Չորս տարեկան էիր, երբ ստիպուած հեռացար ծնողքիդ հետ քու շատ սիրած ծննդավայրէն՝ Տէօրթ-Եօլէն (Չորք Մարզպան): Դժուար տարիներ էին: Հեշտ չեղաւ քու մանկութիւնդ: Ծանր էր ծնողքիդ բեռը: Հինգ զաւակ. երկու քոյր ու երկու եղբայր ունէիր: Դուն անոնց կրտսերն էիր: Անցան տարիներ, երբ արդէն դուն սկսար հոգալ ընտանիքիդ առօրեայ հոգերը:
Օր մըն ալ, պայմաններու բերումով, ստիպուած եղար լքել քու երկրորդ հայրենիքդ՝ Լիբանանը եւ բռնեցիր օտարութեան ճամբան: Ասիկա սկիզբն էր արտասահման աշխատելու քու որոշումին, որ միակ կարելին էր այդ օրերուն, ու շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին:
Վերադարձար Պէյրութ եւ կազմեցինք մեր հայկական սիրասուն ընտանիքը. բախտաւորուեցանք երեք աննման զաւակներով՝ երկու մանչ եւ մէկ դուստր:
Կեանքը սովորական էր սկիզբը: Յետոյ բարդացաւ եւ դուն յաճախակի առիթներով սկսար գործով ճամբորդել արաբական, ափրիկեան եւ ամերիկեան երկիրներ՝ մեր ընտանիքին բարօրութիւնը ապահովելու համար: Լիբանանի միջկուսակցական ներքին թշնամութիւնները, մանաւանդ 1975-էն ետք, մեզի բաժին ինկած դժուարութիւնները արդարացուցին քու արտագնայ աշխատանքը: Այսպիսով զրկուեցար զաւակներուդ հետ ամէնօրեայ շփուելէն ու ականատես չեղար անոնց օրէ-օր մեծնալուն ու աճելուն: Ծնողական գերագոյն ինքնազոհողութիւն:
Ի՞նչ բառերով կարելի է քեզ բնութագրել: Հայրենասէ՞ր՝ այո. մարդասէր, ընտանասէր, եկեղեցասէր, ընթերցասէր, գրասէր ու վերջապէս գրող ու հրապարակագիր Արամ Սեփեթճեան:
Ահա արդէն հինգ տարի անցած է քու մեկնումէդ: Մենք կ’ապրինք ու կը գոյատեւենք, բայց ինչպէ՜ս…: Պէյրութի նաւահանգիստի սարսափելի պայթումէն ետք կեանքը կը շարունակուի, բայց ինչպէ՜ս…:
Ատկէ երկու ամիս ետք՝ 2020 Հոկտեմբեր 5-ին, դուն հեռացար այս դաժան աշխարհէն, բաժնուելով հարազատներէդ ու բոլոր քեզ սիրողներէն: Մենք շարունակեցինք ապրիլ, բայց ինչպէ՜ս…:
Այս անցած հինգ տարիներուն ընթացքին չտեսնուած նուաճումներ արձանագրեց գիտութիւնը: Երանի՜ չըլլար այդ: Արդի՞ւնքը. բազում-բազում մարդկային զոհեր ու քանդումներ-քանդումներ-քանդումներ:
Մարդկութիւնը իր սեփական ձեռքերով ու մտային թռիչքով սպաննեց մեր երազները, մեր հաւատքն ու հաւատամքը: Անխիղճ աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք: Կա՜ն յոյսի աննշան նշոյլներ, որոնք յաճախ ամչնալով իրենց գլուխը կը ցցեն ու նոր արեւագալի մը յոյսը կը ներշնչեն մեզի: Ահա թէ ինչո՛ւ դեռ կ’ապրինք. բայց ինչպէ՜ս…: Ինչ լաւ, որ չտեսար այս բոլորը: Մաքուր ու մարդասէր հոգիդ պիտի ալեկոծուէր ու Աստուած գիտէ սահուն գրիչէդ ինչ պիտի ծորէր ի տես այս բոլորին: Կեանքը կը շարունակուի. բայց ինչպէ՜ս…:
Ո՞ր հայը չէր տենչար իր վերջին հանգրուանը գտնել հայրենի հողին փարուելով: Սակայն, քեզմէ աւելի բախտաւոր եղան սեփական հեղինակած հատորներդ եւ քու անձնական գրադարանէն ընտրեալ մատեանները, որոնք փոքր անկիւն մը պիտի գրաւեն հայրենիքի մէջ: Ասիկա տարիներ առաջ մշակած քու նախաձեռնութեան իրականացումն էր շնորհիւ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի, որ տնօրէնն է ՀՊՄՀ-ի (Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի) «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի: Այս գրադարանի հաստատման մէջ իրենց ներդրումը ունին նաեւ քու զաւակներդ, բայց մանաւանդ տոքթ. եւ տիկ. Շահէ եւ Հուրի Փարթամեանները, որոնք կամուրջ հանդիսացան Պէյրութ-Երեւան երթուղիին, յաճախ խորհրդակցելով փրոֆ. Ս. Դանիէլեանի եւ անոր ժրաջան աշխատակազմին հետ: Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք կը ստեղծագործեն, անոնց, որոնք գիտեն եղածը գնահատել եւ արժանին տալ արժանաւորին: Քի՛չ է ըսել շնորհակալութիւն:
Դուն չկաս հիմա: Կան քու սիրասուն ու փայփայած գիրքերդ: Կայ քու գրադարանդ, քու ոգին ու հոգին հիմա մեզի հետ են: Այսպէս է կարգն աշխարհի: Բոլորս գնայուն ենք: Երանի անոնց, որոնք հետք մը, յիշատակ մը կը թողուն իրենց ետին: Դուն անոնցմէ մէկն ես…: Այս կեանքը կը շարունակուի. բայց ինչպէ՜ս…:
Սեպտեմբեր 2025

