Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 7 Հոկտեմբեր 2025

October 7, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 7 Հոկտեմբեր 2025

Ռաուշէն Լուսաւորողներուն Գործունէութեան Առկախում

Կառավարութիւնը Պաապտայի պալատին մէջ երէկ գումարեց զգայուն նիստ մը եւս, գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի: Վերջինս հանրօգուտ աշխատանքներու նախարարէն պահանջած է փողոցները լաւապէս մաքրել եւ լիբանանցիները խնայել ամէնամեայ առաջին անձրեւին հետեւանքով յառաջացող ողողումներէն, իսկ զբօսաշրջութեան նախարարին ալ յորդորած է լաւապէս պատրաստուիլ տօնական եղանակին: Ըստ տեղեկատուութեան նախարարին, նախագահն ու վարչապետը իրենց յանձնառութիւնը յայտնած են խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումին, սակայն խորհրդարանէն պահանջած են ճշդել ընտրական օրէնքը: Նիստը սակայն մասնաւորաբար նուիրուած էր գլխաւոր երկու նիւթի՝ հարաւի մէջ բանակի գործունէութեանց եւ զէնքի մենաշնորհին վերաբերող որոշումի առաջին փուլի գործադրութեան զեկոյցին, ինչպէս նաեւ Ռաուշէի ծանօթ միջադէպի հետեւանքներուն: Նիստին մէկ հատուածին մասնակցեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալը, որ ներկայացուց զէնքի մենաշնորհին հարցով մշակուած ծրագրի առաջին փուլին գործադրութեան վերաբերող հերթական զեկոյցը, որուն մէջ կեդրոնացաւ հարաւային շրջաններուն մէջ բանակին ձեռնարկած քայլերուն վրայ եւ բողոքեց իսրայէլեան չդադրող ոտնձգութիւններէն, որոնք կը խափանեն բանակին ջանքերը: Հայքալ անդրադարձաւ նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հետ բանակին արդիւնաւէտ համագործակցութեան:

Կառավարութիւնը ապա քննարկեց Ռաուշէի ժայռին վրայ Հըզպալլայի ահաբեկուած ընդհանուր քարտուղարներու լուսանկարին ցուցադրումը կատարած «Ռիսալաթ» կազմակերպութեան ճակատագիրը, նկատի առնելով որ ան խախտած էր Ռաուշէի հաւաքին վերաբերեալ վարչապետին հրապարակած որոշումը եւ ապահովական մարմիններուն տրուած խոստումները: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամին առաջարկով կառավարութիւնը որոշեց առկախել կազմակերպութեան գործունէութիւնը, մինչեւ հետաքննութեան եզրափակումը, թէեւ Հըզպալլային մօտիկ նախարարներ պահանջեցին որեւէ քայլի չձեռնարկել, մինչեւ հետաքննութեան արդիւնքներուն հրապարակումը: Հըզպալլային մերձակայ «Ռիսալաթ» կազմակերպութիւնն ալ շեշտեց, թէ իրենք չէին 25 Սեպտեմբերի հաւաքը քաղաքականացնող կողմը, խոստանալով թղթածրարը հետապնդել օրինական բոլոր միջոցներով:

 

Արիւնալի Հարուած Զըպտինի Մէջ

Առողջապահութեան կազմակերպութիւնը հաղորդեց, թէ երկու մարդ մահացած է եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած հարաւային Նապաթիէ գաւառի Զըպտին շրջանին մէջ ինքնաշարժի մը թիրախաւորումին պատճառով: Իսրայէլեան օդուժը երէկ ծանրօրէն ռմբակոծեց նաեւ Պեքաայի հիւսիսային Հարապթա շրջանին եւ Հըրմէլի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Շաաս գիւղին մերձակայքը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի միւս կողմէ յայտնեց, թէ Զըպտինի մէջ ահաբեկուած մարդը Հըզպալլայի հակաօդային պաշտպանութեան պատասխանատուներէն Հասան Ալի Աթուէն: Անոր համաձայն, Պեքաայի եւ Հըրմէլի ռմբակոծումները թիրախաւորած են Հըզպալլայի յատուկ «Ռըտուան» ուժերուն զինավարժութեան կէտերը:

 

Ֆատըլ Շաքէր Սկսաւ Վերադարձի Ճամբան

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերի գիշերը, առնչակից կողմերուն հետ հաղորդակցութեանց շնորհիւ, Սայտայի Այն Հըլուէ գաղթակայանի մուտքին հետախուզական ծառայութեանց մօտեցած եւ ինքզինք յանձնած է 2013-ի Ապրայի արիւնալի բախումներուն լոյսին տակ հետապնդուած նախկին երգիչ Ֆատըլ Շամանտարը, ծանօթ՝ Ֆատլ Շաքէր անունով: Զայն ապա փոխադրած են Պէյրութ՝ դատական մարմիններուն մօտ հարցաքննութիւնը շարունակելու նպատակով: Նշենք, որ Շաքէր կը համարուէր շէյխ Ահմատ Ասիրի աջակիցներէն մէկը, սակայն կտրականապէս կը ժխտէ բանակին դէմ մղուած մարտերուն մասնակցելու ամբաստանութիւնը:

 

Երեւանի «Զուարթնոց» Օդակայանը Նոր Թերմինալ Պիտի Ունենայ

«Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը յառաջիկայ 10 տարիներուն կը ծրագրէ 500 միլիոն տոլարի ներդրում իրականացնել՝ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի նոր թերմինալի կառուցման համար։

«Forbes»-ին տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսած է «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարսելօ Վենտէ։

Ան մանրամասնած է, որ վերջին երկու տարիներու ընթացքին Երեւանի օդակայանի ուղեւորահոսքի աճը կանխատեսուածէն աւելի եղած է՝ հասնելով տարեկան աւելի քան 5,5 միլիոնի։ Ան նշած է, որ թերմինալը կառուցուած եղած է տարեկան 3-4 միլիոն ուղեւորի սպասարկման համար, ուստի հիմա գործող հզօրութիւնները արդէն բաւարար չեն, եւ ընդլայնումը այս պայմաններուն մէջ կարեւոր է։

«Երբ մենք 2001 թուականին ժամանեցինք Հայաստան, օդակայանին ենթակառուցուածքը հինցած էր եւ գրեթէ փլուզման եզրին։ Մենք զայն քայլ առ քայլ վերակառուցեցինք՝ վերածելով ժամանակակից թերմինալի, որ լաւ ծառայած է երկրին աւելի քան մէկ տասնամեակ։ Այժմ աճի ապագայ միտումներուն համապատասխանելու համար  մենք կը նախատեսենք կրկնապատկել օդակայանին թողունակութիւնը յաջորդ 10 տարիներու ընթացքին՝ 500 միլիոն տոլարի ներդրման միջոցով։

«Նստեցման ելքերու թիւը 6-էն պիտի հասնի 16-ի։ Ժամանման սրահները, ներգաղթային գօտիները եւ մաքսային գօտիները պիտի կրկնապատկուին։ Մենք պիտի աւելցնենք ժամանակակից սրահներ, պիտի ընդլայնենք կայանատեղիները եւ բարելաւենք ճանապարհային հաղորդակցութիւնը ուղեւորներուն համար։ Մենք նաեւ կը պատրաստուինք ինքնաշխատ թուային անցագրային ելքերու եւ կենսաչափական անցագրային նոր համակարգի ներդրման, որ պիտի հեշտացնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն ճանապարհորդութիւնը, մասնաւորապէս Եւրոպա։ Մեր նպատակն է ապահովել Հայաստանի դիրքը որպէս մրցունակ կեդրոն տարածաշրջանին մէջ»,- ըսած է Վենտէ։

Share66Tweet41
Previous Post

Գարոլին Պոյաճեան՝ Եռամարտի Լիբանանի Պրոնզէ Մետալակիր

Next Post

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (2)‎

Next Post
Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները – (2)‎

Հայագիտական Հիմնարկները Կը Վերաբանան Իրենց Դռները - (2)‎

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.