Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«THE YOUTH BAND» – ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՎԻԳԷՆ ՉԱԼԵԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

October 2, 2025
in Այլազան
0
«THE YOUTH BAND» – ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՎԻԳԷՆ ՉԱԼԵԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

 

Շուտով պիտի կայանայ Թէքէեան մշակութային միութեան «The Youth Band» նուագախումբին յատուկ ելոյթը։ Նախ «Big Band» անունով ծանօթ, ապա երիտասարդացած ու նոր շունչ ստացած այս երաժշտական խումբը այսօր միակն է իր տեսակին մէջ, որ առանձին կը նաւարկէ լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ։

 

Նուագախումբին ղեկավարն է հանրածանօթ երաժշտագէտ եւ սաքսոֆոնահար՝ պրն․ Վիգէն Չալեան։ Մայեսթրօ Չալեանի հանդարտ, բայց նաեւ խստապահանջ եւ հետեւողական բնաւորութիւնը, ԹՄՄ-ի հայ մշակոյթի հանդէպ ունեցած կապուածութիւնն ու աննահանջ երթի անսակարկ նուիրումը «The Youth Band»-ը վերածած են ոչ միայն յարատեւող, այլեւ ամէն ելոյթին նորոգուող ու երիտասարդացող խումբի։ Ան տասնամեակէ մը ի վեր կը հարստացնէ երաժշտասէրներուն ճաշակը՝ տարբեր տարիքի ունկնդիրներու համար մատուցելով բազմերանգ ու բարձրարժէք երաժշտական գոհարներ։

Այս առիթով, հարցազրոյցի մը ընթացքին զրուցեցինք նուագախումբին երկարամեայ ղեկավար եւ սաքսոֆոնահար՝ Վիգէն Չալեանի հետ։

«Ա.»

 

 

Հարցում.- Ի՞նչ ճանապարհով սկսաք սաքսոֆոն նուագել եւ ինչպէ՞ս ձեւաւորուեցաւ ձեր երաժշտական ճամբորդութիւնը։
Պատասխան.- Սաքսոֆոնի հետ առաջին ծանօթութիւնս եղաւ Հալէպի մէջ, ութսունականներու սկիզբը։ Ուսումս սկսայ մեծարգոյ երաժշտագէտ Վաչէ Երամեանի մօտ։ Կարճ ժամանակ ետք աւելի մասնագիտացայ սաքսոֆոնի նուագին մէջ՝ ուսանելով Հրաչ Երէցեանի մօտ, իսկ համաչափութեան, եղանակաւորման դասերը առի Պերճ Երէցեանի մօտ։ Այնուհետեւ շուրջ հինգ տարի յատուկ դասընթացքներով հարմոնիա սորվեցայ տիկին Ռուզան Սողիկեանի մօտ։ Այս բոլոր փորձառութիւնները խոր եւ ամուր հիմք դարձան իմ երաժշտական ճամբորդութեան։

 

Հ.- Հալէպի «Big Band»-ի մէջ ձեր գործակցութենէն մինչեւ Լիբանանի «The Youth Band»-ը ստանձնելը ի՞նչ մեծ տարբերութիւններ եւ փորձառութիւններ ունեցաք։
Պ.- Հալէպի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ միութիւնը հիմնեց մեծ նուագախումբ մը՝ «Big Band»-ը։ Ես միացայ խումբին իբրեւ սաքսոֆոնահար եւ երեք տասնամեակէ աւելի շարունակ գործակցեցայ։ Այդ երկար տարիներուն փորձառութիւններս բազմապատկուեցան, քանի որ գործի կողքին առիթ ունեցայ գործիքաւորումներ գրել, համերգներու պատրաստուիլ եւ ամբողջ խումբի համահունչ հնչեղութեան մասնակից ըլլալ։ Մինչեւ 2011 թուական, Սուրիոյ պատերազմի բռնկումին, այդ խումբը եղաւ իմ իսկական դպրոցս։

 

Հ.- Ի՞նչ փուլեր եղան, որոնք ձեզ մղեցին խմբավարութեան ճամբուն։
Պ.- Նախքան Հալէպի մէջ խմբավարութեան անցնիլս, երկու կարեւոր իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ: Առաջին՝ 2005-ին մասնակցութիւնս Սուրիական-Զուիցերիական Ճազ փառատօնին՝ Դամասկոսի մէջ։ Շարունակաբար՝ 2005, 2006 եւ 2007 թուականներուն ես գործակցեցայ միջազգային երաժիշտներու հետ։ Այդ փորձառութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ եւ խիզախութիւն տուաւ ինծի։ Երկրորդ՝ 2006-ին, Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական վարժարանին համար Հալէպի մէջ հիմնեցի դասական կամերային նուագախումբ մը։ Ինծի վստահուած էր ոչ միայն դասաւանդել սրինգ եւ տեսութիւն, այլ նաեւ համերգներու եւ խումբերու համար գործիքաւորումներ գրել։ Այս բոլորը զիս ամրապնդեցին, վստահութիւն ու կարողութիւն ընծայեցին, որ հետագային պատրաստ ըլլամ նուագախումբեր առաջնորդելու։

 

Հ.- Նուագախումբի ղեկավար ըլլալու մէջ ո՞ր բաժինը աւելի բարդ է՝ գեղարուեստական բաժինը, թէ՞ գործիքներու եւ երաժիշտներու համադրումը։
Պ.- Խմբավարութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է եւ առաջին հերթին՝ համբերութեան դպրոց։ Խումբի անդամները տարբեր մտածումներու, տարբեր սովորութիւններու եւ մշակութային տարբեր միջավայրերէ եկած անձեր են։ Անոնց բոլորին համատեղումը, գործիքներու եւ ձայներու ներդաշնակումը պահանջկոտ աշխատանք մըն է։ Միաժամանակ պէտք է հոգալ նաեւ կազմակերպչական կողմերը՝ գտնուին մարդիկ, որոնք կը ստանձնեն ընկերային ու հասարակական կապերու պատասխանատուութիւնը։ Վերջապէս, այս բոլոր պարտականութիւնները կը կեդրոնանան խմբավարի ուսերուն վրայ։

 

Հ.- Որպէս սաքսոֆոնահար, ի՞նչ նշանակութիւն ունի սաքսոֆոնը ձեր հոգիին եւ երաժշտական ոճին մէջ։
Պ.- Սաքսոֆոնը ինծի համար միայն գործիք մը չէ, ան իմ ներքին ձայնիս շարունակութիւնն է։ Իր հզօր եւ խորունկ հնչողութեամբ ինծի կու տայ ներկայութեան վստահութիւն եւ արտայայտչական ուժ։ Երբ կը նուագեմ, կը զգամ, թէ գործիքը իմ էութեանս մասնիկն է, որ կը բարձրաձայնէ այն, ինչ որ ունիմ ներսս։

 

Հ.- Ձեր համերգները յաճախ կը տեւեն մէկ ժամէ աւելի։ Ինչպէ՞ս կը յաջողիք պահպանել երաժիշտներուն ու հանդիսատեսին ոգեւորութիւնը։
Պ.- «The Youth Band»-ի իւրաքանչիւր ելոյթ միջին հաշուով կը տեւէ 80-90 վայրկեան։ Ամէնէն կարեւորը երգացանկի ընտրութիւնն է: Պէտք է ճիշդ չափաւորել, թէ որ երգերը պիտի հնչեն՝ նկատի ունենալով խումբին կարողութիւնները եւ միեւնոյն ժամանակ հանդիսատեսին ճաշակը։ Եթէ ճիշդ գտնես այդ «պալանս»ը, ոգեւորութիւնը կը շարունակուի մինչեւ վերջին «accord»ը։

Հ.- Լիբանանի մշակութային բազմազան կեանքին մէջ ի՞նչ տեղ կը գրաւէ ձեր նուագախումբը։
Պ.- «The Youth Band»-ը իր հաստատուն տեղը գտած է Լիբանանի երաժշտասէր հասարակութեան սրտերուն մէջ։ Մեր համերգները յատուկ կերպով պատրաստուած են, խնամքով ընտրուած երգերով ու գործիքաւորումներով, որոնք ոչ միայն կը հնչեն հաճելի, այլ նաեւ կը նպաստեն ունկնդիրներու երաժշտական ճաշակի բարձրացման։ Սա կը կատարուի այն ժամանակ, երբ մեր շրջապատը յաճախ ողողուած է անորակ երաժշտութեամբ։

Հ.- Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք երիտասարդ երաժիշտներուն, որոնք կ՛ուզեն սաքսոֆոնով կամ այլ գործիքով իրենց դռները բանալ երաժշտութեան աշխարհին։
Պ.- Երաժշտութիւն սորվիլը կեանքին ամէնէն կարեւոր փորձառութիւններէն մին է։ Ան կու տայ կարգապահութիւն, նուիրում, համբերութիւն եւ կը բանայ դռներ դէպի նոր աշխարհներ։ Միջին Արեւելքի, մանաւանդ Լիբանանի մէջ, երիտասարդները բացառիկ առիթ ունին ծանօթանալու բազմազան երաժշտական մշակոյթներու՝ հայկական, արաբական, արեւմտեան, դասական եւ ճազ։ Պէտք է օգտուին այս հարուստ միջավայրէն։ Երաժշտական գործիք սորվիլը միայն մասնագիտութիւն մը չէ, ան կը զարգացնէ ուղեղը, կը դաստիարակէ կեանքի սովորութիւնները եւ մարդուն ամբողջականութիւնը կը հարստացնէ։

Հ.- Շուտով կայանալիք ձեր համերգին համար ի՞նչ սպասելիք կրնան ունենալ ունկնդիրները։
Պ.- «The Youth Band»-ի այս տարուան համերգը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 11 եւ Կիրակի 12 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ։ Այս անգամ յատկապէս գեղեցիկ ու բազմազան յայտագիր մը պատրաստած ենք։ Ցանկալի է անակնկալ թողուլ, որպէսզի ունկնդիրները զանոնք կենդանի վայելեն ու իրենք գնահատեն։ Մէկ բան յստակ է․ բոլորին սիրով կը հրաւիրեմ այս ուրախ եւ անակնկալներով լեցուն երեկոյթին։

Հ.- Ձեր խօսքը մեր ընթերցողներուն։
Պ.- Այս տարուան համերգը կը զուգադիպի մեր խումբին՝ «The Youth Band»-ի տասներորդ տարեդարձին։ Խումբը հիմնուեցաւ 2015-ին եւ տասնամեակ մը շարունակ իր հաստատուն ձայնը լսելի դարձուց լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ։ Այս առիթով, խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմինին, յատկապէս ընկեր Յակոբ Գասարճեանին, որ անխոնջ հետեւողականութեամբ կը քաջալերէ խումբը հիմնադրման առաջին օրէն մինչեւ այսօր։ Պիտի յիշատակեմ նաեւ հանգուցեալ ընկեր Տիրան Սարգիսեանը, որ «The Big Band»-ի (խումբին նախնական անունը) գաղափարը յղած ու առաջին քայլերը կազմակերպած մարդն էր։ Անշուշտ պէտք է յիշատակեմ նաեւ Թէքէեան մշակութային միութեան Տեղական վարչութեան ատենապետ եւ նուագախումբի «լոճեսթիք»ի պատասխանատու տոքթ. Յակոբ Փափազեանը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք անշահախնդիր ծառայութեամբ ու կամաւոր աշխատանքով մեր կեդրոնին մէջ կը նպաստեն խումբի յաջողութեան։

 

Share66Tweet42
Previous Post

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԱՅԻՆ ՈՃԻՐ

Next Post

ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ․ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ․ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ․ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.