Երկու տարի առաջ բռնկուած շրջանային այս պատերազմը համայն աշխարհի մէջ ստեղծեց բուռն արձագանգներ։
Շատեր քննադատեցին Համասը, ուրիշներ՝ ողջունեցին, այդ արարքին մէջ տեսնելով պաղեստինեան ազատամարտիկներուն յատկապէս եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դիմադրական եւ աննկուն պահանջատիրական պայքարի ոգին, որուն նմանը չկայ աշխարհի որեւէ ժողովուրդի մէջ:
Ոմանք արկածախնդրութիւն համարեցին եւ խորհուրդ տուին գերիներու յանձնումը, կատարուած բոլոր զոհողութիւնները նկատելով յումպէտս արարքներ:
Նմանօրինակ փորձառութիւններով հարուստ հայերէն ոմանք ողջունեցին 7 Հոկտեմբերի դէպքը, զայն համեմատելով Արցախը առանց նշմարելի դիմադրութեան կտրուկ յանձնումի իրավիճակին հետ: Միւս կողմէ ուրիշներ ցոյց կու տային, թէ կատարուածը անիմաստ պայքար է յատկապէս արեւմտեան երկիրներու ռազմական գերակայութեամբ, որ կրնայ միմիայն նպաստել պաղեստինցի խեղճ եւ անմեղ ժողովուրդի օրս ըստ օրէ արեան հոսքի աւելացման, որ իր երկրորդ տարեդարձի օրերուն հասաւ շուրջ 68.000 զոհի (Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 2025 թուականի Հոկտեմբեր 1-ի դրութեամբ):
Ամբողջ ազգ մը ցեղասպանութեան կ’ենթարկուի աշխարհի արհեստագիտական աչքին առջեւ: Եւ ոչ մէկ երկիր, ոչ մէկ ձայն, ոչ իսկ միջազգային կազմակերպութիւններ կը համարձակին դադրեցնել զայն: Ընդհակառակը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խմբավարութեամբ կը շարունակուի աշխարհագրական այս հատուածը մնալ կրակի տակ, միջազգային ընդունուած համաձայնագրերու բացարձակ խախտումներով:
Վերջին երկու տարիներուն արագընթաց փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Անակնկալներ, որոնք հասարակ մահկանացուներուս մտքին ծայրէն իսկ չէր անցներ: Ահաբեկուեցան արաբ երեւելի հեղինակութիւններ, Սուրիան քաղաքականապէս հակառակ կարգավիճակ ստացաւ, փոխուեցաւ իշխանութիւնը: Նախկին ահաբեկիչ եւ մարդասպան համարուող «տահէշ»ական «wanted» ղեկավարը դարձաւ սիրելի անձ մը, մինչեւ ՄԱԿ-ի ամբիոնէն աշխարհին բարեհոգութեան դասեր ջամբող, ազնիւ ու մարդասէր մէկը:
Ամերիկեան արհեստագիտական վերջին գիտական արդիական ռազմական ուժով եւ անջրպետի բացարձակ տիրապետութեամբ, Իսրայէլ կրցաւ անակնկալի բերել ռուսա- իրանա-լիբանանա-պաղեստինա-եմէնա-սուրիական «մումանաա» կոչուած ճակատը: Հըզպալլայի հազարաւոր ռազմիկները յաւիտեանս անշարժացան տարիներու համբերատար եւ գերզգայուն «անհնարին առաքելութիւն» (Mission Impossible)ի ճէյմզ պօնտեան «փէյճըր» կոչուած գործողութիւնով: Ընդդիմադիր ճակատը տկարացաւ: Խեղճացաւ, պարտուեցաւ չըսելու համար: «Հեռատես» ղեկավարներ, ստեղծուած նոր իրավիճակի սղագրութիւնը կարդացող քաղաքագէտներ, կացութիւնը լաւապէս ըմբռնելով անմիջապէս փորձեցին բարեկամական արահետներ գտնել Միացեալ նահանգներու հետ: Այլ երկիրներ առայժմ աչալրջօրէն կը սպասեն իրավիճակներու առաւել հասունացման կամ ռուսական «քնացած արջ»ի զարթնումին հաւանաբար: Կռուփի հարուածէն շշմած նախկին «հզօրները» կը փորձեն իրենց կապտած աչքն ու ջարդուած քիթը ապաքինել, միւս կողմէ գոռալով առաջուայ յանկերգը՝«այսպէս պիտի ընենք, այնպէս պիտի ընենք»: Անդին Սուրիան մասնատումի ճամբուն վրայ հաստատաքայլ կ’ընթանայ, Իսրայէլ գերշփացած եւ անսանձահարելի կը յոխորտայ վերջ տալ պաղեստինեան Կազային՝ անոր բնակչութիւնը դուրս քշելու կամ ցեղասպանելու տարբերակներով:
Իր լաւագոյն քատրերու անկումէն ետք, լիբանանեան Հըզպալլան, ի տես Իսրայէլի օդային ամէնօրեայ ռմբակոծումներուն, մէկ տարիէ աւելի ձայն ու ծպտուն չի հաներ, խորհրդաւորութեան եւ անորոշութեան վիճակ մը ստեղծելով: Մինչ լիբանանցիները ամերիկեան «ռիմոթ»ով ունեցան նախագահ եւ վարչապետ, որոնց համար առաջնահերթ կը նկատուի «Ռաուշէ»ի ժայռի «պատկանելիութիւնը», քան երկրի ռազմական, ընկերային, տնտեսական, ապահովական եւ … աղքատութեան ու անփառունակ վիճակի հասած քաղաքացիին բարեկեցութիւնը:
Մէկ խօսքով, շատ չերկարելով ամփոփենք: Աշխարհը բացայայտօրէն կը գտնուի միահեծան յարձակողական գաղութատիրական կառավարման ճիրաններուն մէջ: Արդար դատ ու բռնախլեալ իրաւունքներու տէր կեղեքեալ, հարստահարուած ժողովուրդները դժբախտաբար ոչ ուժ ունին, ոչ՝ լսող: Անոնց ձայնը կանխաւ խեղդուած է «ահաբեկիչ»ի դատաստանով: Մարքսեան թեւաւոր խօսքը՝ «Աշխատաւորներ բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք»ն ալ պատմութեան աւազակոյտին տակ մոռցուած անիմաստ դարձած է, երբ բռնախլուած պարզ քաղաքացին համացանցի շփոթեցնող հարթակներուն վրայ, մոլորուած հօտին ընդմէջէն հերոսաբար կը ծափահարէ, կ’ողջունէ «գայլ»ացած հովիւ-գաղութատէրը:
Մինչ այդ աշխարհին «տէր»ը ամենայն ամբարտաւանութեամբ կը շարունակէ քարտէզներ իրականացնել, նախագահներ վար առնել, ըստ ցանկութեան հանրութեան դիմաց մէկը ծաղրել ու նսեմացնել, միւսը՝ արժեւորել ու գնահատել:
Եւ այս բոլորը սկսաւ Խորհրդային միութեան անկումով, շարունակուեցաւ 2001 թուականի 9/11-ով, բծախնդրօրէն սրբագրուեցաւ 2006-ի օգոստոսեան ձախողութեամբ, վերստին կեանքի կոչուեցաւ 7 Հոկտեմբեր 2023-ին ու հակայաձակողականի փուլին մտաւ 2024-ի Սեպտեմբեր ամսուան 20-27-ին:
Մեկնաբանութիւնները՝ ընթերցողին:
Ծո՜վ համբերութիւնը՝ «Նոր Միջին Արեւելք»ցիներուն:

