Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը 27 Սեպտեմբերին յայտարարեց, թէ Հանքաշ-Պուրճ Համմուտ շրջանին մէջ յայտնաբերած է 120 միլլիմեթրանոց երեք հրթիռ, որոնցմէ մէկը ունէր եբրայերէն գրութիւն: Ըստ յայտարարութեան, հրթիռները պատրաստ չէին գործածութեան: Անոնք յանձնուած են բանակի համապատասխան մարմիններուն:

