Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լիբանանեան լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

October 9, 2025
in Լիբանանեան
0
Լիբանանեան լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

ԱՈՒՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ հարաւէն իսրայէլեան նահանջին վերաբերող լիբանանեան պահանջը չգործադրելու պարագային պիտի խոչընդոտուի հարաւի մէջ բանակին ամբողջական տեղակայումը: Եւրոմիութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն, Աուն բարեկամ երկիրներէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի նկատմամբ, որպէսզի վերջ տայ ոտնձգութիւններուն եւ քաշուի լիբանանեան բռնագրաւեալ բլուրներէն, առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ զինադադարի համաձայնութեան: Դրական որակելով ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հետ լիբանանեան զինուած ուժերուն համագործակցութիւնը, Աուն նշեց, որ մինչեւ տարեվերջ հարաւային շրջաններուն մէջ տեղակայուած զինուորներուն թիւը պիտի հասնի շուրջ 10 հազարի: Նախագահը Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեսակցեցաւ պետական եւ ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութիւններուն տնօրէններուն հետ, քննարկեց երկրին ապահովական ընդհանուր իրավիճակը եւ հաստատութիւններուն մէջ փտածութեան դէմ պայքարին ջանքերը:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը շատ ուժեղ դուրս եկած է վերջին պատերազմէն: Հեռասփռուած ուղերձով մը Քասէմ վստահեցուց, որ Հըզպալլայի ղեկավարները տակաւին կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը եւ Իսրայէլ պիտի չկարենայ հասնիլ իր նպատակներուն: «Լիբանանի դիմադրութեան գրանցած յաջողութիւնները կը բխին Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէիէն, շարունակելով իմամ Խումայնիի ուղին», ըսաւ Քասէմ:

 

 ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՔԱԹԱՐԻՆ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ երկօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Տոհա, ուր Քաթարի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետին հրաւէրով տեսակցութիւններ կ’ունենայ երկրին քաղաքական ու զինուորական վերնախաւին հետ՝ քննարկելու համար յարաբերութիւնները լիբանանեան եւ քաթարեան բանակներուն միջեւ, նկատի առնելով շրջանային վտանգաւոր մարտահրաւէրները: Քննարկումներուն ընթացքին, Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործերու նախարար շէյխ Մոհամմատ պըն Ապտ էլ-Ռահման Ալ Սանի վստահեցուցած է, որ Տոհա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի կառավարութեան եւ բանակին:

 

ՊԱՊԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ

Վատիկանի տեղեկատուական ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը 30 Նոյեմբերէն 2 Դեկտեմբեր պիտի այցելէ Լիբանան, ընդառաջելով Հանրապետութեան նախագահին եւ Լիբանանի եկեղեցական իշխանութիւններուն հրաւէրին: Պապը Լիբանան պիտի ժամանէ 27-30 Նոյեմբեր Թուրքիա կատարելիք այցելութենէն ետք: Սրբազան քահանայապետը իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանան գալով առիթ պիտի ընծայուի շատ տառապած երկրէ մը յայտարարելու նոր պատգամ՝ յանուն խաղաղութեան: «Ֆրանչիսկոս պապը շատ փափաքած էր Լիբանան երթալ՝ զօրակցելու համար լիբանանցիներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ, աւելցնելով պապը որ պիտի փորձէ խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ յղել լիբանանցիներուն:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն այս առումով նշեց, որ պապին այցելութիւնը պիտի ըլլայ պատմական պահ մը՝ վերահաստատելով Լիբանանի ներկայութիւնը եւ դերը թէ՛ աշխարհին, թէ՛ Եկեղեցւոյ մէջ:

 

ՆՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ LIBANPOST-ՈՎ

 

Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն Հասան Շուքէյր յայտնեց, որ 15 Հոկտեմբերէն սկսեալ լիբանանցիներն ու օտարազգիները հնարաւորութիւն պիտի ունենան Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութենէն հրապարակուող  իրենց փաստաթուղթերուն վերաբերող աշխատանքները կատարելու LibanPost նամակատան միջոցաւ: Շուքէյրի համաձայն, նշեալ որոշումը կայացուած է որպէս կառավարութեան գործունէութիւնը թուայնացնելու ծրագրի առաջին քայլ՝ բացառիկ ծառայութիւն մատուցելով քաղաքացիներուն եւ օտարազգիներուն, որոնք այսուհետեւ կրնան անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն տիրանալ, առանց հրաժարելու տան հանգիստէն:

 

ԴԱՐՁԵԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԼՈՒԾՈՒՄ

Ժտէյտիի ծովափնեայ աղբանոցը փակելու մասին յայտարարութենէն  ընդամէնը երկու օր անց, Մեթնի, Քսըրուանի եւ Պէյրութի փողոցներուն վրայ արդէն արագօրէն սկսաւ իշխել աղբակոյտերու տհաճ պատկերը, որ թարմացուց այս երեւոյթէն շատ տառապած քաղաքացիներուն յիշողութիւնը: Ուստի, Ժտէյտիի աղբանոցին տնօրէնութիւնը դիմեց Բարգաւաճումի եւ վերակառուցումի խորհուրդին եւ ժամանակաւորապէս վերաբացաւ աղբանոցը, ուստի աղբահանող Ռամքօ ընկերութեան բեռնակառքերը երէկ գիշեր լծուեցան փողոցները մաքրագործելու աշխատանքին:

 

Share100Tweet63
Previous Post

Մայրիներու Անտառը Ընդարձակելու Ծրագիր

Next Post

Հայրենական լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

Next Post
Հայրենական լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

Հայրենական լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.