Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Իսրայէլ եւ Ամերիկա Զոյգը Աշխարհի Դէմ

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան

October 7, 2025
in Յօդուածներ
0
Իսրայէլ եւ Ամերիկա Զոյգը Աշխարհի Դէմ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) իր 24 Սեպտեմբեր 2025 թուականի նիստին, գրեթէ բովանդակ աշխարհը ներկայացնող, թիւով 142 երկիրներու մեծա­մասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ պաղեստինեան պետութիւն մը ստեղծելուն՝ կողք-կողքի Իսրայէլի հետ: Դէմ քուէարկեցին միայն 10 երկիրներ՝ Ամերիկան ու Իսրայէլը, եւ իրենց հետ Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի պահանջքին ենթարկուած եւ այդպիսով ստրկացած Արժանթինն ու Հունգարիան եւ քանի մը «ղըվըր-զըվըր» երկիրներ:

Պաղեստինեան դատը կարծէք դարձաւ դատը համայն մարդկութեան, բան մը, որ գրեթէ 60 տարի առաջ (1967-ին), համեստս աւետած էր:

Արդարեւ, 5 Յունիս 1967 թուականին բռնկած արաբ-իսրայէլեան վեցօրեայ պատերազմէն երկու օր առաջ, Շաբաթ, 3 Յունիս 1967 թուականին, արաբերէնով գրած էի երկարաշունչ յօդուած մը, ամբողջ մէկ էջի վրայ, Լիբանանի Պէյրութ քաղաքին մէջ հրատարակուող «Ալ-Անպա’» շաբաթաթերթին մէջ, որուն տէրն ու տնօրէնն էր տիւրզի ազգային ղեկավար եւ լիբանանի Ազգային շարժումի առաջնորդ Քամալ Ժումպլաթ:

Յօդուածիս վերնագիրն էր «Պաղեստին՝ դատը համայն մարդկութեան»:

Ան կը սկսէր հարց տալով. «Որո՞ւ դատն է սա։ Արդեօք ան միայն արաբական ու պաղեստինեան դա՞տ մըն է, կամ ան դատն է համայն մարդկութեան։ Արդեօք ան դա՞տն է տեղահանուած ժողովուրդի մը, թէ՞ ան տեղահանում է մարդկային զգացումներու եւ արժէքներու, որոնք անջատուեցան մարդուս էութենէն եւ արմատներէն: Ան իմ դատն է. ես որ արմատախիլ եղած հայն եմ, ես որ լեցուն եմ ցաւով եւ ատելութեամբ հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք տեղահան ըրին զիս ու պաղեստինցին եւ բոլոր տեղահանուածները այս աշխարհի»:

Բարեփոխուած այդ յօդուածս որպէս ճառախօս անգամ մը եւս լսելի դարձուցի 15 Մայիս 1968 թուականին՝ «Պաղեստինի օր»-ուան առթիւ, Հայկազեան գոլէճի (այժմ համալսարան) սրահին մէջ, Պէյրութի բոլոր համալսարաններէն ժամանած հազարաւոր  համալսարանական ուսանողներու եւ չորս արաբ երկիրներու դեսպաններու ներկայութեամբ, տեղահանուած ու աքսորուած մեծ հօրս եւ մեծ մօրս ձայնը լսելի դարձնելու համար: Ինծի պէս անիրաւուած ժողովուրդի մը ողբերգութեան ու զայրոյթին մասնակից կ’ուզէի դառնալ այն ատեն:

Ու գրեթէ վեց տասնամեակ ետք մարդկութիւնը անդրադարձաւ, թէ կարելի չէր Իսրայէլի պետութեան եւ անոր պաշտպան Ամերիկայի պետութեան հետ հաշտ մնալու կամ «եոլա» երթալու սիրոյն ոտնակոխել անկախ երկիր մը ունենալու իրաւունքը մեռնիլ չուզող պաղեստինցի ժողովուրդին:

Բազմատաղանդ հայ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի «Նոր Յառաջ» լրագրի 27 Սեպտեմբեր 2025 թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածը՝ «Կը շարունակեմ մնալ մեղսակից այս ցեղասպանութեան», իմ մէջ բորբոքեց յիշատակներ, որ իրեն պէս ես ալ, ինչպէս ինք կ’ըսէ, «Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքիս կորուստը կրնամ ուղղակի վերագրել այդ պատմութիւններուն», եւ այդ պատմութիւնները կը նկարագրէ՝ ըսելով. «Մանկութիւնս անցուցի ցեղասպանութեան պատմութիւններ մտիկ ընելով, լսելով մեծ մօրս ձայնը՝ միշտ նոյն զարմանքին ու ցաւին մասին, երբ կ’ըսէր “ես երբեք պիտի չհասկնամ ինչպէ՞ս աշխարհ թոյլ տուաւ, որ այս բանը պատահի, ինչպէ՞ս կրցան ամբողջ ազգի մը կոտորածը դիտել ու ոչինչ ընել”»:

Ես ալ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս խեղճ մեծ մայրս իմ մանկութեան շրջանին մեր տան խոհանոցին գետինը նստած երբ ձիթապտուղ կը ջարդէր եւ կոյտին մէջ կը թափէր, արցունք թափելով տխուր երգեր կ’երգէր, ու ես որպէս մանուկ երբ հարց կու տայի «ինչո՞ւ կու լաս մեծ մամա», ան փաղաքշական նայուածքով ինծի կը նայէր ու կ’ըսէր. «Ա՜խ եաւրուս, քեզի պէս եկեններ ունէի, բոլորն ալ անօթի մեռան սեֆերպերլիքի ճամբուն վրայ»:

Վահէ Պէրպէրեանի հետ ես ալ կը ցաւիմ, թէ «աւելի քան մէկ դար ետք, կը դիտենք Պաղեստինի մէջ կատարուող վայրագութիւնները: Շատ բան չէ փոխուած: Աշխարհը լուռ է»: Ու ես ալ իր հետ կ’ուզեմ աղաղակել. «Ես մեղսակից եմ, որովհետեւ լռութիւնը մեղսակցութիւն է»: Ու ես ալ իր նման գրեցի այս յօդուածը՝ «խիղճս հանդարտեցնելու համար»:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Միջազգային ոճրադատ ատեանին կողմէ ոճրագործ հռչակուած Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն անամօթաբար յոխորտաց՝ ըսելով, թէ տակաւին վերջ չկայ իր արշաւին՝ Կազայի ժողովուրդը բնաջնջելու: Նեթանիահուն, անհաւասարակշիռ ու տգէտ եւ Հայաստանը Ալպանիոյ հետ շփոթող նախագահ Թրամփի մը կռնակ տուած, թքած ունի աշխարհի մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած պաղեստինեան պետութիւն ունենալու արդար իրաւունքին վրայ, ինչպէս նաեւ իր իսկ ժողովուրդի ազնիւ եւ խելացի հրեաներու խաղաղութիւն ուզող եւ տենչացող պահանջքին վրայ:

Արաբները ունին իմաստուն խօսք մը, որ կ’ըսէ. «Եա զալէմ, ըլաք եոմ» (ով չարագործ, քու օրդ ալ կու գայ):

Աշխարհի ցեղասպան եւ չարագործ գործիչներուն, մարդկութեան դէմ ոճիր գործողներուն (crimes against humanity), ով որ ալ ըլլան եւ ուր ալ գտնուին անոնք, անպայման կու գայ հաշիւ տալու օրն ու ժամանակը, որքան ալ տարիներու եւ դարերու վրայ արդարութեան ժամանակը երկարի:

Share62Tweet39
Previous Post

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (2)‎

Next Post

Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

Next Post
Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.