Սկզբունքով 2026-ի Մայիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան թղթածրարը եւ Ռաուշէի մէջ Հըզպալլայի աղմուկ բարձրացուցած հաւաքը անցնող օրերուն իրենց վրայ պահեցին տեղական լուսարձակները: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Աուն անընդունելի համարեց բանակին թիրախաւորումը, շեշտելով որ ապահովութեան ուժերը կ’աշխատին ներքին կայունութիւնը պահպանելու, ուստի անոնք կը համարուին կարմիր գիծ: Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար դիտել տուաւ, որ ապահովութեան ուժերը չէին կրցած գործադրել վարչապետին յուշագիրը եւ արգիլել նկարներուն ցուցադրութիւնը այդ վայրին մէջ հաւաքուած բազմութեան պատճառով:

