Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

Սօսէ Փիլաւճեան

October 7, 2025
in Յօդուածներ
0
Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

Քրիստոնէական աշխարհի պատմութեան մէջ, համաշխարհային սուրբերու մեծ մասը կը պատկանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ, պարզ այն պատճառով, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր կեդրոնական կառոյցով եւ համաշխարհային ներկայութեամբ կարողացած է սուրբերու պաշտամունքը տարածել եւ ամրագրել ամբողջ աշխարհին մէջ, որուն հետեւանքով կաթողիկէ սուրբերը յաճախ համաշխարհային ճանաչում եւ հնչեղութիւն կը վայելեն։

Արդ հարց` արդեօ՞ք մենք հայերս մեր անզուգական սուրբերը պատշաճ ձեւով ներկայացուցած ենք համայն քրիստոնեայ աշխարհին։ Արդեօ՞ք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի նուիրեալ զինուորները արժանի չեն ունենալու իրենց ուրոյն եւ յատուկ տեղը համաշխարհային սուրբերու փաղանգին մէջ։

Այս հարցումին պատասխան տալու համար հարկ է նախ մօտէն ծանօթանալ մեր սուրբերու կեանքին եւ գործունէութեան, այնուհետեւ անոնց արժէքը համապատասխան ձեւով փոխանցել քրիստոնեայ աշխարհին։

Այս առումով Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը առանձնայատուկ երեւոյթ է։ Իր նահատակութեամբ եւ անձնուիրութեամբ ան փաստացիօրէն եղաւ առաջին համաշխարհային հնչեղութիւն ստացած սուրբը, որ Սուրբ Աթոռին կողմէ հռչակուեցաւ։

Եթէ փորձենք բաղդատել Մալոյեանի սրբութիւնը այլազգի սուրբերու հետ, ապա կը տեսնենք որ անոր վկայութիւնը չի համեմատուիր անոնց հետ։ Քանզի Մալոյեանի  պարագային կայ առանձնայատկութիւն մը, Անոր նահատակութիւնը եղաւ ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքի, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան համար։

Այլ սուրբերու պարագային նահատակութիւնը սովորաբար զուտ կրօնական է՝ հաւատքի համար։ Իսկ Մալոյեանին մէջ կրօնական եւ ազգային գիծերը միահիւսուած են միմեանց։ Ան զոհուեցաւ միաժամանակ իր հաւատքին եւ իր ժողովուրդի գոյութեան պայքարին համար։

Այս յատկանիշը Մալոյեանը կը դարձնէ համաշխարհային առումով եզակի։ Քանզի այսօրուան աշխարհի ճգնաժամերը ոչ միայն կրօնական բնոյթ ունին, այլեւ ազգային։

Կրօնը շատ պարագաներու մէջ կը զօրանայ հակադրութեան մէջ դրուելով, մինչդեռ ազգային ինքնութիւնը աւելի խոցելի է եւ աւելի արագ կը մաշի։ Եթէ հեթանոս կամ աշխարհիկ երկիրներուն մէջ ազգութիւնը համեմատաբար կայուն կը մնայ, ապա երկնային կրօններու պատկանող ժողովուրդներուն համար վտանգը աւելի մեծ է։

Ահա թէ ինչու Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կերպարը ոչ միայն պատմական կամ հոգեւոր յիշատակ է, այլ նաեւ ժամանակակից պատգամ ամբողջ աշխարհին համար։ Ան կը վկայէ, որ հաւատքը եւ ազգութիւնը միասին կրնան դառնալ սրբութեան ճամբայ, եւ իր նահատակութիւնը կը մնայ հրատապ պատգամ նոր դարերուն համար։

Share63Tweet39
Previous Post

Իսրայէլ եւ Ամերիկա Զոյգը Աշխարհի Դէմ

Next Post

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Next Post
Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.