Ահա հինգերորդ տարին է, որ խունկ պիտի ծխենք այն բոլոր հերոսներու յիշատակին, որոնք արցախեան դաժանագոյն պատերազմին ինկան՝ լուսաւոր երազներով առլի, զէն ի ձեռին, քաջաբար եւ անվհատօրէն:
Ահա հինգերորդ անգամ մեր սիրտերը պիտի ճմլուին, երբ վերյիշենք տարողութիւնը այն մեծ կորուստին, որ մեզ պատուհասեց 2020-ի արցախեան անագորոյն պատերազմը՝ իր ողջ ահագնութեամբ:
Կարելի չէ չփղձկալ ի տես այն ցաւատանջ անկումին, որ սկսաւ հինգ տարի առաջ, երբ ռազմաքաղաքական, բարոյահոգեբանական, գոյութենական ահաւոր գահավէժ մը կլանեց մեր ժողովուրդին բոլոր հատուածները անխտիր. յատկա՛պէս հայրենական ճակատին:
2020 Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան Ստեփանակերտէն հնչած եւ բովանդակ Արցախի մէջ տարածուած ահազանգերը չարագուշակ այգաբացի մը արձագանգներն էին, որ մղձաւանջային օրեր կը գուժէին մեր նորագոյն պատմութեան համար: Մռայլ ու կապարագոյն էր երկինքը հայոց: Մայրեր ու այրիներ կը պատրաստէին իրենց սգահանդերձները, որբեր մնալու էին անտէր, նահատակներու գերեզմանափոսերը անյագուրդ էին, իսկ Եռաբլուրը կը պատրաստուէր նոր հերոսներ գրկելու խորհրդաւոր եւ անգութ արարողութեան:
Ծանր առաւօտ մըն էր մեր պատմութեան համար, անտարակոյս:
Պէտք է խոստովանիլ, որ Արցախի յաղթանակը 1994-ին, քիչ մը յղփացուցած էր շատերը: Կարծեցին որ յաղթանակի պանծալի դափնեպսակը յաւերժ է. նահատակներու արիւնը զգաստութեան, կազմակերպուածութեան մղելու փոխան, շատերու համար դարձաւ յոխորտանքի միջոց: Գինովցած էին մարդիկ եւ այդ բերկրաթմբիրը տեւեց երկար, վարակեց գրեթէ բոլորը: Անտարբերութեան եւ անփութութեան ինքնագոհ տրամադրութիւնը թուլցուց հաւաքական կամքն ու սպառնալիքի կանխազգացումը: Երանելիութեան օրօրը թուեցաւ ըլլալ մնայուն եւ հաճելի վիճակ՝ մոռնալով որ քինախնդիր ոսոխը անաղմուկ կերպով, յարատեւ քայլերով, նպատակամղուած ջանադրութեամբ կը սպասէր յարմարագոյն պահուն՝ իր ժանիքները ի ցոյց դնելու: Եւ եղաւ այդպէս՝ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին՝ աշնանային Կիրակի օր մը: Բարեհամբոյր զեփիւռը դարձաւ մահաբեր փոթորիկ, դեղնաւուն սաղարթը՝ արնագոյն շիթեր, գետնաթափ տերեւներու խարշափը՝ հրթիռներու ահեղ բոմբիւն:
Իրօք, զարհուրելիօրէն սեւ ժապաւէնով երիզուեցաւ այդ տխրայուշ թուականը, որովհետեւ ան սկիզբն էր երկանց, որ իր լրումին պիտի հասնէր 19 Սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի հայաթափումով, Արցախի հանրապետութեան լուծարումով եւ ապա՝ ցարդ շարունակուող հայկական պատմական յուշարձաններու քանդումով, հայկական հնադարեայ հետքի հետզհետէ բարբարոսական վերացումով եւ մշակութային ցեղասպանութեամբ:
2020-ի Սեպտեմբերը թշնամին յարմարագոյն պահը համարեց 1994-ին իր ստացած մահացու հարուածին հակահարուածը տալու: Այո՛, համբերեց դիւանագիտօրէն, զինուեցաւ թաքնօրէն, հետամուտ եղաւ կատաղիօրէն: Այնուհետեւ, միջազգային եւ շրջանային ռազմաքաղաքական իրավիճակներու փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, թրքական զօրքին բացայայտ առաջնորդութեամբ, Սուրիայէն ղրկուած մարդասպան վարձկաններու նեցուկով, կրակի օղակներու տակ առաւ Արցախը: Պաքու արդէն չէր հաւատար արցախեան հարցին խաղաղ լուծման, արդէն մտադրած էր զէնքի ուժով լուծել երկարաձգուող թնճուկը եւ ի՞նչը պիտի խանգարէր իր ախորժակը զսպելու, եթէ ոչ՝ հայկական բանակն ու խրամատներու ետին կանգնած հայ զինուորը: Ուրեմն՝ վճիռը արիւնալի էր: Եւ այդ խելայեղ գուպարին հերոսաբար մարտնչեցան հայոց քաջարի արեւորդիները՝ որոնցմէ հազարներ ինկան այդ դաժան կռուին: «Դաժան կռւում դուք ընկաք, ջահել սիրուն տղաներ»…
Մինչ Արցախը բոցերու մէջ կը տուայտէր իր արժանապատիւ գոյութեան համար, անդին միջազգային հանրութեան լռութիւնը, կեղծ բարեկամներու անտարբերութիւնը եւ միջազգային քաղաքական կեդրոններու լպրծուն յայտարարութիւնները կը փաստէին, որ դիւային խարդաւանք մը հիւսուած է Արցախի ու հայութեան շուրջ: Ճակատագրին դէմ միայնակ էր հայութիւնը, իսկ զոհասեղանին՝ Արցախն էր դրուած: Այն Արցախը՝ որ տարիներ շարունակ ռազմական շքերթներով աչքի փուշը հանդիսացած էր Պաքուի: Այն Արցախը՝ որ կը բարեկարգուէր հետզհետէ, կ’ապրէր կայուն եւ շինարար կեանք, ժողովուրդը կ’արարէր ջանադրօրէն:
Պատերազմը սկսաւ: Ահազանգը զօրաշարժեց հայութիւնը: Յոյսեր կային որ թշնամին դարձեալ պիտի սանձէր իր երկարող դունչը: Սակայն, անհաւասար գօտեմարտը այս անգամ իր վախճանին չհասաւ մեզի համար ցանկալի արդիւնքին: Եղաւ անսպասելին: Խոստովանինք, որ արձանագրուեցաւ մեր պատմութեան մեծ ողբերգութիւններէն մին:
Այսօր, խոր կսկիծով է որ կը վերյիշենք այդ թուականը: Բայց կսկիծը իրաւունք չունի ընկճելու մեզ: Նահատակները պիտի վրդովէին, երբ իմանային որ սուգը դարձած է յաւերժ: Անյաջողութեան բարդոյթը չի կրնար յարատեւօրէն կրծել մեզ: Պէտք է հաւատալ եւ յուսալ, որ սեւ ամպերու ետին կան նշոյլներ մխիթարական: Խաւարը չի կրնար իր թաթը հաստատել՝ եթէ կան վաղուան հաւատացող սերունդներ:
Կարեւորը սակայն այդ պարտութենէն դասեր քաղելն է: Ողբալէ աւելի անհրաժեշտ է գիտնալ, հասկնալ եւ ըմբռնել թէ ինչո՞ւ եղաւ այսպէս. ինչպէ՞ս ապաքինել վէրքը, սրբագրել թերիները, դարմանել ցաւը եւ ապա՝ լիցքաւորել կամքն ու կորովը:
Ասո՛նք պիտի բաղձային այն մարտիկները, որոնք «դաժան կռւում ընկան» ասկէ հինգ տարի առաջ:
Խունկ ու աղօթք արցախեան ճակատներու վրայ ինկած ջահել ու սիրուն բոլոր հերոսներու յիշատակին:
Նիկոսիա

