Շատ հետաքրքրական էր, Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025 թուակիր «ԱՐԱՐԱՏ»ին մէջ հրատարակուած ազնուափայլ տիկին Լիզա Բանճարճեան-Թելվիզեանի «Անտեսանելի դռները» խորագրով յօդուածը: Մտածել կու տայ:
Ուշադրութիւնս գլխաւորաբար կեդրոնացաւ աւստրիացի հոգեբան՝ Վիքթոր Ֆրանքըլի գիտահետազօտական հետեւեալ եզրակացութեան վրայ. «Մարդ երբ «ինչու» մը ունի ապրելու համար, ապա ան կրնայ տոկալ «ինչպէս»ին:
Խորապէս համոզուած ըլլալով այդ մտքի գիտական ճշմարտութեան, թոյլ տուէք աւելցնեմ, թէ, ըստ երեւոյթին, մարդիկ ոչ միայն կը շարունակեն ապրիլ, այլ մահէն ետք կեանքի կը կոչուին «մէկու» մը կամ «նպատակի» մը համար:
Բացատրեմ:
Անմիջական շրջանակս, շատ յաճախ, կէս-կատակ, կէս-շիտակ կը լսեն ինձմէ. «յաջորդ գալո՛ւս (որպէս թէ անդենականէն վերադարձիս) բոլորդ հո՛ս եղէք, որպէսզի տեսնէք բոլորովին տարբեր Պերճ Արապեան մը»: Ինքնասրբագրուած, ճակատագրական թերացումները չկրկնող, ոչ-զգայուն եւ զարմանք պատճառող Պերճ Արապեան մը:
Կէս-կատակ, որովհետեւ շատ ալ հաւատացած չեմ ըսածիս լրջութեան: Հաւանականութիւնը անշուշտ որ միլիառէն մէկ ալ չէ՛:
Կէս-շիտակ, որովհետեւ անմիջական շրջանակիս մէջ, առնուազն երկու օրինակ ունիմ, որոնք դիարան զետեղուելէ ետք, կեանքի կոչուած են եւ ապրած տասնեակ տարիներ:
1.- Կնքահայրս: Պետրոս Գալուստեան: 1930-ական թուականներուն, որսորդութենէն յոգնած, կզակով կը յենի զէնքին: Ձեռքը կը սահի, սխալմամբ մատը բլթակին դպնալով «կ’որսայ ինքզինք», լման փշրելով աջ կողմի կզակը: Կրկնակի վիրահատութիւններէ ետք, զինք կը փոխադրեն դիարան:
Ֆրանսացի հիւանդապահուհի մայրապետներէն մին «խե՜ղճ Պետրոս» ըսելով կը բանայ դարակը եւ կը շոյէ դէմքը: Կը զգայ թէ տակաւին թեթեւ տաքութիւն մը կայ վրան: Շուտով կը փոխադրեն վիրահատութեան սենեակ, կեանքի կոչելով զինք: Շարունակեց ապրիլ աւելի քան 65 տարի:
2.- Քեռայրիս մօրեղբայրը: Տասնեակ տարիներու ուսուցիչ, դասագիրքի հեղինակ, երկար տարիներու տնօրէն Պէյրութի հայկական վարժարաններէն ներս: Թոշակի ելլելէ ետք, մեկնեցաւ Ամերիկա, մէկ հատիկ զաւկին միանալու:
Թէ ինչպէ՞ս, մանրամասնութիւնները կը պակսին ինծի, բայց գիտեմ թէ Ամերիկեան հիւանդանոցի դիարանէն ելլելով ապրեցաւ մինչեւ խոր ծերութիւն, աւելի քան տասը տարի:
«Կէս-շիտակ»ի թեզը զօրացնելու համար, համացանցի վրայ հետեւեցայ մօտ 35-40 նմանօրինակ պարագաներու: Բոլորն ալ, պահ մը տեսած ըլլալէ ետք Արեւէն աւելի զօրաւոր «Լոյս» մը, ետ կեանքի կոչուած են «նպատակի» մը կամ «մէկու» մը սիրոյն:
Վերադառնանք «կէս-կատակ»ին: Ներքուստ արդեօք իրա՛ւ, կրնա՞յ ըլլալ որ ես ալ վերադառնամ անդենականէն:
Խնդրե՛մ, բոլորդ հո՛ս եղէք, որ միասին տեսնենք եւ «ինձ բացակայ չդնէք»:
Մինչ այդ, տայ Աստուած, որ «ինչու»-ի մը համար տոկամ «ինչպէս»ին եւ շարունակեմ ապրիլ:

