Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՕՐԴ. ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Մ.-ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

September 30, 2025
in Գաղութային
0
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔԷՆ  ՕՐԴ. ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Մ.-ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 27 Սեպտեմբերին, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական խումբը եւ «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութիւնը իրենց ակումբի սրահին մէջ հիւրընկալեցին հայրենիքէն Լիբանան ժամանած՝ «Արարատ» օրաթերթի երկարամեայ սրբագրիչ, խմբագիր եւ էջադրող՝ Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանը։ Հանդիպումը առիթ դարձաւ ոչ միայն իր փորձառութենէն օգտուելու, այլեւ Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու շուրջ անմիջական զրոյցի։

Ներկաներուն շարքին էին նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի մամլոյ դիւանապետ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը, երիտասարդական դիւանի պատասխանատու ընկեր Վաչէ Փոլատեանը եւ ընկեր Լութֆիկ Կօտալազեանը։

Հանդիպումը բացաւ «Տխրունի»-ի ատենապետ ընկեր Սեւակ Իզմիրլեան իր բարի գալուստի խօսքով։ Այնուհետեւ, «Արարատ»-ի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական խումբը՝ իր 91-րդ վերամուտին առիթով։ Իր խօսքին մէջ ընկ. Ճէրէճեան յատուկ շեշտեց օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանի մասնաւոր արժանիքները՝ երիտասարդական աւիւն, աշխատասիրութիւն, պատասխանատուութեան խոր զգացում եւ խմբային աշխատանքի հանդէպ սէր։

Օրդ. Տէօքմէճեան ծնած է Պէյրութի մէջ, հայ գիրին, դպրոցին եւ մամուլին նուիրուած՝ տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Պերթա Տէօքմէճեաններու անդրանիկ դուստրը։ Վահան Թեքէեան եւ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարաններուն շրջանաւարտ է, ապա անգլերէնի եւ անգլերէն գրականութեան Պսակաւոր արուեստից աստիճան ստացած՝ Լիբանանի պետական համալսարանէն։ Հայագիտական ուսումը շարունակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եռամեայ դասընթացքներուն մէջ։

Ան երկար տարիներէ ի վեր կը գործակցի հայկական մամուլին՝ «Զարթօնք», «Արարատ» եւ «Մասիս» թերթերուն։ 2023-էն ի վեր ան «Գեղարդ» կայքի հրատարակիչն է, ուր կը հրապարակուին նաեւ իր բազմաբովանդակ յօդուածները։ Տիրապետելով արեւմտահայերէնի, արեւելահայերէնի, անգլերէնի ու արաբերէնի՝ ան կը հանդիսանայ սփիւռքեան ու հայրենական միջավայրերու յարաբերող օղակ։ Ազնուափայլ դասախօսուհին ուղիղ հինգ տարի առաջ հայրենադարձած է ընտանեօք:
Իր ելոյթին մէջ օրդ. Տէօքմէճեան անդրադարձաւ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան, յատկապէս պատանիներու հարցումներուն արձագանգելով։ Խօսուեցաւ Հայաստանի մէջ կրթական համակարգին մասին, հայրենաբնակ մեր հայրենակիցներուն մօտ օտար բառերու յաճախակի գործածութեան, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին: Հետաքրքրական էր տեսնել, որ Հ.Մ.Մ.-ական ու տխրունիական երիտասարդները արդէն իսկ մտահոգ էին հայրենի իրականութեամբ ու հայրենիքի բարօրութեամբ, մերժելով տեղի տալ մեր հայրենի սահմաններուն սպառնացող վտանգներուն: Ներկայ երիտասարդներուն տուած հարցումներն ալ յստակ կը վկայէին անոնց գիտակից հետաքրքրութեան մասին։

Տէօքմէճեան իր պարզաբանիչ ու փաստարկուած պատասխաններով բացայայտեց թիւր ըմբռնումներու եւ սխալ տեղեկատուութեան հետեւանքով ստեղծուած մթնոլորտները եւ փորձեց աւելի պարզ ներկայացնել Հայաս­տանէն ներս տիրող այժմու իրավիճակը։ Չնայած ժամանակի սահմանափակումին, ան յաջողեցաւ պատանիներուն ուղեցոյց տալ հաւասարակշռուած ու ճշգրիտ գնահատումներու դաշտին մէջ։
Հանդիպումը աւարտեցաւ ընկ. Գէորգ Տաղլեանի հակիրճ խօսքով, որով շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտա­կան խորհուրդին, Տ.Ո.Ե.Մ.-ին եւ «Արարատ»ի տնօրէնութեան՝ նման հանդիպման կազմակերման համար: Յուշանկարէն ետք, ներկա­ները սրահէն հեռացան՝ իրենց մտքին մէջ աւելի պարզ եւ խոր պատկեր ստացած հայրենի ու սփիւռքեան հարցերու մասին։ Անշուշտ «մեղաւորը» օրուան հիւրն էր, որ Հ.Մ.Մ.-ակա­ններուն վրայ ձգեց ներշնչիչ ու արդիւնաւէտ տպաւորութիւն մը։

 

 

Share68Tweet43
Previous Post

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆԻ ԱՆՄՈՌԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով

Next Post

ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԳԷՈՐԳՆԵՐԸ

Next Post
ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԳԷՈՐԳՆԵՐԸ

ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԳԷՈՐԳՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.