Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԽՆԱՄԱԿԱԼԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՈՐԴԻՆ՝ ԸՆԿԵՐ ՅԱԿՈԲ ԱՊԷՃԵԱՆԸ

September 30, 2025
in Այլազան
0
ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԽՆԱՄԱԿԱԼԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՈՐԴԻՆ՝ ԸՆԿԵՐ ՅԱԿՈԲ ԱՊԷՃԵԱՆԸ

 

Յուզումով եւ խոր ցաւով կը յայտնենք մեր սիրելի յարգելի բարեկամ, նախկին հալէպահայ ընկեր Յակոբ Ապէճեանի մահը։ Աֆրինի ծնունդ, բայց Հալէպի մէջ երկար տարիներ սիրուած ու պատւուած, ան Ս.Դ.Հ.Կ.-ի նուիրեալ խնամակալներէն էր, որ միշտ օգտակար ու պատրաստակամ էր բոլորին։ Արհեստաւոր վարպետութեամբ ձեռք բերած համբաւին կողքին, ան իր սրտաբաց եւ հանդարտաբարոյ նկարագրով կը մնայ անմոռանալի։

Կիլիկեան վարժարանէն սնած, հետագային ան դարձաւ կրթարանին հոգաբարձութեան յանձնառու անդամ եւ երկար տարիներ իր զոհողութեամբ ծառայեց ազգային դպրոցի կենսունակութեան։

2011-էն ի վեր ընտանեօք հայրենադարձ, Հայաստանի մէջ ալ շարունակեց ապրիլ իր նուիրումին ու աշխատասիրութեան ոգիով։ Վերջին ամիսներուն իր շուրջ կը գտնուէին տիկինը՝ Մելինէն, իր բոլոր զաւակները, փեսաներն ու թոռները, որոնք սփոփանք դարձան իր կեանքի աւարտի այդ ծանր պահուն։

«Արարատ» խորապէս կը վշտակցի ողբացեալի այրիին, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն, 78-ամեայ ընկերոջ յաւիտենական ճանապարհորդութեան առիթով: Մեր յիշողութեան մէջ Յակոբ Ապէճեանը պիտի մնայ որպէս բարեգործ, ազնուասիրտ հայորդի եւ ծառայութեան վառ օրինակ։ Թող անջինջ մնայ ընկեր Յակոբ Ապէճեանի լուսաւոր յիշատակը։

 

Share75Tweet47
Previous Post

«ԻՆՉՈՒ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ, ՏՈԿԱԼ «ԻՆՉՊԷՍ»ԻՆ

Next Post

«ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ ԽՕՍՈՅԹ Է, ԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՍՈՐ-ԱՆՈՐ ՊԱՀԱՆՋԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԸ ՉԻ ԿԱՏԱՐԵՐ» Կ’ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Next Post
«ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ ԽՕՍՈՅԹ Է, ԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՍՈՐ-ԱՆՈՐ ՊԱՀԱՆՋԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԸ ՉԻ ԿԱՏԱՐԵՐ»  Կ’ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

«ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ ԽՕՍՈՅԹ Է, ԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՍՈՐ-ԱՆՈՐ ՊԱՀԱՆՋԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԸ ՉԻ ԿԱՏԱՐԵՐ» Կ'ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.