Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մայրիներու Անտառը Ընդարձակելու Ծրագիր

October 7, 2025
in Default
0
Մայրիներու Անտառը Ընդարձակելու Ծրագիր

Լիբանանի «Մայրիներու անտառի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը Պըշարրի գաւառին մայրիներու «Հովանաւորներու անտառին» մէջ կազմակերպեց հովանաւորներուն օրը, որ նուիրուած է նշեալ անտառի ընդարձակումին եւ տարածքի կանաչապատումին աշխատանքը հովանաւորող անձերուն: Անոնք իրենց ընտանիքներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պըշարրիի լեռնային գօտի ջրեցին իրենց տնկած մայրիները, ստուգեցին անոնց աճը, ամրացնելով նոր սերունդին կապը Լիբանանը խորհրդանշող մայրիի ծառին հետ:

Նշենք, որ «Մայրիներու անտառի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը հիմնուեցաւ 26 տարի առաջ, նպատակ ունենալով Լիբանանի լեռնային շրջաններուն մէջ վերականգնել երբեմնի մշտադալար անտառները եւ կենսոլորտային պայմաններ ապահովել՝ պահպանելու հնագոյն մայրիներու կեդրոնացումի վայր համարուող Պըշարրիի «Աստուծոյ մայրիի պուրակը», ուր տակաւին կը գոյատեւէ ընդամէնը 2162 հսկայ ծառ: Իսկ նոր՝ «Հովանաւորներու անտառին» 5,5 միլիոն քառակուսի մեթր տարածութեան մէջ տնկուած է  աւելի քան 173 հազար մայրի, շնորհիւ հազարաւոր հովանաւորներու հարիւրական տոլարի նուիրատուութեան:

Share61Tweet38
Previous Post

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Next Post

Լիբանանեան լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

Next Post
Լիբանանեան լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

Լիբանանեան լուրեր. 9 Հոկտեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.