Հարաւի գիւղերուն մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն կողքին վերջերս բազմացած են կենսոլորտային ոճիրները՝ գործուած լիբանանցիներու ձեռամբ: Երկրագործութեան նախարարութիւնը ահազանգեց, թէ հարաւի սահմանային Տըպըլ գիւղէն բնակիչները վերջերս վաճառականութեան նպատակով ապօրինաբար ծառեր հատած են մերձակայ Ռմէյշի անտառէն: Նապաթիէ գաւառի կենսոլորտային հարցերու ընդհանուր դատախազ Նաժաթ Ապու Շահրա, միջամտելով, ապահովութեան ուժերէն պահանջած է հետաքննութիւն բանալ այս ոճիրին առնչութեամբ, միաժամանակ յանձնարարելով ձերբակալել երեք յանցագործներ, որոնք նախապէս ծառեր հատած էին հարաւային Եաթէր գիւղի անտառէն: «Նաժաթ Ապու Շաքրայի որոշումները կը նպատակադրեն պաշտպանել լիբանանեան անտառները, գործադրելով կենսոլորտային համապատասխան որոշումները», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

