Անցնող օրերուն, Լիբանանի վարժարաններուն մեծամասնութիւնը վերաբացաւ դարպասները՝ պաշտօնապէս յայտարարելով 2025-2026 դպրոցական տարեշրջանին բացումը: Երէկ վերամուտ էր նաեւ ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճին մէջ: Իրենց ամառնային արձակուրդը առաւելագոյնս վայելած աշակերտները առաւօտեան կանուխ ժամերուն ժամանեցին դպրոց, ուր դիմաւորուեցան տնօրէն Կարօ Ղազարեանին եւ ուսուցչական կազմի անդամներուն կողմէ: Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տարեշրջանի առաջին հանդիպումը, ուր տնօրէնը աշակերտներուն փոխանցեց դպրոցական կարգն ու կանոնը ճշդող հիմնական օրէնքները, ուրախութիւն յայտնեց աշակերտութեան վերադարձով, բոլորին մաղթեց յաջողութիւն եւ քաջալերական խօսքերով աշակերտները հրաւիրեց իրենց դասարանները, որոնք ամրան եղանակին վերանորոգուած էին Միութեան հետեւողական ջանքերով: Վերամուտի առթիւ սահակեանցիներուն այցելեցին ՀԿԲՄ-ի վարչութեան անդամներ՝ Կիրակոս Տօնիկեան եւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ Լութֆիկ Կոտալազեան, որոնք խօսեցան վարժարանին մէջ իրագործուած բարեկարգումներուն մասին, շեշտելով որ Միութեան նպատակն է ուսումի եւ ընկերային աւելի լաւ միջավայր ստեղծել բոլորին համար: Յաջողութիւն մաղթելով աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին, անոնք հաւաստիացուցին, որ ՀԿԲՄ-ի վարչութիւնը հնարաւոր բոլոր միջոցներով թիկունք կը կանգնի գոլէճին՝ միշտ վառ պահելով անոր հարիւրամեայ ջահը:
Դաստիարակներուն վերահսկողութեամբ նոր աշակերտները ծանօթացան դպրոցական միջավայրին եւ իրենց դասընկերներուն, փոխանակեցին դասարանային յադարանքին եւ դպրոցական առաջին օրերուն վերաբերող գաղափարներ եւ տուն վերադառնալէ առաջ չմոռցան իրենց երազանքներն ու խոստումները արձանագրել շրջափակի պաստառին վրայ: Սահակեանի նոր տարեշրջանի առաջին օրը եզրափակուեցաւ խաղաղ, յաջող եւ ուրախ տարեշրջան մը վայելելու մաղթանքներով:

