Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, Հ.Մ.Մ.-ի Պէյրութի սկաուտական խումբը կարեւոր այցելութիւն մը կատարեց Պէյրութի Հրշէջներու բաժանմունք։ Այս նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակը միայն ծանօթացում չէր, վերածուեցաւ դաստիարակչական ու գաղափարական փորձառութեան, ամրապնդելով սկաուտներուն մէջ հասարակական պատասխանատուութեան, գործակցութեան եւ ծառայասիրութեան ոգին։

Այցելութեան ընթացքին, հրշէջներու նուիրեալ անդամները ներկայացուցին մանրամասն բացատրութիւններ՝ հրդեհներու կանխարգիլման, վտանգի պահուն գործելու եւ արագ արձագանգելու գործնական միջոցներուն մասին։ Անոնք ներշնչեցին պատանիները՝ խօսելով իրենց առօրեայ ծառայութեան պահանջներուն, զոհողութեան եւ համարձակութեան մասին։
Սկաուտները փորձնական վարժանքի մը ընթացքին մասնակցեցան հրդեհը մարելու աշխատանքին։ Այս առիթով անոնք գործնական կերպով զգացին, թէ որքան կարեւոր են պատրաստուածութիւնը, համախմբուածութիւնը եւ արիութիւնը։

Այցելութիւնը լաւագոյնս արտացոլեց Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական դաստիարակչական առաքելութիւնը։ Սկաուտական դաստիարակութիւնը կը նպատակադրէ պատրաստել նոր սերունդներ, որոնք հզօր բնաւորութեամբ ու գիտակցութեամբ պիտի ծառայեն հաւաքականութեան, ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Նման ձեռնարկներ կը հաստատեն սկաուտական հիմնական՝ «Միշտ պատրաստ» սկզբունքը։
Մեկնումէն առաջ, Հ.Մ.Մ.-եան յուշանուէրով մը, սկաուտական խումբը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Պէյրութի հրշէջներուն, որոնք իրենց ժամանակն ու փորձառութիւնը մեծ հաճոյքով բաժնեցին։ Այս այցելութիւնը դարձաւ ոչ միայն ուսուցանող, այլ նաեւ ոգեշնչող փորձառութիւն մը, որ կը նպաստէ նոր սերունդներու դաստիարակութեան եւ ծառայասիրութեան ոգիի ամրապնդման։

