Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (2)‎

Լ. Շ.

October 7, 2025
in Յօդուածներ
0
Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (2)‎

Քանի որ խօսեցանք հայագիտական հիմնարկներու մասին, ուստի նպատակայարմար է որ բացատրենք «Հայագիտութիւն» բառը, որ բաւական լայնածիր հորիզոն մը կը բանայ մեր առջեւ։

Բառարաններու մէջ հայագիտութիւնը կը կոչուի նաեւ «հայկաբանութիւն», հայագէտը` «հայկաբան»։

Հայագիտութիւն ուսուցանող համալսարաններն ու հիմնարկները,– Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի,– կ’ուսուցանեն հայոց լեզու, հայ գրականութիւն (հին, միջնադարեան ու արդի), հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, եկեղեցագիտութիւն եւ յարակից ու առնչակից օժանդակ այլ դասանիւթեր։ Հետեւաբար, հայագիտութիւնը բովանդակ հայ մշակոյթին ու հայկական քաղաքակրթութեան դասաւանդումն է, որ իւրացնելու համար՝ ուսանողէն կը պահանջուի լարուած հետաքրքրութիւն, մշտական պրպտումներ ու խորանալու պատրաստակամութիւն։

Հայագիտական ուսմանց մէջ մի՛շտ ալ պատուոյ տեղ գրաւած է լեզուն՝ իր քերականութեամբ եւ ուղղագրական կանոններով։ Այո՛, լեզուն ու անոր գաղտնիքնե՜րը…։

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ այնքան տարածուն է հայերէնի նկատմամբ արգահատանքը, որ շատեր չեն իսկ գիտեր, թէ հայերէնն ալ, ճիշդ ֆրանսերէնի, անգլերէնի կամ արաբերէնի նման ունի լեզուական իւրայատուկ համակարգ մը, կատարելագործուած եւ ակադեմականօրէն ուսումնասիրուած, որուն տիրապետելու համար՝ բացուած են ու կը գործեն ահաւասիկ հայագիտական հիմնարկները։ Գրաբարը, որ հին հայերէնն է, ունեցած է իր քերականութիւնը, ժամանակակից աշխարհաբարը՝ իրը։ Շուրջ 160 տարի առաջ, 1866-ին, Վիեննայի Մխիթարեաններէն Հ. Արսէն Այտընեան հիմը դրաւ աշխարհաբարի օրէնքներուն՝ երբ լոյս ընծայեց իր մեծածաւալ «Քննական քերականութիւն»-ը։ Այդ օրէն ասդին օրէնքները մշտապէս զարգացան, յղկուեցան, ու լեզուի կատարելագործման հոլովոյթը կանգ չառաւ։ Այսօր, պէյրութաբնակ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ը (2022, համացանցի վրայ) իր տարողութեամբ բնաւ ետ չի մնար Այտընեանի կոթողային հատորէն…։

Հայագիտական նիւթերու նկատմամբ ուսանողի մը խանդավառ մօտեցումը մեծագոյն բարիքը կրնայ ըլլալ իր ապագայ նուաճումներուն համար։ Ուսանող մը երբ սիրով ու կիրքով նուիրուի հայագիտական ուսմանց, անպայմա՛ն յաջողութիւն կ’արձանագրէ։

Հայագիտական հիմնարկէ որեւէ շրջանաւարտ ենթադրելի է որ ունենայ գիտելիքներու որոշ ու տրամաբանական պաշար մը, որ ձեռք բերած կ’ըլլայ իր ուսանողութեան տարիներուն։ Շրջանաւարտը ո՛չ միայն ընտելացած ու մտերմացած կ’ըլլայ արդէն մեր գրականութեան ու լեզուին առնչուող ինչ-ինչ երեւոյթներու հետ, այլեւ՝ անտեսանելի շողեր փոխ առած կ’ըլլայ իր ուսուցիչներէն։ Հայագիտական նիւթերու ամէն մէկ դասախօս, անպայմա՛ն, իր մտաւորական յատկութենէն ցոլք մը, ըմբռնում մը, աշխարհայեացք մը, տեսիլք մը փոխանցած կ’ըլլայ իր ուսանողներուն։ Ճիշդ այս տեսակէտով ալ, դասախօսական կազմին որակը կրնայ էական դեր խաղալ ուսանողներու ընդհանուր որակին վրայ։

Ու չկարծենք որ ամէն ինչ իր լիակատար աւարտին հասած կ’ըլլայ շրջանաւարտութեամբ։ Ո՜չ։ Վկայականներու բաշխման օրը (նկատի ունիմ մի՛շտ հայագիտական հիմնարկի մը վկայականը), խորքին մէջ, ՍԿԻԶԲԸ պէտք է ըլլայ նոր ու աւելի երկարատեւ ճամբու մը, որուն անունն է ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹ։ Վկայականը հիմնաքար մըն է միայն, որուն վրայ դեռ պէտք է շարել բազմաթիւ աղիւսներ…։ Պատէն կախուած ո՛չ մէկ վկայական վերջնական ապացոյց է՝ թէ ենթական լաւ հայագէտ մըն է։ Հայագիտութիւնը, կամ աւելի համեստ բնորոշումով մը՝ հայերէնագիտութիւնը, պէտք է ապացուցուի գործո՛վ։ Դպրոցի մը մէջ շահուած ուսուցչական լաւ անուն մը, սրահներու բեմերէն արտասանուած որակեալ բանախօսութիւններ, թերթերու մէջ գեղեցիկ հայերէնով ստորագրուած բովանդակալից յօդուածներ՝ ապացոյց են, թէ ենթական տոկուն ու վստահելի հայագէտ մըն է։ Ես յաճախ իմ շուրջ կը տեսնեմ հայագիտական հիմնարկէ շրջանաւարտներ, որոնք դիմատետրային 8-10 տողնոց պարզ գրառումի մը մէջ լեզուական կամ ուղղագրական սխալներ թոյլ կու տան…։

Հայագիտական հիմնարկէ շրջանաւարտի մը առջեւ բաց է գործունէութեան եւ աշխատանքի անհո՜ւն դաշտ մը։ Չմոռնանք, որ Սփիւռքի տարածքին մեր բոլոր գաղութներն ալ կը տառապին հայերէնագէտի պակասէ։

Ամէն բանէ առաջ՝ ուսուցչական ասպարէ՛զն է որ թեւ պիտի բանայ Հայագիտականի շրջանաւարտներուն։ Սփիւռքի բոլոր դպրոցներն ալ կարիքը ունին արեւմտահայերէն դասաւանդող որակաւոր ուժերու։ Յետոյ՝ հայ մամուլը։ Մամուլը, մեր օրաթերթերն ու շաբաթաթերթերը, ամսագրերն ու պարբերաթերթերը կարիքը ունին որակեալ խմբագիրներու, սիւնակագիրներու, լրագրողներու, թղթակիցներու, սրբագրիչներու։ Մեր թերթերը եթէ այսօր կը տառապին բազմաթիւ խոցելի երեսներէ, միա՛կ պատճառն այն է՝ որ իրենց գլխուն վերեւ չունին հայագէտ խմբագիրներ (չունինք ու պիտի չունենանք երկրորդ Ռ. Հատտէճեան մը…)։ Ու այս երեւոյթը անընդունելի է (երեւակայե՜լ ֆրանսատառ թերթ մը, որուն խմբագիրը լաւ ֆրանսերէն չի գիտեր…)։ Իսկ մասնագէտները ուրկէ՞ պիտի գան, եթէ ոչ՝ հայագիտական հիմնարկներէ։ Տակաւին չենք յիշեր մեր մշակութային կամ այլ միութիւնները, որոնց վարչական կազմերուն կամ անդամաշարքերուն մէջ, վերջին տասնհինգ-քսան տարիներուն, խիստ նօսրացած կամ գրեթէ չքացած է հայերէնագէտ տարրը։ Այս տագնապը սուր բնոյթ ունի նոյնիսկ Պէյրութի կամ Հալէպի նման «հայապահպանման ամրոց» նկատուող գաղութներու մէջ։

Հայագիտական հիմնարկներէ շրջանաւարտները, քիչ-քիչ, կրնան դարմանել այս երեւոյթները։

Բայց պայման է որ Հայագիտականի իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ինքզինք մշակէ, ինքզինք զարգացնէ՝ տեւական եւ անդուլ ընթերցումով։ Ընթերցումներ՝ մեր հարուստ գրականութենէն, առօրեայ ընթերցումներ՝ մեր մամուլէն, ընթերցումներ՝ պատմական, բանասիրական, յուշագրական մատենաշարերէ։ Ո՛չ մէկ շրջանաւարտ կրնայ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ու ՏԻՐԱԿԱՆ անուն շինել, եթէ բաւարարուի ուսման տարիներուն իր ստացածով, որուն մէկ մասը ցնդած կ’ըլլայ ինքնաբերաբար…։

Գիրքն ու թերթը մնայո՛ւն ներկայութիւն պէտք է ըլլան հայագէտին սեղանին վրայ։

 

(շարունակելի)

Share63Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 7 Հոկտեմբեր 2025

Next Post

Իսրայէլ եւ Ամերիկա Զոյգը Աշխարհի Դէմ

Next Post
Իսրայէլ եւ Ամերիկա Զոյգը Աշխարհի Դէմ

Իսրայէլ եւ Ամերիկա Զոյգը Աշխարհի Դէմ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.