Լիբանանի պասքէթպոլի տղոց 5-րդ դասակարգի քանի մը անգամ յետաձգուած 2023-24 եղանակի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, «ՀՄՄ-Պէյրութ»ի տղոց կազմը իրագործեց ոգեւորիչ յաջողութիւն մը: Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Զուք շրջանին մէջ «Քահրապա» ակումբին մարզադաշտին վրայ, ՀՄՄ-ի տղաքը վճռորոշ մրցում մը խաղցան «Մուսիքա-Շուէյր» խումբին դէմ եւ յաղթական դուրս եկան 48-43 արդիւնքով: «ՀՄՄ-Պէյրութ» նախապէս յաղթած էր նաեւ «Ռաշիին» ակումբին՝ 55-54 արդիւնքով: Այս զոյգ յաղթանակներուն շնորհիւ, «ՀՄՄ-Պէյրութ» առաջատար ութնեակին մէջ է (Final 8) եւ յաջորդ տարի պիտի մրցի Լիբանանի պասքէթպոլի 4-րդ դասակարգին մէջ: Սոյն յաջողութիւնը իրագործուեցաւ շնորհիւ յաղթանակի կամքով օժտուած մեր մարզիկներուն՝ Էլի Թերզեան (խմբապետ), Թոնի Հաուֆի, Վահան Մաղաքեան, Շէրպէլ Խատրա, Մէյսըն Մելքոնեան, Ղասսան Շաքի, Նազարէթ Շահինեան, Մարք Նասիֆ, Ռամի Խալիֆա եւ Ժոզէֆ Սրուր, վերահսկողութեամբ Կարօ Շահինեանին, վիճակագրութեանց պատասխանատու Կարպիս Սէրչէեանին եւ խումբ մը այլ նուիրեալներու:

