Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ… (2)  

Լ. Շ. 

September 27, 2025
in Յօդուածներ
0
ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ… (2)  

Ըսած եղանք արդէն, որ եգիպտահայ առօրեայ մամուլին ամէնէն գնահատելի գիծը իր յարատեւութիւնն է: Հակառակ գաղութին տարապայման նօսրացումին՝ Գահիրէի հայ թերթերը կը մերժեն փակել իրենց դռները ու կը շարունակեն մնալ  «պատնէշի վրայ», ինչպէս սովոր ենք ըսել:
Պատկառելի տարիք ու անցեալ ունին այդ թերթերը.
—  «Յուսաբեր» օրաթերթը լոյս կը տեսնէ 1913-էն իվեր, այսինքն՝ 112 տարեկան է ան այսօր: Կը պատկանի Յուսաբեր մշակութային ընկերակցութեան (Հ.Յ.Դ.-ի շրջանակ): Բայց վերջին տարիներուն ան գրեթէ դադրեցուցեր է իր տպագիր դասական հրատարակութիւնը ու վերածուեր է համացանցային թերթի (սահմանափակ օրինակներ կը տպուին՝ թղթային տարբերակը փափաքող ընթերցողներու համար): Բաժանորդները շաբաթը 5 օր թերթը կը ստանան իրենց Ել-նամակի տուփին մէջ ու զայն կը կարդան համացանցով: 4 էջ է, շաբաթական միակ թիւ մըն ալ՝ 8 էջ: Խմբագիր՝ Զաւէն Լիյլոզեան:


—  «Արեւ» լրագիրը կը հրատարակուի 1915-էն իվեր: Գրեթէ տարեկից է «Յուսաբեր»-ին: Տասնամեակներ շարունակ իբրեւ օրաթերթ գոյատեւելէ ետք՝ անիկա ստիպողաբար կրճատեր է իր պարբերականութիւնը ու ներկայիս լոյս կ՛ընծայուի իբրեւ շաբաթաթերթ (2016-էն իվեր): 8 էջ է: Թերթը կը պատկանի Հայ ազգային հիմնադրամին (ՌԱԿ-ի շրջանակ): Խմբագրուհին Սեւան Սեմերճեանն է, Հալէպէն Գահիրէ հաստատուած:


—  «Ջահակիր»   շաբաթաթերթի հիմնադրութեան թուականը 1948-ն է: 1989 տարւոյ կէսերէն իվեր վերածուած է երկշաբաթաթերթի եւ ամէն ամիս լոյսին կը բերէ երկու թիւ (4 էջանի): Կը պատկանի Հայկական Ընթերցասրահ ակումբին (Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շրջանակ): Թերթին խմբագիր-տնօրէնն է Մարտիրոս Պալայեան, իսկ խմբագրութեան խորհրդատուն՝ Հայկ Աւագեան:
Արդ, եթէ խապրիկներ պիտի փնտռենք Եգիպտոսէն, բնականաբար պիտի դիմենք վերոյիշեալ թերթերուն: Անոնք, սկզբունքով,– եւ որպէս բնական առաքելութիւն,– պարտին արձագանգել իրենց հարազատ գաղութին անցուդարձերուն եւ դառնալ անոր հայելին:
Բայց յաճախ այդպէս չէ:
Զորօրինակ,  «Յուսաբեր» բնաւ չի զգացներ, թէ եգիպտահայ թերթ մըն է…: Վերջին տարիներուն, թերթին խմբագիրը կայք հաստատած ըլլալով Երեւան՝ իր խնամքին յանձնուած լրագիրը կամայ-ակամայ վերածած է… հայաստանեան թերթի մը: Եւ այս՝ թէ՛ պարունակութեամբ, թէ՛ լեզուով, թէ՛ ընդհանուր շահագրգռութիւններով եւ թէ՛ ճաշակով:  «Յուսաբեր», իր այժմու դիմագիծով ու բովանդակութեամբ, դժբախտաբար չի ցոլացներ եգիպտահայութեան առօրեան: Անիկա մերկացեր է նաեւ արեւմտահայ (սփիւռքահայ) դասական մամուլի իր երբեմնի շունչէն ու տարազէն…: Ափսո՛ս:
«Ջահակիր»-ը  իր տասնհինգօրեայ երեւումով նկուն դիրք մը ունի արդէն: Այնուամենայնիւ, այնքան՝ որքան կրնայ, ան պարբերաբար կը զգացնէ իր եգիպտահայու դիմագծութիւնը:
«Արեւ», թերեւս, քիչ մը աւելի բախտաւոր է այս գետնի վրայ: Երբեմն-երբեմն, հոնկէ խապրիկներ կը հասնին մեզի եգիպտահայոց մասին:
Վերջերս, մի առ մի աչքէ անցուցի «Արեւ»-ի 2025-ի Մայիսէն Սեպտեմբեր երկարող շուրջ հինգ ամիսներու բոլոր թիւերը՝ խապրիկներ որսալու համար եգիպտահայ գաղութէն:
Ի՞նչ գտայ հոն,– քի՛չ բան: Քաղուածքս կը բաժնեմ ընթերցողներուս հետ.
— Մայիս 12-ին Հելիոպոլսոյ Պլըքտանեան սրահին մէջ դասախօսութիւն մը տուեր է Պէյրութէն հրաւիրուած դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան,              «Կրթութիւնը եւ ինքնութեան կազմաւորումը սփիւռքեան պարունակէն ներս» խորագրով: Ձեռնարկը կազմակերպուեր է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին ու Գահիրէի ազգ. առաջնորդարանին գործակցութեամբ (թղթակցութիւն չկայ, այլ միայն ծանուցում):
— Հայկական Ընթերցասրահի նախաձեռնութեամբ՝ մենահամերգով հանդէս եկած է գանատահայ դասական երգչուհի Ալին Գութան, Յունիս 15-ին (Պլըքտանեան սրահ): Յայտագիրը ընդգրկեր է կտորներ Կոմիտասէն, Կանաչեանէն, Ալեմշահէն, Դոլուխանեանէն եւ օտար երգահաններէ: «Արեւ» տուած է լոկ ծանուցումը, իսկ համերգին մասին ընդարձակ թղթակցութիւն մը ունի  «Ջահակիր»-ը, 26 Յունիսի իր թիւով:
— Յուլիս 11-13 կայացեր է եգիպտահայ մարզական ակումբներու պասքէթպոլի տարեկան մրցաշարքը: Յաղթական հռչակուեր է Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-Նուպարի տղոց խումբը:
— Սեպտեմբեր 11-ին ու 15-ին կայացեր է Կոկանեան սրահի կազմակերպած փինկ-փոնկի մրցաշարքը:
Յաւելեալ խապրիկներ փնտռելու դիտումով՝ պրպտեցի նաեւ  «Յուսաբեր ակումբ»-ի ու Գահիրէի ազգ. առաջնորդարանի դիմատետրային կայքէջերը: Հոն գտայ հետեւեալ լուրերը.
—  «Յուսաբեր ակումբ»-ը իր համակիրներուն համար ամառնային պտոյտ մը կազմակերպեր է դէպի Իսմայիլիէ քաղաքը, Սուէզի ջրանցքին մերձ: Մասնակիցները այցելեր են Ֆերտինանտ տը Լասեփսի թանգարանը ու տեղւոյն պատմական եկեղեցին:
—  «Յուսաբեր ակումբ»-ի  «Գարագաշեան» սրահին մէջ, Յունիս 29-ին, հանդիպում-զրոյց մը կայացեր է Թովմաս Կորկիսեանի հետ, արաբերէնով հրատարակուած իր նորատիպ մէկ գիրքին ծանօթացման նպատակով: Գիրքը կը կոչուի եղեր  «انها مشربية حياتي»:
— Հնչակեան քսան կախաղաններու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեր է Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. Պատարագի, Կիրակի, Յունիս 29-ին:
— Եգիպտահայոց թեմը գուժեր է մահը Մարիամ Մխիթարեան-Պասմաճեանի, որ նախկին երկարամեայ դաստիարակ-ուսուցչուհի մըն է եղեր: Ողբացեալին համար կատարուեր է ազգային յուղարկաւորութիւն‎, Յուլիս 23-ին:
— Գահիրէի Մար Մինայի (Ս. Մինաս) հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ, Օգոստոս 3-ին, Մեռելոցի առթիւ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեր է բարերարներու եւ նուիրատուներու հոգւոյն (եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան միացեալ հոգաբարձութիւնը իր ծանուցագրին մէջ մի առ մի յիշած է ողբացեալ բարերարներուն անունները): Բայց ես մտածեցի.– Միեւնոյն գերեզմանատան մէջ թաղուած են նաեւ Թէքէեան, Օտեան, դերասանուհի Սիրանոյշ, Արփիարեան եւ այլ մեծանուն դէմքեր, մշակոյթի տասնեակ սպասարկուներ: Գէթ տարին անգամ մը անոնց հոգիներուն համար ալ հաւաքական հոգեհանգիստ կը կատարուի՞ արդեօք…:
Նեղոսի ափերէն հասած խապրիկները ասո՛նք են:
Կը խորհիմ որ եգիպտահայ մամուլը կը կարօտի վերանորոգութեան եւ յստակ ուղեցոյցի: Թերթերը առաքելութիւն մը ունին, որուն մայր առաջադրանքը ներքին գաղութային լուրերու հետեւողական եւ ամբողջական ներկայացումն է: Թէ՛ պատմութեան համար որպէս արձանագրութիւն, թէ՛ գոհացնելու համար մօտ ու հեռու ընթերցողները, որոնք ամէն առթիւ խապրիկներ կը փնտռեն հայ մամուլի էջերէն…:

Share64Tweet40
Previous Post

ԴԱԺԱՆ ԿՌՒՈՒՄ ԴՈՒՔ ԸՆԿԱՔ 

Next Post

ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է»

Next Post
ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է»

ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.