Մարդկութիւնը դարեր շարունակ մէկ մեծ հարցի շուրջ կը դեգերի։ Այդ հարցը հարցո՞ւմ մըն է, թէ՞ հանելուկ․․․։ Եթէ հարցում է, պէտք է յստակ պատասխան մը ունենայ, իսկ եթէ հանելուկ մըն է, աւելի հնարամիտ եւ անսպասելի պատասխան մը։ Իւրաքանչիւրս կրնանք մեր ապրելակերպին եւ անձնական վերլուծումին հետ համընկած պատասխան մը տալ։ Սակայն ի՞նչ է հարցումը․․․կեանքի իմաստը ո՞ւր փնտռել։ Հարց մը, որ մեր միտքերուն մէջ ոլորապտոյտ եւ ընդմիշտ կը թափառի եւ անթիւ հորիզոններ կը բացայայտէ մեր դիմաց։
Ամերկացի գրող Մարք Թուէյն ըսած է, թէ կեանքի ամէնէն կարեւոր երկու օրերը այն օրերն են, երբ մարդ կը ծնի եւ երբ կը գիտնայ թէ ինչո՞ւ։ «Ինչո՞ւ կ’ապրիմ»-ը ժամանակի ընթացքին ստացած է բազմազան պատասխաններ։ Կրօնականները զայն մեկնաբանած են, որպէս աստուածային կամքի գործադրութիւն։ Փիլիսոփաները փորձած են բացատրել իբրեւ ազատութեան, երջանկութեան կամ առաքինութեան ուղի։ Իսկ արդի մարդը ընդհանրապէս զայն կը տեսնէ անձնական ինքնահաստատման դաշտին մէջ։
Կարգ մը մարդիկ խորապէս պեղած են այս հարցը, ուրիշներ մակերսային ակնարկով մը բաւարարուած են։ Կեանքի իմաստի փնտռտուքը թնճուկ մը չէ միայն, այլ անըմբռնելի իրողութիւն մը, որ շօշափելի պատասխան մը չի կրնար ունենալ։ Այնուհետեւ ոմանք մտածած են, թէ կեանքի իմաստը գործի յաջողութեան մէջ է, ուրիշներու համար՝ սիրոյ, ընտանիքի կամ ծառայութեան մէջ։
Կեանքը ինքնին զուրկ է իմաստէ․ իւրաքանչիւր անձ ինքն է, որ պիտի իմաստաւորէ զայն։ Կեանքի իմաստի փնտռտուքը կարելի է տեսնել ոչ թէ իբրեւ վերջնական հանգրուան, այլ յարատեւ ընթացք մը։ Ան մշտական ճիգն է բացայատելու, թէ ի՞նչպէս կարելի է գոյութիւնը դարձնել արժանահաւատ եւ լիարժէք։ Իմաստը կը ծնի այնտեղ, ուր մարդ իր արարքները կը համընկեցնէ իր ներքին ճշմարտութեան հետ։ Կը կարծուի, թէ մարդ պէտք է գտնէ պատրաստ պատասխան մը, բայց խորքին մէջ փնտռտուքը ինքնին իմաստն է։ Կեանքի բովանդակութիւնը կը կազմուի այն փորձառութիւններէն, երբ մենք կը դառնանք աւելի գիտակից, աւելի մարդասէր եւ աւելի մօտիկ մեր սեփական էութեան։
Քանի մը շաբաթ առաջ կը կարդայի աւստրիացի հոգեբան Վիքթոր Ֆրանքըլի «Մէնզ սըրչ ֆոր մինինկ» գիրքը, որ կեանքի իմաստը արժեւորելու այլ տարբերակ մըն է եւ որ շատ մը հարցադրումներու դուռ բացաւ միտքիս մէջ։ Հեղինակը երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին «կը նետուի» Նացի համակեդրոնացման ճամբարի «դժոխք»-ին մէջ։ Բանտին մէջ, մտորումներ կ’ունենայ կեանքի իմաստին մասին, թէ ի՞նչպէս անձ մը, անմարդկային պայմաններու մէջ, կրնայ մարդ մնալ։ Ան իր գիրքին մէջ կը շեշտէ, թէ մարդ եթէ «ինչու» մը ունի ապրելու համար, ապա ան կրնայ տոկալ «ինչպէս»-ին։ Տառապանքը ինքնին իմաստ մը չունի, մեր հակազդեցութիւնն է, որ իմաստ կու տայ անոր։ Ան փաստած է, թէ բանտարկեալները մեռած են ոչ թէ ճաշի պակասէն, այլ յոյսի եւ նպատակի չգոյութենէն։ Իր տեսութիւնը, որ «Լոկոթերափի» կը կոչուի, ցոյց կու տայ, թէ մարդու մը առողջութիւնը կապուած է կեանքի մէջ իմաստ մը ունենալուն հետ։ Ըստ Ֆրանքըլի՝ մարտահրաւէրները կրնան «յաղթանակ»-ի վերածուիլ, իսկ տառապանքը՝ իմաստի։
Կը քալես մթութեան մէջ․․․ դէպի ո՞ւր եւ ի՞նչու․․․ չես գիտեր։ Իմաստի փնտռտուքը էական դեր ունի մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ան կրնայ մեր կեանքը ձեւաւորող ուժեղ շարժիչը ըլլալ։ Ինքնաճանաչումը, ինքնակերտումը, մեր կապերը ուրիշներու հետ, մեր ներդրումը աշխարհին մէջ, կրնան ջահ մը դառնալ եւ լուսաւորել մեր ճամբան։ Ապրիլ կը նշանակէ աճիլ, սորվիլ եւ փոխել ինքզինքդ եւ աշխարհը։ Կեանքի իմաստը անընդհատ ստեղծուող է։ Ան կը կառուցուի մեր ընտրութիւններուն, մեր յարաբերութիւններուն եւ մեր ներքին լռութեան մէջ շունչ առնող ճշմարտութիւններուն ընդմէջէն։
Պարոյր Սեւակ իր «Անլռելի Զանգակատուն»-ին մէջ կ՛ըսէ, թէ կեանքի իմաստը կը գտնուի հոն, ուր մարդ կը դառնայ ձայն եւ լոյս ուրիշներուն համար։ Արիստոտէլի համաձայն՝ ուրախութիւնն է կեանքի իմաստն ու նպատակը։ Իսկ Այնըշթայնի կարծիքով՝ կեանքը կ’իմաստաւորուի, երբ մարդ կը նպաստէ ուրիշի մը կեանքին բարելաւման։
Որքա՜ն հիասքանչ պիտի ըլլար, եթէ մարդ կարենար այս երեք տիտաններուն միտքերը միաւորել։ Կեանքը պիտի վերածուէր լուսաշող ճանապարհի մը, որուն իմաստը պիտի ծաղկէր մեր քայլերուն մէջ․․․
Իսկ դուն, ի՞նչ կը մտածես, սիրելի ընթերցող։

