Լիբանանցիները տարիներ ետք հնարաւորութիւն պիտի ունենան զբօսնելու պետական անվտանգութեան պուրակին մէջ, որուն հիմնարկէքը կատարուեցաւ Շուֆի մայրիներու արգելոցին Պարուքի անտառին մէջ՝ ներկայութեամբ ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Էտկար Լաունտըսի: Անտառային բացման արարողութիւնը նուիրուած էր Պետական անվտանգութեան ծառայութեան հիմնադրութեան 40-ամեակին, եւ այս առթիւ, նորաստեղծ պուրակին մէջ ցանուեցաւ մայրիի 40 ծառ: Զօրավարը անտառի մուտքին բացումը կատարեց յատուկ վահանակին, մինչ արգելոցին տնօրէնութիւնը մանրամասնութիւններ ներկայացուց Պարուքի անտառին մէջ կատարուող գործունէութեանց ու մարզանքի եւ զբօսանքի հնարաւորութիւններուն մասին:

