Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հնչակեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ Առաջնորդ Սրբազանին

October 7, 2025
in Գաղութային
0
Հնչակեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ Առաջնորդ Սրբազանին

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, երէկ Ազգային առաջնորդարանին մէջ այցելեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին, ընկերակցութեամբ Պէյրութի եւ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Պչաքճեանին եւ Գարոլին Խաչիկեանին: Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած տեսակցութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը աւելի մօտէն ծանօթացաւ քաղաքապետական խորհուրդներու զոյգ անդամներուն, անոնց գաղափարներուն, գործունէութեանց եւ ծրագրերուն, որոնք կը միտին աւելի բարեկարգ միջավայր ստեղծելու Պէյրութի եւ Սին էլ Ֆիլի մէջ՝ ներառեալ հայաշատ թաղամասերը: Հնչակեան պատուիրակութիւնն ու Առաջնորդ Սրբազանը արծարծեցին ընդհանրապէս լիբանանցիներուն եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան վերաբերող խնդիրները, առկայ մարտահրաւէրները, լուծումի հնարաւորութիւնները եւ կենցաղային աւելի լաւ պայմաններու հրամայականը: Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ հայկական ազգային նիւթերուն շուրջ: Հնչակեան պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդմիշտ համագործակցելու յանուն մեր ժողովուրդի բարեկեցութեան:

Share67Tweet42
Previous Post

Խմբագրական. 7 Հոկտեմբեր՝ Իսրայէլ – Համաս Պատերազմի Երկրորդ Տարելիցը

Next Post

«ՀՄՄ-Պէյրութ» Կը Բարձրանայ Պասքէթպոլի 4-րդ Դասակարգ

Next Post
«ՀՄՄ-Պէյրութ» Կը Բարձրանայ Պասքէթպոլի 4-րդ Դասակարգ

«ՀՄՄ-Պէյրութ» Կը Բարձրանայ Պասքէթպոլի 4-րդ Դասակարգ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.