Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր

4 Հոկտեմբեր 2025

October 4, 2025
in Լիբանանեան, Հայաստան, Միջազգային
0
Լուրեր

ՍԱԼԱՄ. «ՌԱՈՒՇԷԻ ՀԱՐՑԸ ՉԷ ՓԱԿՈՒԱԾ»

Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ռաուշէի ժայռին վրայ Հըզպալլայի ահաբեկուած ընդհանուր քարտուղարներուն լուսանկարը ցուցադրելով Պէյրութի նահանգապետին յուշագիրը խախտելու հարցով հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Դատախազ Ժամալ Հաժժար հարցաքննած է երկու անձեր՝ ներառեալ լուսարձակող սարքին սեփականատէրը: Հաժժար միաժամանակ երեք անձ եւս հրաւիրած է հարցաքննութեան: Հարցաքննութեան երկրորդ անգամ ըլլալով կանչուած է նաեւ «Մանար» հեռատեսիլի կայանի լրագրող Ալի Պըրրօ, որ կը հետապնդուի վարչապետին նկատմամբ յարձակում գործելու մէջ: Պըրրօ անտեսած էր առաջին հրաւէրը, պնդելով որ կարելի չէ լրագրողներ հետապնդել սովորական դատարաններու մէջ:

Նոյն ծիրին մէջ հաղորդուեցաւ, թէ ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար առաջարկած է չեղարկել Հըզպալլային մերձակայ «Ռիսալաթ» կազմակերպութեան հաւաստագիրը՝ Ռաուշէի ժայռին վրայ ցուցադրութիւն չկատարելու մասին Պէյրութի նահանգապետին որոշումը խախտելուն համար: Նախարարին այս առաջարկը ներառուած է կառավարութեան Երկուշաբթի օր գումարելիք ժողովի օրակարգին վրայ:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Ռաուշէի մէջ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցածէն մեծագոյն վնասուողը կազմակերպող կողմին եւ անոր ետին կանգնողներուն ճշմարտացիութիւնն էր: «Անոնք դրժեցին խոստումները եւ խախտեցին օրէնքը: Ռաուշէի հարցը չէ փակուած տակաւին, որովհետեւ պետութեան հեղինակութիւնը կը վերականգնուի օրէնքներու գործադրութեամբ եւ խախտողները հաշուեյարդարի ենթարկելով», ըսաւ Սալամ: Յիշեցնենք, որ ժայռին վրայ Հըզպալլայի ահաբեկուած ընդհանուր քարտուղարներուն նկարներուն ցուցադրութիւնը կազմակերպած էր Հըզպալլային մերձակայ միութիւն մը: Իսկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ընդունեց Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատը, որուն հետ համաձայնեցաւ տարակարծութիւնները կառուցողական ձեւով լուծելու շուրջ՝ պահպանելու համար լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը:

 

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉԿԱՅ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Մայիսին, յիշեցնելով որ այդ մինչեւ այդ թուական ժամանակահատուածը բաւարար չէ որեւէ փոփոխութեան ենթարկելու ընտրական օրէնքը: «Գործող ընտրական օրէնքը կը գերադասեն միայն Աւետարանն ու Քորանը», պնդեց Պըրրի:

 

ԲԱՆԱԿԸ Կ’ԱՄՐԱՊՆԴԷ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ գործող ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերը ահազանգեցին, թէ իսրայէլեան ռումբ մը նախանացեալ օր ինկած է լիբանանեան բանակին հետ աշխատող խաղաղապահներուն մօտ, առանց պատճառելու վնասներ: Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ կը շարունակէ հարաւային շրջագայութիւնը եւ երէկ տեսակցեցաւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հրամանատարին հետ՝ շեշտելով 1701 բանաձեւին հիման վրայ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Զօրավարին խօսքով, լիբանանեան բանակը պէտք է տեղակայուի հարաւային բոլոր հատուածներուն մէջ՝ ամրապնդելու համար պետութեան հեղինակութիւնը եւ վերահաստատելու կայունութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն սկսաւ այցելել վերահսկող մարմինները՝ հետեւելու համար անոնց աշխատանքին: Անոր առաջին կանգառը քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդն էր, ուր տեսակցեցաւ անոր տնօրէն Նիսրին Մաշմուշիին հետ: Աուն ապա տեսակցեցաւ հաշուեքննիչ դիւանի պաշտօնեաներուն հետ եւ անոնց կոչ ուղղեց արագացնելու ելեւմտական կուտակուած խախտումներուն հաշուեքննութիւնը՝ ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները եւ բարեկարգելու աշխատանքը հանրային հաստատութիւններուն մէջ: Նախագահը հաւաստիացուց, որ վերահսկող մարմիններուն աշխատանքներուն միջամուխ դառնալու որեւէ փորձ պիտի արժանանայ կտրուկ հակադարձութեան:

 

ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեանց կապերու ապաշրջափակումը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային: «Հայաստանի հանքարդիւնաբերութիւն 2025» համաժողովին ընթացքին Փաշինեան ահազանգեց, թէ Արաքս գետէն աւազի արտահանումին պատճառով կը փոքրանայ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքը:

Եւրոպական քաղաքական համայնքին յաջորդ՝ 8-րդ գագաթաժողովը յառաջիկայ Մայիսին պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մէջ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ մասնակիցներուն ղեկավարները պաշտօնապէս հրաւիրած է Երեւան: Վարչապետը Քոփընհակէնի մէջ կը մասնակցէր նշեալ համայնքի 7-րդ գագաթաժողովին, ուր զրուցեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթայի ու Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսըլա Վոն Տէր Լայէնի հետ: Անոնք արծարծած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութիւնը, ժողովրդավարական բարեփոխումներուն ընթացքը եւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը: Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները, խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը եւ TRIPP նախագիծի իրագործումին վերաբերող նորութիւնները: Եւրոպացի պաշտօնատարները վերահաստատած են Եւրոմիութեան աջակցութիւնը Հայաստանին, շեշտելով մանաւանդ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Արծարծուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն հետագայ համագործակցութեան քայլերը: Նոյն համաժողովին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհաւորեց Երեւանն ու Պաքուն՝ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումին առիթով: «Այդ մեծ նուաճում է ու մենք միշտ մօտէն կը հետեւինք կովկասեան ու պալքանեան զարգացումներուն», ըսաւ Մաքրոն:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Վարշաւայի անվտանգութեան համաժողովին, որուն ծիրին մէջ հարցազրոյց տուաւ տեղական հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն: Ան ահազանգեց, թէ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն զուգահեռ, ատրպէյճանական կողմը կ’առաջադրէ որոշ նախապայմաններ, սակայն Երեւան չի կիսեր այդ օրակարգը: Պատասխանելով Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը, Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Մոսկուայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ողջունած են հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան նախաստորագրումը, նոյնիսկ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու անոր, սակայն միաժամանակ «գրեթէ ամէն օր մենք ականատես կը դառնանք ռուսական լրատուամիջոցներու, երբեմն՝ պետական, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի անդամներու եւ քաղաքական գործիչներու կոշտ քննադատութեան՝ ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան ու մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան»:

Իսկ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութենէն երեսփոխան Սարգիս Խանտանեան շեշտեց, որ խաղաղութիւնը այսօր փաստ է, որովհետեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները նախաստորագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրը: «Պէտք է ջանքերու ձեռնարկենք՝ ներառեալ համաձայնագրի վերջնական ստորագրումը եւ վաւերացումը», ըսաւ երեսփոխանը՝ յիշեցնելով, որ Պաքուի նախապայմանը կը մնայ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը:

 

 ԴԺՈԽՔԷՆ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ շեշտեց, որ վերջին առիթ կու տայ Համաս շարժումին՝ Կազայի մէջ յանգելու համար զինադադարի: «Պէտք է մինչեւ Կիրակի երեկոյեան ժամը 6 զինադադար հաստատուած ըլլայ եւ այս վերջին հնարաւորութիւնն է, այլապէս դժոխքի դռները պիտի բացուին Կազայի մէջ», ըսաւ ամերիկացի նախագահը: Ան պաղեստինցիներուն խորհուրդ տուաւ «անմիջապէս հեռանալ այն շրջաններէն, որոնք ապագային կրնան դառնալ մահուան վայր, ապաստանելով աւելի ապահով վայրերու մէջ: Թրամփ յիշեցուց, որ զինադադար մը կրնայ փրկել Համասի մնացեալ անդամներուն կեանքը: «Միջին Արեւելքի մէջ այս կամ այն ձեւով խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Շրջանին ուժեղ եւ շատ հարուստ երկիրները բոլորն ալ համաձայն են խաղաղութեան», շեշտեց նախագահը: Իսկ միւս կողմէ, Համասէն ղեկավար մը «Ֆրանս փրէսին» յայտնեց, թէ իրենք որոշ ժամանակի կը կարօտին ուսումնասիրելու համար զինադադարի ամերիկեան ծրագիրը, մինչ իսրայէլեան կողմը արագօրէն համաձայնած էր անոր:

 

ԿԱԶԱՅԻՆ ՕԳՆԵԼԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է

Իսրայէլեան ծովուժը յայտարարեց, թէ իր հակակշիռին տակ առած է պաղեստինցիներուն զօրակցելու նպատակով Կազա ուղղուող դիմակայումի նաւատորմին վերջին նաւը՝ «Մարինէթ»ը: Այսպիսով, իսրայէլացիները յաջողած են խոչընդոտել նաւատորմին բոլոր 42 նաւերը եւ խափանել կազացիներուն օգնութեան հասնելու անոնց փորձերը: Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը այս ծիրին մէջ հաղորդեց, որ երկու լիբանանցի կը գտնուէր նաւատորմին վրայ եւ անոնք գուցէ ձերբակալուած են:

 

ՊԱԱԼՊԱՔԻ ՀՆԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԶԻՆԱՄԹԵՐԱՆՈՑ ՉԿԱՅ

Մշակոյթի նախարարութիւնը ժխտեց Պաալպաքի հնավայրին մէջ որեւէ կուսակցութեան պատկանող սարքերու առկայութեան մասին նախկին երեսփոխան Անթուան Զահրայի տարածուած տեղեկութիւնները, հաւաստիացնելով որ տարածքը կը վերահսկուի ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Պաալպաքի քաղաքապետ Ահմատ Զուհէյր Թուֆայլին ալ բացարձակ սուտ համարեց նշեալ հնավայրին մէջ զէնքերու եւ հրթիռներու մթերանոցի առկայութիւնը: Յիշեցնելով, որ անցնող ամիսներուն Պաալպաքի մէջ տեղի ունեցած է չորս երգահանադէս, քաղաքապետը դիտել տուաւ, որ արուեստագէտներու մնայուն ներկայութիւնը կ’ապացուցէ, որ հնավայրը չի ծառայեր ապօրինի նպատակներու:

 

ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՎՆԱՍՈՂՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

 

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ երեք լիբանանցի կիներ ձերբակալուած են՝ Պէյրութի Ժաաթաուի շրջանին մանկամսուրներէն մէկուն մէջ երեխաներու նկատմամբ անոնց բռնի վերաբերմունքին պատճառով: Բռնարարքներուն մասին ահազանգող կարգ մը ծնողներ օրեր առաջ ներկայացած էին Նահրի ոստիկանատուն, ուստի իրականութիւնը հաստատուած էր ապահովական տեսախցիկներուն եւ հարցաքննութիւններուն շնորհիւ: Ձերբակալուած կիներէն մէկը մանկամսուրին սեփականատէրն է, իսկ միւսները՝ ուսուցչուհի մը եւ օգնական մը:

Share103Tweet64
Previous Post

Մօրս Յիշատակին

Next Post

Խմբագրական. 7 Հոկտեմբեր՝ Իսրայէլ – Համաս Պատերազմի Երկրորդ Տարելիցը

Next Post
Խմբագրական. 7 Հոկտեմբեր՝ Իսրայէլ – Համաս Պատերազմի Երկրորդ Տարելիցը

Խմբագրական. 7 Հոկտեմբեր՝ Իսրայէլ – Համաս Պատերազմի Երկրորդ Տարելիցը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.