմաններուն մէջ ներդրումներու կատարումը, միջազգային առեւտուրի, փոխադրութեան եւ միջին միջանցքի զարգացումին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ուժանիւթային եւ թուային արհեստագիտութեան նորութիւնները:
ԳԻՆԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵՒԱՆԻՆ

Մայրաքաղաք Երեւանի հիմնադրութեան 2807-րդ տարեդարձին առթիւ, տեղացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն շատ սիրած փառատօններէն՝ հայկական գինիի փառատօնը այս տարի պիտի վերադառնայ Երեւան եւ 12 Հոկտեմբերին պիտի կազմակերպուի կեդրոնական Հիւսիսային պողոտային վրայ, կէսօրուայ ժամը 12-էն գեշիրուան ժամը 11: Փառատօնին մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան համտեսելու հայկական ընտիր գինի եւ վայելելու գեղարուեստական բազմազան ներկայացումներ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ 2025-Ի ՍՂԱՃԸ

Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէն հրապարակեց սպառողական գիներուն աղիւսակը՝ յատուկ 2025-ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն: Ըստ զեկոյցին, 2024-ի Սեպտեմբերէն 2025-ի նոյն ամիսը գրանցուած է 3,7 առ հարիւրի սղաճ: Հացին գինը բարձրացած է հինգ առ հարիւրով, իսկ ալիւրինը՝ 7,2 առ հարիւր: Տուրմին եւ պաղպաղակներուն գիները աճած են աւելի քան 10 առ հարիւրի չափով:

