«Մայրս փոքրիկ, մայրս խեղճ,
Մայրս մի մայր հասարակ,
Մայրս այս մայր երկրի մէջ
Արեւի դէմ մի ճրագ»
– «Մա՜մ, ես եկայ»։
= «Սիլվա՜դուն ե՞ս» (զիս սպասող մայրս)։
– «Նէնէ՜, ես գործի կ’երթամ»։
= «Աստուած հետդ ըլլայ, տղաս» (իր առօրեայ աղօթքը՝ Կարէնին)։
= «Կարէնը ո՞ւր է, ծո՞վ կամ՝ “սաքանէ”»:
= «Մարօ՜, ամուսինովդ, զաւակներովդ, թոռնիկներովդ միշտ ուրախ մնաս»։
= «Սագօ՜, Աւօն ինչպէ՞ս է, պզտիկնե՞րը»:
= Սոդիրի՜, Եաննի՜, Ժուլի՜, I Love You» (Իր սէրը՝ միակ նախադասութիւնը օտար լեզուով, որ կը գործածէր սրտանց)։
= «Հրա՜չ, Սերժը լա՞ւ է»։
= «Նայիրի՜, դուն պզտիկութեանդ “նորաշխարհ” չէիր կրնար ըսել, “Աշխարհնոր” կ’ըսէիր» (կ’ուզէր խնդացնել),
= «Բայց գիտե՞ս, այս աղջիկդ շատ եաման է» (ճարպիկ՝ իր բառերով)։
= «Վարա՜գ, շատ շնորհակալ եմ, տղա՜ս, Աստուած ուժդ աւելցնէ»։
= «Վանէ՜, դուն շատ անուշիկ ես, բայց գիտե՞ս, քու նանիդ իմ աղջիկս է»։
(Մրցակցութիւն՝ իր մտածումով)
= «Ռաֆֆի՜, դուն փաշայ ես, շատ խելացի»։
= «Դուի՜ն, մտիկ ըրէ, Արան լաւ տղայ է։ Դուի՜ն, երբ տուն հասնիս, “message” գրէ մօրքուրիդ» (իր միտքը պիտի հանգստանար միայն այդպէս)։
Իսկ ամենամեծ հրճուանքը կը զգար, երբ կը լսէր՝ «Ժաաանօօօօ՜» անունը։
Այդ րոպէին գիտէր՝ Կարինը հայրենիքէն անակնկալօրէն ժամանած է զինք ուրախացնելու։
(Կարին–մեծ մայր կապը շատ իւրայատուկ էր, տարբեր՝ բոլորէն)։
= «Ռոզա՜, Սեդա՜, Լարա՜, Յակո՜բ, ձեզ շատ կարօտցայ, ձեզի համար ամէն օր կ’աղօթեմ»։
(Ցանկացայ գործածել իր իսկ բառերը՝ առանց փոփոխութեան, որպէսզի սրտին ջերմութիւնը մնայ անփոփոխ):
Գուրգուրալից եւ հոգատար մայրը եւ «նէնէն» իր կեանքի վերջին օրերը ապրեցաւ իր անսահման սիրելի զաւակներով եւ թանկագին թոռնիկներով, որոնք, թողած հեռաւոր ափերը, շտապած էին գալու իր մօտ, զինք սփոփելու, գուրգուրալու եւ իրենց սէրով լեցնելու անոր վերջին վայրկեանները…։
Սակայն մօրս նուրբ ու անսահման սէրով լեցուն 88-ամեայ սիրտը չկրցաւ դիմանալ անողորմ եւ չար հիւանդութեան ծանր փորձանքին։ 28 Օգոստոսին, ան խաղաղ ու հեզ ժպիտով փակեց իր հոգեթով աչքերը եւ ննջեց առյաւէտ, ձգելով մեզի անսահման կարօտ ու տխրութիւն, բայց նաեւ` իր անմար սէրը ու օրհնութիւնը իբր յուշ ու լոյս մեր կեանքերուն մէջ։
Արդէն քառասուն օրեր անցած են եւ մայրիկս չկայ մեզ հետ։ Անոր բացակայութիւնը ամէն օր աւելի խոր կը զգամ։
Տունը լուռ է առանց անոր ձայնին, առանց անոր ժպիտին, բայց սիրտս լեցուն է անոր տաքուկ սէրով, որը երբեք չի մարիր։
Ան իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ իր սիրելիներուն, իր հարազատներուն համար, միշտ մտածելով որ բոլորն ալ արժանի են ջերմութեան, սիրոյ եւ հոգատարութեան։
Մօրս սիրտը լայն էր, ներողամիտ եւ միշտ պատրաստ օգնելու։ Ան միայն իր խօսքերով չէր սորվեցներ ու դաստիարակեր մեզ, այլ կեանքի օրինակներով, ցոյց տալով ինչ է բարութիւնը, համբերութիւնը եւ հաւատքը։ Անոր հայեացքը խաղաղութիւն կը բերէր, իսկ ժպիտը` լոյս, որ դեռ կը վառի մեր յիշողութիւններուն մէջ։
Երիտասարդ տարիքին այրիացած մայրս մինչեւ իր մահը իր սրտի խորքին պահած էր վաղամեռիկ կողակիցին` մեր հօր` Աւետիսին հանդէպ ունեցած իր անսահման սէրը։ Ան միշտ կը յիշէր զայն մեծ կարօտով, մեր մտքերուն մէջ փորագրելով տիպար հօր մը պատկերը։ Մայրս միշտ հպարտացած էր, որ մեր հայրը հաւատարիմ հնչակեան էր եւ «Աղասի» մասնաճիւղի նուիրեալ անդամ։
Մայրս եղած էր մեր տան լոյսը, մեր կեանքի օրհնութիւնը։ Ան միշտ մեր կողքին էր մեր ուրախութեան պահերուն եւ առաւել` ցաւի եւ փորձութեան օրերուն, միշտ ըսելով` «Աստուած մեծ է եւ միշտ մեզ հետ է»։ Անոր հաւատքը մեզի ուժ կու տար մեր տկարութեան պահերուն։
Չ’անցնիր պահ մը, որ չնկատեմ բան մը, որ զինք կը յիշեցնէ, ծաղիկի բոյր, արեւի ջերմութիւն, աղօթքի հնչիւն։ Բոլոր քայլերուս, բոլոր աղօթքներուս մէջ կը զգամ անոր սէրը։
Ան ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ մեզմէ, սակայն մեր սրտերուն մէջ ձգեց անջնջելի հետք։ Անոր խօսքերը եւ խրատները միշտ մեզի կ’ուղեկցին։ Իր բացակայութիւնը անսահման է, բայց իր սէրը` ուժ, որ մեզ կը պահէ։
Մա՜մ ջան, քեզ շա՜տ կը սիրենք եւ շա՜տ կը կարօտնանք։ Քու տեղդ ոչ ոք կրնայ լեցնել, ներկայութիւնդ անփոխարինելի է։
Թող Աստուած հոգիիդ հանգստութիւն տայ, թող լոյսը միշտ վառ մնայ քու յիշատակիդ համար։ Շարունակէ մեզ պահպանել վերէն քու աղօթքներովդ եւ սրտի ջերմութեամբդ։
Դուն միշտ կը մնաս մեր սրտերուն որպէս սէր, ուժ եւ օրհնութիւն։
Մա՜մ, թող հոգիդ հանգչի անմար խաղաղութեան մէջ։
Ննջէ խաղաղ ու լուսաւոր։
Հողը թեթեւ գայ վրադ, իսկ յիշատակդ անթառամ մնայ մեր սրտերուն մէջ։
Դուստրդ՝
ՍԻԼՎԱ

