Շարունակելով իր յաջող ելոյթները, եռամարտի (Triathlon) մարզաձեւին մէջ ՀՄՄ-ի ներկայացուցիչ Գարոլին Պոյաճեան Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին, մասնակցեցաւ Լիբանանի եռամարտի մրցումներուն, որոնք կազմակերպուեցան եռամարտի Լիբանանի ֆետերասիոնին կողմէ: Պէյրութի զինուորական կեդրոնական ակումբէն սկսած գլխաւոր մրցումը (16 տարեկանէն վեր) կը ներառէր 750 մեթր լող, 20 քիլոմեթր հեծելարշաւ եւ 5 քիլոմեթր վազք: Գարոլին Պոյաճեան համալրեց իր մետալներուն շարքը եւ ՀՄՄ-ի տարազով գրաւեց Լիբանանի եռամարտի երրորդ դիրքը:

