Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԳԷՈՐԳՆԵՐԸ

September 30, 2025
in Գաղութային
0
ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԳԷՈՐԳՆԵՐԸ

 

 

Սեպտեմբեր 28-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Սուրբ Գէորգ Զօրավարի տօնը։ Քաջարի նահատակ սուրբը դարեր շարունակ եղած է քաջութեան, հաւատքի եւ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ։ Անոր անունով օծուած սրբավայրերը մեր ժողովուրդին համար դարձած են ուխտատեղիներ ու ոգեղէն զօրացման կեդրոններ։ Այսօրուան տօնը առիթ մըն է վերարժեւորելու Սուրբ Գէորգի աւանդը եւ յիշելու մեր պատմութեան բոլոր Գէորգ անունով գործիչները՝ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային տարածութեան մէջ։

Այս տօնին առիթով սրտագին շնորհաւորութիւն կ’ուղղենք Նոր Հաճընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու թաղականութեան, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի մամլոյ դիւանապետ ընկեր Գէորգ Տաղլեանին, Գէորգ անունը կրող «Արարատ»ի ընթերցողներուն: Ոչ մէկը մտահան ընելու ճիգով, այսօր կը փափաքինք յիշատակել նաեւ պատմութեան մէջ երեւելի դեր ունեցած Գէորգները՝ հոգեւորականներէն մինչեւ գրողներ, ռազմական եւ մշակութային գործիչներ, ինչպիսիք՝ հայդուկապետ Գէորգ Չաուշ, ազգային վերածնունդի առաջնորդ՝ Գէորգ Աբովեան, բանաստեղծ, արձակագիր Գէորգ Էմին, գրող Գէորգ Կառվարենց (Արապաճեան), երգիչ Գէորգ Կակոսեան, երաժիշտ, մանկավարժ Գէորգ Գանտահարեան, եւ շա՜տ Գէորգներ, որոնց օրինակները մեզ ոգեշնչած ու հաւաքական միասնութիւն պարգեւած են ու տակաւին կը շարունակեն նուիրել։

Շնորհաւոր եւ բարեբեր Սուրբ Գէորգի տօն: Թող Սուրբ Զօրավարի բարեխօսութիւնը ամրապնդէ մեր հաւատքը հայ գիրին ու լեզուին եւ ներշնչէ նոր նուիրումի ոգի հանդէպ հայրենի պետութեան, սփիւռքահայոց միասնականութեան եւ հայ մամուլի յարատեւութեան։

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՕՐԴ. ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Մ.-ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Next Post

«ԻՆՉՈՒ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ, ՏՈԿԱԼ «ԻՆՉՊԷՍ»ԻՆ

Next Post
«ԻՆՉՈՒ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ, ՏՈԿԱԼ «ԻՆՉՊԷՍ»ԻՆ

«ԻՆՉՈՒ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ, ՏՈԿԱԼ «ԻՆՉՊԷՍ»ԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.